ՄԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (42)

Մինչեւ հիմա մեր առաջ բերած պատմութիւնը, թէ ոչ հիմնապէս նոր, սակայն կրնայ իբրեւ նոր ամփոփում մը կամ հիւսուած մը նկատուիլ, աւելի ազգային յիշատակներէ քաղուած, եւ ինչ ինչ օտար յիշատակներով զօրացած։ Մեզի անծանօթ չեն նորերէն շատերուն Հայոց առաքելական եկեղեցին եւ Հայոց առաքելական քրիստոնէութիւնը ուրանալու մարմաջը, բացարձակապէս անարգելով ինչ որ ազգային եւ ներքին աւանդութիւն է, եւ կուրօրէն յարգելով ինչ որ օտար եւ արտաքին է։ Մինչեւ աստիճան մը կրնանք իմանալ Յոյն եւ Լատին հեղինակներու հոգին, որոնք առաքելականութիւնը իբրեւ իրենց բացարձակ սեփականութիւն կ’ուզեն պաշտպանել, եւ բոլոր ուրիշ եկեղեցիները իրենցմէ բխած եւ իրենցմէ կազմուած ցուցնել։ Բայց ինչ իմանար որ ազգային եկեղեցւոյ զաւակներ ալ գտնուին, որ օտարազգի աւանդութեանց կրթնելով այլազգիները տկարացնելու զիջանին։ Աւանդութեանց մասին ընկալեալ տրամաբանական կանոն է, ներքինը արտաքինին եւ բնիկը օտարին նախադասել, որովհետեւ աւելի ճիշտ եւ աւելի ուղիղ կ’ենթադրուի տեղւոյն վրայ պահուած լուրը, կամ հեռուներ ցրուած զրոյցը։ Աւանդութեանց մէջ ժամանակը փոփոխութիւններ կը ներմուծէ, պարագաներ կ’աւելցնէ, հրաշալիքներ կը ստեղծէ, բայց հիմնական եղելութիւնը անոնցմով չի խախտուիր, որով էութիւնը պարագաներուն զոհելը իրաւացի չ’ըլլար։ Անոր համար մենք ալ յառաջ բերուած աւանդութիւնները բոլոր իրենց պարագաներէն եւ հրաշալիքներէն մերկացուցինք, ինչպէս որ պատմական դրութիւնը կը պահանջէ։ Անիմանալի կը դառնայ մեզի համար այնպիսիներուն ալ կարծիքը, որ Հայոց առաքելաքարոզ քրիստոնէութիւնը ուրանալու չհամարձակելով, առաքելական յաջորդութիւնը կ’ուրանան, եւ կը կարծեն թէ Թադէոսով կամ Բարթողիմէոսով սկսած ու վերջացած քրիստոնէութիւնը, կատարելապէս առաքելական կարենայ ըսուիլ, երբ երկուքուկէս դար ետքը յանկարծ կը վերընձիւղի Գրիգորով մը, կամ անկէ առաջ Եդեսիայէն եկած աղանդաւոր Ասորիով մը։ Նոյնիսկ ամենէն հաստարմատ ծառը՝ իր բունը կտրուելէն 200 կամ 250 տարի ետքը վերստին ընձիւղ չ’արձակեր։

Հատկորոշիչներ՝ առաքելական, եկեղեցի, հայոց

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՏԱՐԲԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (43)

Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով բանավէճերու մտնել,...

ՆԱԽԱԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (41)

Հայոց եկեղեցւոյ առաքելական սկզբնաւորութեան, եւ...