Լուսաւորիչի ընթացքը իր երկրորդ մասին մէջ, առաքելական եւ ճգնաւորական կեանքերու խառնուրդ մը եղաւ, ճարտար կերպով մը իրարու կցելով հանրային գործունէութիւնն ու առանձնացեալ միայնութիւնը։ Նա ուզած է պահ մը իրեն առանձնութեան տեղ ընել Գլակայ մենաստանը, որ է Իննակնեան Ս. Կարապետի վանքը, որ իրեն համար աւելի սիրելի տեղ մըն էր, չորս ամիս ալ այնտեղ մնացած է, բայց յետոյ Անտոն եւ Կրօնիդէս ճգնաւորներուն խորհրդով թողած է այնտեղը, որ աշխարհական համախմբութեանց կեդրոնն ըլլալով, առանձնացեալ միայնութեան յարմար չէր (ՄԱՄ. 7)։ Այնուհետեւ Գրիգորի առանձնութեան սովորական տեղը եղած է Դարանաղեաց գաւառի մէջ, Սեպուհ լերան վրայ եղող քարայր մը, ուր ճգնած եւ վախճանած էր, Հռիփսիմեանց խումբէն կոյս մը՝ Մանէ անունով, որուն յիշատակովը քարայրը Մանեայ Այրք անունը առած էր։ Այստեղ է այժմ Կամախ գաւառի Ս. Լուսաւորիչ վանքը, Կարնի գիւղին մօտ, Սեպուհի Աւագվանքին վիճակին մէջ։ Գրիգոր կ’առանձնանայ այնտեղ, սիրեցեալ զլերինս եւ զամայութիւն եւ զհանդարտութեամբ մտաց յինքեան կեալ, որպէսզի խօսեսցի ընդ Աստուծոյ անզբաղապէս (ԽՈՐ. 178), բայց չէր մոռնար իր հօտն ու ժողովուրդը, թէպէտ լեցուած էր զամենայն կողմանս եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք (ԽՈՐ. 178), նաեւ իրեն փոխանորդ դրած էր Արիստակէս որդին։ Նա մերթ ընդ մերթ կ’իջնէր իր լեռնէն, եւ սուրբ որդւովն իւրով Արիստակիսեաւ եւ ամենայն երեւելի օգնականօք, զամենայն աշակերտելովքն շրջէր, եւ հաստատէր զնոսա կալ ի պատուիրանին ճշմարտութեան (ԱԳԹ. 455)։ Կ’երեւի թէ այդ շրջագայութիւնները պարբերական ձեւ մը ունէին, որովհետեւ պատմիչը կ’ըսէ թէ մինչեւ ի վախճան կատարածին զայս առնէր ամ յամէ (ԱԳԹ. 466), որով կրնար ալ համարձակօրէն վկայել թէ զվերակացութիւն եկեղեցւոյ սրբոյ, շնորհօքն Աստուծոյ, առանց պակասութեան տանէր (ԱԳԹ. 467)։ Այսպէս Գրիգոր հակառակ էր իր յառաջացեալ տարիքին եւ յոգնած մարմնոյն եւ միայնասէր ոգւոյն, կը սիրէր իր ժողովուրդին հովուութենէ եւ հոգածութենէ չբաժնուիլ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք