ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿԵԱՆՔԸ (82)

Արիստակէսի անցեալը փոքրիշատէ արդէն ակնարկուած ըլլալով, ընդարձակելու պէտք չունինք։ Գրիգորի եւ Մարիամի երկրորդ զաւակը, ծնաւ 264–ին մերձաւորապէս, եւ հօրը մեկնելէն ետքը մօրը հետ անցուց մանկութիւնը իր ծննդավայրը եղող Կեսարիայի մէջ։ Դեռ նորահաս երիտասարդ, հոգեւորական կեանքի հետեւեցաւ, եւ Նիկոմաքոս անուն ճգնաւորին քով աշակերտեցաւ (Զեն. 22), եւ տակաւ յառաջանալով ինքն ալ զոմանս յինքն յարեցուցեալ եւ աշակերտեալ ճգնաւորական խումբ մը գլուխ դարձաւ (ԱԳԹ. 450), եւ լեռնակեաց, բանջարաճաշակ, արգելական, խարազնազգեստ եւ գետնատարած կեանք մը կը վարէր (ԱԳԹ. 450)։ Եւ այնչափ սիրահարուած էր այդ կեանքին, որ Տրդատի պատուիրակները դժուարութիւն կրեցին զինքն իր մենաւորաստանի կեանքէն հեռացնել, մինչեւ որ քրտիստոնեայք առ հասարակ զինքն ստիպեցին պնդելով, թէ լաւ է քեզ գործ մշակութեան Աստուծոյ, քան զայդ մենաւորութիւն բնակութեան յանապատի այդր (ԱԳԹ. 452)։ Բայց անգամ մը որ Արիստակէս Հայաստան եկաւ, եւ երբ հօրը օգնական եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առաւ, ալ անկէ ետքը ինքզինքը ամենյայն եռանդով հովուական աշխատութեանց տուաւ, որով Գրիգոր կրցաւ հանդարտ սրտով միայնութեան հետեւիլ, վստահ ըլլաւով որ առաքելական եւ հայրապետական աշխատութիւնը արթուն եւ կարող ձեռքի մէջ կը գտնուի։ Սակայն իր անձնական կենցաղին մէջ նա չմերկացաւ ճգնաւորական կերպարանը եւ խստակրօն կեանքը, եւ անփոփոխ պահեց իր հնօրեայ սովորութիւնները։ Նիկիոյ ժողովին երթալու ատեն ուղեկիցներ ունեցաւ Յովհաննէս Տիզբոնի, Յակոբ Մծբնայ եւ Եւթաղ Եդեսիոյ հայրապետները, եւ չորսը միասին հանդիպեցան Կեսարիա քաղաքը, ուր ներկայ եղան երբ Ղեւոնդիոս կը մկրտէր Գրիգոր մանուկը, որ յետոյ Գրիգոր Աստուածաբանի հայր եւ Նազիանզի եպիսկոպոս եղաւ։ Ղեւոնդիոս ալ միացաւ Արեւելեայց խումբին եւ մէկտեղ հասան Նիկիա, ուր ժողովը պիտի գումարուէր։ Կը պատմուի թէ Բիւթանիոյ ծովածոցին մօտերը խումբ մը արիանոսներ, որք զօրաւոր էին Նիկոմիդիոյ վիճակին մէջ, տեսնելով Արիստակէսի տեսիլքով գծուած, մարմնով նիհար, եւ ճգնութիւններէ ներքեւեալ կերպարանը, սկսան ըսել թէ Արեւելեան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, առաւել մշակի քան թէ հայրապետի կը նմանի, եւ ծաղրելու համար առաջարկեցին որ արօրը առնէ եւ ծովը հերկէ։ Արիստակէս առանց վարանելու կը հաւանի, մահը ձեռք առնելով արօրով ու եզներով դէպի ծով կը քալէ, եւ ծովին երեսը հաստատ գետնի պէս ակօսաբեկ հերկելով ետ կը դառնայ, եւ ծաղրողները կը հրաւիրէ որ իրենք ալ, եթէ ուղիղ հաւատք ունին, երթան հերկերուն վրայ սերմերը ցանեն (ՎՐՔ. 488)։ Դիպուածը միայն մեր Յայսմաւուրքին մէջ պատմուած է (ՅԱՅ. 219), եւ մենք այստեղ յիշեցինք Արիստակէսի եւ կենցաղին մասին պահուած աւանդութիւնը ցուցուցած ըլլալու համար։

Հատկորոշիչներ՝ Արիստակէս, կաթողիկոս, կեանքը

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ (86)

ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ – Արիստակէս հայրապետի մահուանն առնչուող պատմական իրադարձութիւնները․ Պատմութիւնը աղքատ է Արիստակէսի գործունէութեան մանրամասնութեանց մասին, եւ չի ներկայեր մեզի յատուկ եղելութիւններ նորա արդիւնաւորութիւնը բացատրելու համար։ Բայց ամենուն տեղ կրնայ անցնիլ իր հայրն ալ գերազանցած ըլլալուն վկայութիւնը (ԱԳԹ. 453)։

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ (85)

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ – Խոսրով Կոտակի գահ բարձրանալու նախադրեալները․ Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։

ՏՐԴԱՏԻ ՄԱՀԸ (84)

Տրդատ թագաւորի մահուան պատմութիւնը․ Այդ միջոցին մէջ կ’իյնայ Տրդատի մահը։ Խորենացին ցաւալի շեշտով մը կը սկսի այդ եղելութեան պատմութիւնը. Ամաչեմ, կ’ըսէ, ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն ազգիս մերոյ (ԽՈՐ. 181)։ Հայոց դարձին պատմութեան մէջ, որչափ գործ եւ արդիւնք կը վերագրուի Գրիգորի, նոյնչափ մըն ալ պէտք է տալ Տրդատի, որ իրօք եւ ճշմարտութեամբ առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը եղաւ Հայաստանի մէջ։