Վրթանէսի քաղաքական գուծունէութեամբը զբաղեցանք ցարդ, սակայն ոչ նուազ հոգածու էր նա եկեղեցական բարեկարգութեանց մասին, ինչպէս կը յայտնուի զանազան յիշատակներէն։ Կանոնագիրքին մէջ կը գտնուին 9 գլուխ կանոններ՝ բարոյական եւ ծիսական բարեկարգութեանց պատկանող, զորս Մակար, պատրիարք Երուսաղէմի, կը յղէ առ քրիստոսասէր եւ երկիւղած եպիսկոպոսապետդ տէր Վրթանէս, եւ առ համօրէն եպիսկոպոսս եւ քահանայս Հայոց (ԹՂԹ. 408)։ Արդ Մակարի համար գիտենք թէ 314-ին հայրապետ եղած եւ 334-ին վախճանած է, եւ այս ալ նոր փաստ մըն է մեզի, թէ հնար չէ Վրթանէսի կաթողիկոսանալը 340-ին յետաձգել, ինչպէս սովորաբար կը կարծուէր։ Գալով Մակարի կանոններուն, յառաջաբանին մէջ ըսուած է թէ Վրթանէսի հարցումները Երուսաղէմ բերուած են ի ձեռն երկիւղածաց քահանայից, թէ պատասխանելու համար անոնք քննուած են առաջի բազմութեան եպիսկոպոսաց, որք մի մի ժողովեալ յիւրաքանչիւր քաղաքաց պատրիարքութեան Երուսաղէմի (ԹՂԹ. 407)։ Անկէ ետքը, Մակար կը յիշէ շատ մը անկարգութիւններ, զորս եկող քահանաները պատմած են, թէ իրենց կողմերը մկրտութեան համար յատուկ աւազան ալ չունին, միւռոն չեն պատրաստեր, բոլոր զգայարանները չեն օծեր, եւ թէ ձեռնադրութեամբ ժառանգաւորքն հաւասարին, եւ ոչ ընդ ատելեօքն հնազանդին (ԹՂԹ. 408), որ է ըսել թէ նուիրապետական դասակարգութեան աստիճանները չեն յարգեր։ Ճիշդ այդ կէտերն են զորս կը շօշափէն Մակարի կանոնները։ (ԿԱՆ. 43)։ Վերջին կանոնին մէջ Բասենի եւ Բագրեւանդի եպիսկոպոս Տուրդիոսի մը խօսքը կայ, որ սակաւուք ընդ Արիանոսս միաւորեալ է (ԹՂԹ. 412), ինչ որ կը ցուցնէ թէ աղիանոսաց մոլորութեան հետեւորդներ Հայաստանի մէջ ալ կը գտնուէին։ Թուականները բաղդատելով կը հետեւեցնենք թէ Վրթանէս, 333-ին հայրապետութիւնը ստանձնածին պէս, մտադրութիւն դարձուցած է եկեղեցական անկարգութիւնները վերջացնելու, եւ իրեն առջեւ հաստատուն ուղեցոյց մը ոնենալու համար դիմած է Սուրբ հայրապետին, նախնական ծէսերը իմանալու եւ Մակարի պէս նշանաւոր հայրապետի մը հեղինակութեամբ զօրանալու համար։ Այդ դիմումը կը հաստատէ միանգամայն թէ Հայերը Կեսարիոյ աթոռին հետ հպատակութեան կանոնական կապ մը չունէին, եւ իբր ազատ աթոռ, ուրտեղէն որ յարմարագոյն կը սեպէին, պէտք եղած տեղեկութիւնները կը քաղէին։ Հարկաւ ոչ ոք պիտի կարենայ ըսել թէ Հայաստան Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներքեւ էր, որ հազիւ 8 տարի առաջ Նիկիոյ ժողովին եօթներորդ կանոնովը հաստատուած էր (ԿԱՆ. 28)։
0 կարծիք