Անցողակի յիշենք նորէն, որ հին ատենները ամէն հաստատութիւն իր պահպանութեան պէտքերը կ’ընդունէր իրեն սեփական եղող կամ իր տրամադրութեան ներքեւ դրուած գիւղերէն ու ագարակներէն։ Հայրապետական աթոռն ալ իր սեփական կալուածներն ունեցաւ Տրդատի օրերէն սկսելով, որ քրմապետական կալուածները հայրապետականի փոխանցեց, բայց անոնցմէ դուրս Լուսաւորչի Պարթեւազնեան տոհմը եւ Աղբիանոսի Մանազկերտացի տունն ալ, իրենց սեփական եւ տոհմային կալուածներ ալ ունեցան։ Հայրապետական կալուածներուն տասնուհինգ տարբեր տեղեր գտնուած ըլլալը Բուզանդէ կ’իմանանք, թէպէտ 15 գաւառներուն ամբողջական ցուցակը չենք գտներ։ Վեց հատին միայն անունները կը յիշէ, որք են Արարատ, Դարանաղի, Եկեղեաց, Տարոն, Բզնունիք եւ Ծոփք, իսկ մնացեալներուն համար ըսուած է եւ որ ընդմէջ նոցա եւ շուրջ զնոքօք, ինչ որ որոշ գաւառի մը հնար չէ պատշաճեցնել։ Իւրաքանչիւր գաւառն ալ ամբողջապէս կալուած չէր, այլ իւրաքանչիւրին մէջ գիւղ մը կամ երկու։ Պատմութեանս մէջ յիշուեցան Տարոնի Աշտիշատը, Եկեղեաց Թիլը, եւ Դարանաղեաց Թորդանը, որոնց կրնանք աւելցնել Արարատի մէջ Կոտալից Արամոնքը (ՅՈՎ. 133), իսկ մնացեալներուն վրայ որոշ տեղեկութիւններ չենք գտած, եւ չենք կրնար ալ վճռել, թէ վերեւ յիշուած Ամօքն ալ հայրապետական կալուածներուն թիւէն էր։ Ամէն առթի մէջ պէտք է դիտել, թէ հայրապետական կալուածները ընտիր տեղեր եւ բարեբեր ագարակներ էին, ինչպէս կ’իմացուի Հայր Մարդպետի պատահարէն։ Անգամ մը որ Մարդպետը Աշտիշատ ուխտի էր եկած, Ներսէս հայրապետ զինքը ճաշի կը պահէ, եւ նա ալ առիթ կ’ունենայ ամէն կողմերը պտտիլ ու դիտել, եւ նախանձիլ։ Սեղանի վրայ, երբ քիչ մը աւելի կը խմէ, եւ տեսածներուն վրայ կը հիանայ, կը սկսի Արշակունի թագաւորները թշնամանել, Տրդատէ սկսելով, եւ մեռածներն ու կենդանիները իրարու խառնելով նախատել, թէ՝ զայսպիսի տեղիս կանանցահանդերձ մարդկան տուեալ է, եւ ոչ արանց (ԲԶՆ. 117), այսինքն՝ պճղնաւոր հագուող եկեղեցականներուն տուած է եւ ոչ պալատականներուն։ Այս Հայր Մարդպետը Շաւարշ Արծրունիի ձեռքով սպաննուած է (ԲԶՆ. 121), եւ տարբեր է Մուշեղ Մամիկոնեանի ձեռօք սպաննուած Հայր Մարդպետէն (§ 144), եւ երեւի թէ Հայր անունն ալ իբրեւ պատուանուն՝ հասարակ էր ամէն Մարդպետներու։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք