ՆԱԽԱԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (41)

Հայոց եկեղեցւոյ առաքելական սկզբնաւորութեան, եւ առաջին երեք դարերու մէջ անընդհատ շարունակութեան պատմութիւնը կը փակենք այստեղ։ Ազգային հին մատենագիրներ փոյթ չեն ունեցած այդ շարունակութեան խնդրով զբաղիլ, թէպէտ ընդարձակօրէն խօսած են սկզբնաւորութեան վրայ։ Առաջին Լուսաւորիչները եւ Երկրորդ Լոսաւորիչը գրաւած են բոլոր իրենց ուշադրութիւնը, եւ բաւական սեպած են անոնցմով միայն ջատագովել իրենց եկեղեցւոյն առաքելականութիւնը։ Կարծես թէ Առաքեալք եւ Գրիգոր իրարու անմիջապէս յաջորդած ըլլային, Պօղոսի Երեքտասաներորդ առաքեալ կոչուելուն նման, Չորեքտասաներորդ առաքեալ կոչած են Գրիգորը, եւ այնպէս ալ ընդունած են եկեղեցւոյն հիմնարկէքի արարողութեան մէջ (ՄԱՇ. 158)։ Սակայն պետք էր որ առաջին դարուն սկիզբներէն մինչեւ երրորդին վերջերը եղող միջոցն ալ իմաստասիրուէր, որպէսզի կապակցութիւնն ու շարունակութիւնը արդարանար, եւ Հայոց առաքելական քարոզութեան, եւ Գրիգորով նոր ի նորոյ սկսելուն բարուրանքը հերքուէր։ Այդ կէտը մենք շատոնց, մեր առաջին ուսուցչութեան ժամանակներէն սկսելով, յատուկ ուսումնասիրութեան առարկայ ըրած էինք, եւ ցրիւ յիշատակները ամփոփելու աշխատած, ինչպէս նախընթաց գլուխներու մէջ, առջեւ բերինք։ Հայրապետաց շարունակութիւնը, մարտիրոսաց նահատակութիւնը, հալածանքներու պատմութիւնը, եւ հնաւանդ յիշատակները իրարու կը համաձայնին եւ իրար լրացնելով, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան օրինաւոր եւ կանոնաւոր շարունակութիւնը կը հաւաստեն։ Իսկ եթէ կը գտնուին արմատական քննադատներ, որոնք աւելի հաստատուն փաստեր կը պահանջեն, մենք կը բաւականանանք պատասխանել, թէ եկեղեցւոյ առաջին դարերուն պատմութիւնը, ամէն աթոռներու համար ալ նմանօրինակ դժուարութեանց ենթարկեալ է, եւ եթէ հաւանական աւանդութիւններ ուրիշներու համար բաւական եւ բաւարար կը սեպուին, մեզի ալ ներեալ պիտի ըլլայ օգտուիլ այդպիսի աւանդական եւ հաւանական յիշատակներէ, որպիսիներով կ’օգտուին ինքզինքնին առաքելական հռչակող աթոռներ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՏԱՐԲԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (43)

Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով բանավէճերու մտնել,...

ՄԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (42)

Մինչեւ հիմա մեր առաջ բերած պատմութիւնը, թէ ոչ...