Միարար զօրութիւնը

Բ

ՄԻԱՐԱՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Էին ամենեքեան միաբան ի միասին» (Գործք. Բ . 1):

Զանց կ’ընենք Հոգեգալստեան դէպքին զանազան երեսներու վրայ բացատրական ակնարկներ նետելը, եւ կ’ուզենք անդրադառնալ անոր ինչ ինչ հիմնական երեւոյթներուն վրայ, որոնք աղերս կրնան ունենալ մեր առօրեայ կեանքին հետ:

Առաջին յատկանշական կէտը՝ պատմուածքի առաջին նախադասութեան մէջն է արդէն: «Էին ամենեքեան միաբան ի միասին»: Սա հիմնական պայմաններէն մէկն էր Ս. Հոգին ընդունելու համար եւ գաղտնիքներէն մեծը ընկերային բոլոր յաջողութեանց եւ առողջ գործունէութեանց: Արդարեւ ըլլալ «միաբան ի միասին» երազն է բոլոր կազմակերպութեանց, հանուր ազգերու, համայն մարդկութեան: Դարերով այնքան իրարմէ հեռու ապրած են մարդիկ՝ ոչ միայն աշխարհագրական դիրքով, այլեւ սրտով եւ զգացումներով, որ այլեւս այդ երեւոյթը դարձած է այնքան սովորական, որ յաճախ չենք անդրադառնար անոր անբնականութեան եւ անմարդկայնութեան: Աստուածաշունչին մէջ երբ կը ներկայացուի բուսական ու կենդանական աշխարհներու ըստեղծումը, բացայայտօրէն կը շեշտուի որ անոնք ի գոյ եկած են «ըստ իրենց տեսակին»: Ինչ ալ ըսէ այս մասին «յեղաշրջական» (էվօլիւսիոնէր) կոչուած գիտական վարդապետութիւնը, փորձառական ու պատմական իրողութիւնը այն է, որ գայլը «տարբեր» տեսակ կենդանի մըն է եւ մուկը՝ տարբեր: Արծիւը «տարբեր» թռչրուն մըն է եւ դեղձանիկը տարբեր. կէտ ձուկը «տարբեր» լուղորդ մըն է եւ օձաձուկը՝ տարբեր: Ասոնց ապրելու շրջանակներն ալ տարբեր են: Չորքոտանին՝ ցամաքի վրայ, ձուկը՝ ծովուն խորը, թռչունը՝ մթնոլորտին մէջ, որդը՝ գետնին տակ:

Իսկ մարդը: Անոր ստեղծման պարագային «տեսակի» ոչ մէկ խօսք: Աստուած մարդը ստեղծեց ոչ թէ «ըստ իր տեսակին», այլ «ըստ իր պատկերին»: Որով մարդոց սեւն ալ, ճերմակըն ալ, դեղինն ալ ստեղծուած են «ըստ Աստուծոյ պատկերին»: Արդարեւ գոյնի այդ տարբերութիւնը, որ մորթի մակերեսէն անդին չանցնիր, արդիւնք է բնութեան կամ արեւի եւ կլիմայական ներգործութեան: Իսկ ցեղ, ազգ, լեզու ըսուածները՝ բնական արդիւնք են մարդկային խումբերու դարերով իրարմէ հեռու եւ իրարմէ անջատ ապրելուն, աշխարհագրական տեսակէտէ: Եւ հետեւաբար ցեղ մը կամ ազգ մը դիւրաւ կրնայ ձուլուիլ միւսին մէջ անճանաչելիօրէն, եւ մէկ լեզու խօսողը կրնայ մոռնալ իրենինը եւ որդեգրել միւսինը առանց դժուարութեան: Մեր երեւութական ու արուեստական տարբերութիւնները այնքան շեշտուած ու այնքան ամուր արմատ բռնած են մեր միտքերուն մէջ, որ յաճախ չենք անդրադառնար այն հիմնական ու յաւիտենական մէկութեան որ մարդկութեանն է: Ու այնքան վարժուած ենք իրարու հետ կռուելու եւ իրարու կասկածով նայելու, որ այլեւս «միբան ու միասին» ապրիլը մեզի կը թուի անկարելի երազ, որ յաճախ մեր ցանկութեանց աշխարհի մէջ ալ չի գտնուիր: Հոգեգալուստը եկաւ զմեզ տարհամոզելու այս մասին, եւ օժտելու զմեզ նոր հորիզոնով, նոր հեռանկարով եւ նոր մտայնութեամբ, որոնք զմեզ կ’առաջնորդեն արդարեւ «ամենքն ալ միաբան ի միասին» ըլլալու:

Ինչու՞ Առաքեալները «էին ամենեքեան միաբան ի միասին»: Պատճառը շատ պարզ եւ բացայայտ էր. որովհետեւ անոնք միասին ապրած էին. միասին տառապած էին. միասին վարանած էին. եւ վերջապէս միասին երջանկացած էին. եւ հետեւաբար միասին ալ մէկ հոգիով լեցուեցան:

Յիսուսի երեւութական բաժանումէն յետոյ կազմած էին այլեւս անբեկանելի ամբողջութիւն մը. միացած էին նախ Յիսուսի հետ, որ խոստացած էր իրենց հետ ըլլալ «զամենայն աւուրս մինչեւ ի կատարած աշխարհի»: Խոստացած էր Ան նաեւ ղրկել «Սուրբ Հոգիի զորութիւնը»: Միացած էին նաեւ իրարու հետ, յատկապես աղօթքով: «Անոնք ամենքը ամէն օր աղօթքի մէջ էին միասնաբար» (Գործ. Ա. 14): Կամ, ինչպէս Ղուկասի Աւետարանին վերջին գլուխին վերջին խօսքերը կը հաստատեն. Ձիթենեաց լեռնէն «Երուսաղէմ դարձան մեծ ուրախութեամբ եւ շարունակ Տաճարի մէջ էին, կը գովէին եւ կ’օրհնէին զԱստուած»: Այս անբեկանելի ամբողջութիւնը կը կնքէ եւ կը նուիրագործէ Ս. Հոգին իր տեսանելի եւ տրամադիկ գալուստովը:

Ուրեմն, «միաբան ի միասին» ըլլալու եւ մնալու համար անհրաժեշտ է, միասին տառապիլ ու միասին երջանկանալ, ինչպէս նաեւ նոյն գաղափարով տոգորուած ըլլալ. սակայն կարեւորագոյն պայմանն է՝ միասին աղօթելը:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...