Բուզանդ, Զաւենէ ետքը Շահակ Կորճեայ անունով գլուխ եպիսկոպոսաց մը կը յիշէ, որ ամս երկուս պաշտօն կը վարէ եւ կը վախճանի (ԲԶՆ. 272)։ Խորենացի այսպիսի անուն մը չի ճանչնար, եւ բոլոր գաւազանագիրներէն միայն Միխայիլ Ասորին է, որ Բուզանդին կը հետեւի, ինքն ալ իր կողմէն Կորճեայ Շահակը եղբայր Զաւէնի ընելով (ՔԱՀ. 34)։ Մեր կարծեօք հնար չէ մէկ Բուզանդի խօսքով, եւ այն ալ իր գործին յարակցեալ հինգերորդ դպրութեան կցկտուր եւ անյարիր յիշատակներով՝ նոր կաթողիկոս մը ստեղծել, զոր չեն ճանչցած բոլոր գաւազանագիրք յօրինողներ, որք հայրապետանոցի յիշատակներն եւ աւանդութիւններն ալ իրենց ձեռքին տակ ունէին։ Ասկէ զատ պէտք է դիտել, թէ ո՞վ է այդ Շահակ Կորճեայ ըսուածը, այսինքն` Կորճէից կամ Կորդուաց նահանգէն անծանօթ մէկ մը, որ կարենայ իբր կաթողիկոս ընդունուիլ, երբոր ազգը հազիւ թէ Աղբիանոսի տունէն եղեղները կը զիջանի բացառաբար իբր կաթողիկոս ընդունիլ։ Միխայիլ Ասորիին տուած վկայութիւնն ալ չի բաւեր, այդ անյարմարութիւնը դարմանելու համար, զայն իբր Զաւէնի եղբայր ընդունիլ տալու։ Նկատելի է եւս, որ այդ անտեղի կարգադրութիւնը եղած պիտի ըլլայ Մանուէլ Մամիկոնեանի իշխանութեան ատեն, որ խստիւ աւանդապահն էր նախնական սովորութեանց, եւ երկիրն ալ շփոթութիւններէ ազատ էր։ Ուստի ինչպէս ուսումնասիրութեանց հետեւողներուն շատերը, մենք ալ մեր ցուցակին մէջ չենք կրնար ընդունիլ Շահակ Կորճեայ անունով մէկ մը մեր կաթողիկոսաց շարքին։ Բայց ուզելով որեւէ մեկնութիւն մը տալ Բուզանդի գրածին, եւ թիւրիմացութեան վերագրել անոր խօսքը, կրնանք ենթադրել, թէ Յանկոյս-Տիգրիսեան հինգ նահանգներու մէջ, որք Պարսից թողուեցան (§ 134), եւ որ սովորաբար Կորդուաց կամ Կորճէից երկիր կոչուեցան, որեւէ տեղացի Շահակ մը, Հայոց կաթողիկոսէն անկախաբար, իբր գլուխ եպիսկոպոսաց դիրք կազմել ուզած ըլլայ։ Բայց ինչպէս ըսինք, այս մեր պարզ ենթադրութիւնն է, զոր մի պատմական նշանով կամ յիշատակով չենք կրնար հաստատել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք