Նկատողութեան արժանի պարագայ մըն ալ Յուսիկի տրուած մանկութեան հանգամանքն է, զոր պնդելով կը կրկնէ Բուզանդ միայն, եւ կ’ըսէ յայտնապէս, թէ էր աւուրբք մանուկ, տիօք առոյգ, եւ բարձր հասակաւ, գեղով երեսաց սքանչելի եւ չքնաղ (ԲԶՆ. 30), եւ թէպէտ աւուրբք մանուկ էր, այլ զաւագութիւն ծերութեան խրատուն յինքեան ցուցանէր (ԲԶՆ. 31), եւ մահուան պարագային իսկ զայն երանելի մանուկն Յուսիկ կ’անուանէ (ԲԶՆ. 32)։ Արդ մենք ժամանակագրական հաշիւներու կրթնելով ցուցուցինք Յուսիկի ծնունդը 295-ին, որով 341-ին կաթողիկոսացած ատեն 46 տարեկան եղած կ’ըլլայ, եւ 6 տարի հայրապետութիւն վարած ըլլալով 52 տարեկան վախճանած։ Արդ. յիսնամեայ անձի մը բառին ճշդութեամբ մանուկ անունը չի կրնար տրուիլ, բայց եթէ այդ բառին բաղդատական իմաստ մը տալով, եւ Յուսիկը համեմատութեան դնելով նախորդ ութսունամեայ հայրապետներուն՝ իր հօրը ու իր պապին հետ։ Հնար էր եւս մանուկ բառին ընդարձակ իմաստ մը ընծայել, ինչպէս այժմս ալ տունի մը պզտիկները, ինչ տարիքի մէջ ալ ըլլան տղաք կը կոչուին։ Յուսիկ ալ, ինչպէս եւ Գրիգորիս, այդ կերպով ներկայացան արքունիքին մէջ, իբրեւ տղայ կրթուեցան, Յուսիկ փեսայացաւ ալ, որով մինչեւ վերջ այդ առումը մնաց, եւ թէպէտ մէյմէկ հայրապետներ եղան, սակայն մանուկն Գրիգորիս (ԲԶՆ. 15), եւ մանուկն Յուսիկ (ԲԶՆ. 32) կոչումները, սովորական կիրառութենէն չդադարեցան, գոնէ Բուզանդի պատմութեան մէջ։ Յուսիկի կաթողիկոսութեան վեց տարիներէն բնաւ պատմական մանրամասնութիւն չունինք մեր ձեռքը գտնուող գիրքերուն մէջ։ Յունաց եւ Պարսից մէջ խաղաղութեան միջոց մը կը չարունակէր, Կոստանդ կայսր հաշտարար քաղաքականութիւն ունէր, իր գործունէութիւնը կրօնական խնդիրներու վրայ դարձնելով։ Շապուհ թագաւոր կրած ձախողութիւններէն յոգնած, ամփոփուելու եւ զօրանալու պատրաստութեանց զբաղած էր, նորէն մէջտեղ ելնելու համար։ Հայոց նախարարներ դուրսէն գրգռումներ եւ նեցուկներ չունեցան ատենին՝ հանդարտութեան մէջ մնալու պարտաւորուած էին, որով Տիրան կրցաւ խաղաղութեան միջոց մը վայելել. թէեւ ոչ հայրենի առաքինութեանց հետեւեալ, այլ թուլացեալ յամենայն բարեպաշտութենէ (ԽՈՐ. 197)։ Իր հայրենի առաքինութիւն ալ, պէտք է Տրդատի պապենական օրինակը իմանալ, քան թէ Խոսրովի հօրենական ընթացքը։ Տիրան սակայն եւ ոչ իսկ հօրը չափին մէջ մնաց, այլ անօրէնութեան, պոռնկութեան, արուագիտութեան, արիւնահեղութեան, զրկութեան, յափշտակութեան, աղքատատեցութեան, եւ այլոց բազում մեղաց (ԲԶՆ. 31). անընդհատ շարք մըն էր իր վարած կեանքը, միշտ Բուզանդի վկայութեամբ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք