Երբոր Դանիէլի սպաննութեամբ եւ Յուսիկի որդիներուն վերջնական դիմադրութեամբ, կաթողիկոսութեան հաւանական ընտրելիները պակսեցան եւ ուրիշի դիմել հարկ եղաւ, կամ եղեւ ամենեցուն առհասարակ, որ Լուսաւորչի ազգատոհմէն հեռանալու չէ, եւ պէտք է, որ ի նմին տանէ իշխանութեան Գրիգորի գտցեն, որ կալցի նա զաթոռ հարցն, եւ այս սկզբունքով կաթողիկոսութեան արժանի համարուեցաւ Փառէն Աշտիշատեցին, որ տեղւոյն առաջնորդն էր, զի տեղին այն նմա էր հաւատացեալ (ԲԶՆ. 44)։ Փառէնի անունը Խորենացիին եւ ցուցակներուն մէջ Փառներսէհ է գրուած, Փառէն-Ներսէհ անուններու սղուած ձեւովը, սակայն մենք նախադասեցինք Փառէն պարզ ձեւը գործածել, իբրեւ կիրառութեան յարմարագոյն։ Գալով անոր անձին, տրուած որոշումէն յայտնի է որ Գրիգորի եւ Փառէնի մէջ հարկաւ կապ մը եղած պիտի ըլլայ, մինչ ոմանք աննշանակ կերպով մը կը յիշեն զՓառներսէհ ոմն յԱշտիշատից Տարոնոյ (ԽՈՐ. 202), եւ ուրիշներ զՓառէն ոմն երէց ի գաւառէն Տարոնոյ (ԲԶՆ. 44)։ Մարթ է կարծել, թէ Փառէն ալ Դանիէլի նման, Գրիգորի մտերիմ եւ հնօրեայ աշակերտ եւ հոգեւոր զաւակ մը լինելուն, կամ թէ Աշտիշատ Գրիգորի կալուածներէն, Փառէն ալ Աշտիշատեցի ըլլալուն Գրիգորի ընտանի կամ ընդոծին ճորտ մը կը նկատուէր, եւ կամ թէ կողմնակի ազգակցութեամբ մը կապուած էր՝ Գրիգորի կամ Վրթանէսի ամուսիններուն կողմանէ, վասնզի Գրիգոր իր ցեղէն ազգակից չունէր, եւ Յուսիկի խնամիներն ալ թագաւորական գերդաստանէն էին։ Խնդիրը լուցելու համար բնաւ ուստեք լոյս չունինք. բայց աւելի հաւանականը կը կարծուի վերջին ենթադրութիւնը։ Տեղեկութեանց պակասութեան պատճառով չենք կրնար աւելի բան մը ըսել Փառէնի նախընթաց կեանքին վրայ, իսկ այն տեղին, որուն նկատմամբ Բուզանդ կը գրէ թէ նմա էր հաւատացեալ, է նոյնինքն մեծ մարգարէանոցն Յովհաննու, որ անունով թէպէտ Իննակնեան Ս. Կարապետ վանքն ալ կը յիշուի, բայց ուրիշ կողմէն գտանք թէ Ս. Կարապետի առաջնորդներն էին Զենոբ եւ Եպիփան, եւ ոչ երբեք Փառէն։ Ուստի պէտք է Փառէնը ընդունիլ իբր Աշտիշատի մայր եկեղեցիին վերակացուն, զի Տարոնի ամէն հաստատութիւնք անխտիր Յովհաննու Կարապետի անունը կը կրէին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք