ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՍԱՐՈՒԳԵՑԻ
Ս. Յակոբ Սարուգեցի ծնած է 451ին, Եփրատի ափին գտնուող Քուրտամ գիւղը (Սարուգի շրջան) եւ մահկանացուն կնքած 521ին։
Ուսումը ստացած է Եդեսիոյ Դպրոցը։
Սարուգի եպիսկոպոս եղած է պարսիկներու Կաւատ Ա. Թագաւորի քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծած հալածանքներու ամէնածանր շրջանին։
Հեղինակ է աւելի քան 700 քարոզներու։
Կը նկատուի Ս. Եփրեմ Խուրիէն ետք Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ամէնէն համբաւաւոր բանաստեղծ-աստուածաբանը։ Ս. Եփրեմ կոչուած է «Ս. Հոգիին Քնարը», իսկ Ս. Յակոբ՝ «Ս. Հոգիին Սրինգը»։
Հայոց մօտ ծանօթ է որպէս Յակոբ Սարուգեցի, Յակոբ Սրճեցի կամ Յակոբ Արծուապայի Եպիսկոպոս: Հայ Եկեղեցւոյ տօնելի Սուրբերէն չէ, այլ Յայսմաւուրքին մէջ կը յիշատակուի 5 Յունիսին (Յայսմաւուրք, Կոստանդնուպոլիս, 1834, էջ 243-244)։
Ս. Յակոբի «Տէր Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքի Աւագ Ուրբաթ Օրուան Համար» Ճառը, որ ծանօթ է նաեւ որպէս «Մեծ Ուրբաթի Կտակը», մեր Եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի Աւագ Ուրբաթ օրը, Առաւօտեան Ժամերգութեան աւարտին, վերջին «Հայր Մեր»էն առաջ։
0 կարծիք