ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ (112)

Փառէնի անձին եւ գործունէութեան մասին բան մը չի գրեր Խորենացին. իսկ Բուզանդ ընդունելով հանդերձ, թէ՝ զիւր անձն սուրբ պահէր, կը յայտնէ, թէ՝ ստիպեալ եւ ի հարկէ ընգերէր անօրէն թագաւորին, այսինքն է՝ Տիրանին, եւ ըստ նորին կամացն երթեալ, չհամարձակէր կամ խրատել ինչ կամ յանդիմանել (ԲԶՆ. 45)։ Փառէն չունէր այն հեղինակաւոր ազդեցութիւնը զոր ունէին Գրիգորի որդիներն ու թոռները. տարիքով ալ խոր ծերութեան հասած էր, քանի որ Գրիգորի ժամանակէն գործի վրայ մարդ մըն էր, եւ ոչ ալ յոյս մը կրնար ունենալ յանդիմանելով կամ սաստելով ուղղութեան բերել ծուռ ճամբուն մէջ յառաջացած թագաւոր մը, որ Յուսիկն ու Դանիէլը սպաննել տալու համարձակած էր՝ զինքն յանդիմանած լինելնուն համար։ Ասոնցմէ զատ նկատողութեան արժանի է, որ այդ միջոցին տեղի ունեցան Պարսից նենգութիւնը, Տիրանի գերութիւնը եւ Պարսից հետ պատերազմները, որք չէին ներեր ուրիշ բաներով զբաղիլ։ Հետեւաբար զարմանալի չէ, եթէ Փառէն կը պարտաւորուէր լռել, եւ կրաւորական դիրք մը պահել, այլ ոչ երբեք ընգերել կամ ընկերանալ Տիրանի անօրէն գործերուն, ապա թէ ոչ, չէր կրնար արդարանալ նոյնիսկ Բուզանդի կողմէ Փառէնի համար տրուած բարի վկայութիւնը, թէ՝ զիւր անձն սուրբ պահէր։ Փառէնի հայրապետութեան ժամանակը 4 տարի ըսուած է Խորենացիէ (ԽՈՐ. 202), իսկ Բուզանդէ՝ սակաւ ժամանակս (ԲԶՆ. 45), հետագայ ցուցակներէն ոմանք 3 կը դնեն եւ ոմանք 5, եւ այս տարբերութիւնները կրնան վերագրուիլ Փառէնի առաջ եւ ետքը տեղի ունեցած աթոռոյ պարապութեան տարիները մէկ տեղ համրելէն կամ դուրս ձգելէն։ Յուսիկի մահը 347-ին եւ յաջորդին ընտրութիւնը 348-ին դնելով. Փառէնի 4 տարիները կը հասնին 352-ին։ Մահուան տեղը չէ յիշուած, եւ ենթադրութիւններ նշանակութենէ զուրկ կը մնան. միայն ըսուած է, թէ իրեն հետ եղող եկեղեցական պաշտօնեաներ մարմինը Տարոն տարին, եւ թաղեցին յագարակն մեծի մարգարէանոցին Յովհաննու, այսինքն՝ Աշտիշատի եկեղեցւոյն յարակից եղող պարտէզը, եւ վրան գեղեցիկ շիրիմ մըն ալ շինեցին։ Արդէն ինքն ալ հոն կը նստէր կաթողիկոսութենէ առաջ։ Իսկ Փառէն կամ Փառներսէհ կաթողիկոսի շիրիմը այսօր Աշտիշատի աւերակներուն մէջ չի տեսնուիր։ Իր յիշատակը ոչ տօնելի է եւ ոչ Յայսմաւուրքի անցած է, եւ հարկաւ իր աննշանակ հայրապետութիւնը պատճառ եղած է այդ զանցառութեան։ Անցողակի դիտել տանք, թէ մարմինը յագարակին թաղելու յիշատակութիւնը, համաձայն է հին կանոններով դրուած արգելքին, թէ՝ մի՛ ոք իշխեսցէ թաղել զդիս մերձ ի սուրբ եկեղեցիս, այլ արտաքոյ քառասուն քայլ (ԿԱՆ. 61)։ Այդ կանոնը այսօր ալ կը պահուի ընդհանրապէս, եւ շատ ցանցառ են այդ մասին բացառութիւնները։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ (115)

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ – Շահակի վարկածը որպէս Փառէն կաթողիկոսի յաջորդ։

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ (114)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ – Տիրան և Արշակ թագաւորները։

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։

ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ (113)

ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւկների մասին․

Յուսիկի երկու զաւակները, Պապ եւ Աթանագինէ, եկեղեցական կոչման հրաւէրը, կամ իրենց ըմբռնմամբ՝ փորձանքը, վերջնապէս հեռացնելէն ետքը, աւելի եւս ազատօրէն ի բազում անառակութեան գնային, եւ զկարգն Աստուծոյ արհամարհեալ այպանէին (ԲԶՆ. 48), եւ նախնիքներէն իրենց ժառանգութիւն մնացած կալուածներն ու սրբավայրերը անլուր խենէշութիւններով կը պղծէին։