ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ
ԼՐՈՒՄՆ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ
Քիստոսի Համբարձումը հանդիսաւոր փակումն է Անոր յետ յարութեան երեւումներուն. կնքումն է Քրիստոսի տնօրինութեանց, եւ պաշտօնական եւ տեսանելի բաժանումն է նիւթական աշխարհեն՝ մնալու համար իր հետեւորդներուն հետ հոգեպէս եւ բարոյապէս մինչեւ աշխարհի վախճանը:
Համբարձման մասին խօսիլը, ներկայ ժամանակներու մէջ, քիչ մը խրտչեցուցիչ կը թուի, ոչ այնքան անոր հրաշալի հանգամանքին համար, որքան ըմբռնումի տարբերութեան պատճառով, որ գոյութիւն ունի տիեզերքի մասին ընդհանրապէս եւ «երկինք»ի- մասին մասնաւորաբար, Քրիստոսի ժամանակակից՝ եւ մեր ժամանակներու մարդոց միջեւ: Հիներու համար մեր գլխուն վերեւ տարածուած կապոյտը հաստատ կամ ջրակուտակ կամար մըն էր, որ կը բաժնէր «երկինքը» երկիրէն: «Երկինքը բնակարանն էր Աստուծոյ, իր հրեշտակներուն եւ արդար հոգիներուն, իսկ երկիրը՝ մեղաւոր ու մահկանացու մարդերուս: Հիներու համար աստղերը ծակեր էին այդ կամարին վրայ բացուած, որոնք գաղափար մը կուտային այն ակնախտիղ լոյսին, որով ողողուած էր «երկինքը». Իսկ արեւը եւ լուսինը ջահեր էին մեր երկիրը լուսւորելու համար: Որոտումը Աստուծոյ կամ սուրբերու ահեղ կառքերուն հանած դղրդոցն էր. Կայծակը՝ երկինքի երիվարներուն սմբակներուն հանած կրակը. Իսկ շանթը Աստուծոյ զայրոյթին զարկը …: Այսօր երբ վերիվարոյ գիտենք թէ ինչեր են իրականութեան մէջ վերոյիշեալները, յանկարծ «երկինքը» կ’անհայտանայ եւ մէջտեղէն կը վերնայ. ու մեր գլխուն վերեւ կը մնայ անսահման պարապութիւն մը, անծայրածիր «միջոց» մը, ուր մարդիկ սկսած են տիեզերարարշաւ խաղալ, ինչպէս երբեմն ձիարշաւ կը խաղային ընդարձակ ձիարձակարաններու մէջ:
Քրիստոնէական ուղղափառութիւնը այսօր սեղմուած է մէկ կողմէն տառապաշտութեամբ, եւ միւս կողմէն՝ նիւթապաշտութեամբ: Տառապաշտները կրօնասէր մարդիկ են, հոգ չէ թէ ըլլան մոլեռանդ հաւատաւորներ: Ասոնք բարի մարդեր են, որոնք կ’ուզեն որ Ս. Գիրքի հաւաստումները ճշմարտութիւն ըլլան ոչ միայն իրենց խորքին եւ իմաստին մէջ, այլ նաեւ իրենց ամէն մէկ բառին ու տառին մէջ՝ առանց յիշելու որ նոյնինքն այդ Ս. Գրքին մէջ գրուած կայ. «Իմ խօսքերս հոգի են եւ կեանք» (Յովհ. Զ. 64): Ուրիշ տեղ մը ըսուած է. «Գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կեանք կուտայ». (Բ.Կորնթ.Գ. 6): Ասոնք կմոռնան, որ թէեւ Աստուածաշուչի ամէն մէկ ճշմարտութիւնը Աստուծմէ ներշնչուած կամ յայտնուած է, բայց զանոնք արտահայտելու կերպերը բառերը եւ բացատրութիւները մարդոցմէ հայթայթուած են. ու մարդոց ստեղծած բառերը յաճախ տարբեր իմաստ ունին հինգ հարիւր կամ հազար տարիներ առաջ՝ ու տարբեր՝ այսօր: Մարդիկ նոյն ճշմարտութիւնը տարբեր ձեւով կ’արտայայտէին անցեալին, ու տարբեր կ’արտայայտեն այսօր: Էականը Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչին ըսել ուզածն է, որ անփոփոխ ու յաւիտենական է, քան մարդոց ըսելու ԿԵՐՊԸ, որ փոփոխական է: Այսօր ոչ մէկ հայր կ’ըսէ «որդի մը ծնայ». Բայց Ս. Գրքին մէջ շատ գործածուած է այս բացատրութիւնը: Օրինակ, «Աբրահամ ծնաւ զԻսահակ». ու առանց տառապաշտ ըլլալու ամէնքս ալ կը հասկնանք թէ ինչ կը նշանակէ այդ բացատրութիւնը:
Իսկ նիւթապաշտները–համադրելով անոնց ծով տեսութիւնները ընկոյզի կճեպի մը մէջ– կ’ըսեն. նիւթ է տիեզերքի մէջ եղած ամեն բան, անկէ դուրս ոչինչ գոյութիւն ունի. եթէ Աւետարանը կ’ըսէ. «Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր Աստուած». անոնք կ’ըսեն. «Սկիզբէն էր նիւթը եւ նիւթը աստուած է»: Ամէն ինչ նիւթէն առաջ եկած է եւ սահանուած է նիւթի վերածուելու. Հետեւաբար ինչ որ շօշափելի, տեսանելի, կըշռելի կամ չափելի չէ՝ ոչինչ է, անգոյ է: Ուստի այսպէս ասած՝ «հոգեղէն» իմաստ ունեցող բառեր դատարկ են իմաստէ եւ պէտք չէ գործածել: Սակայն կան բառեր որոնք իրականութեան անհամապատասխան ըլլալով հանդերձ դեռ կը շարունակենք գործածել եւ պիտի գործածենք: Կ’ըսենք արեւը «կը ծագի». արեւը «մար մտաւ». արեւը «բարձրացաւ կամ իջաւ», գիտնալով հանդերձ որ արեւը ասոնցմէ եւ ոչ մէկը կ’ընէ, այլ անշարժ կեցած է իր տեղը: Ո՞վ կը հանդգնի ըսել. քանի որ արեւը ոչ «կը ծագի» եւ ոչ ալ «կը մարի» ուրեմն պէտք չէ գործածենք այս բառերը արեւին համար: Ճիշդ այս՝ եւ ասկէ աւելի խոր իմաստով մըն ալ չենք կրնար մէկդի նետել «երկինք» բառը: Պիտի շարունակենք ըսել «երկինքը մթագնեցաւ. երկինքը բացուեցաւ. երկինքը պայծառ է. երկինքը կ’որոտայ. երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը. եւ Հայր մեր որ յերկինս ես», եւ «Քրիստոս երկինք համբարձաւ»:
Մեր Փրկչին համբարձումը աւանդութիւն մը չէ Ս.Կոյսի վերափոխման նման. այլ՝ յայտնապէս պատմուած է Աւետարաններու մէջ, եւ բազում ակնարկութիւններ կան այդ մասին նաեւ Պօղոսի եւ միւս Ընդհանրական Թուղթերուն մէջ, որոնց մանրամասնութեանց մէջ պիտի չմտնենք այստեղ: Մարկոսի Աւետարանը որ առհասարակ ժուժկալ եւ իրապաշտ մօտեցում ունի Քրիստոսի կեանքին եւ գործունէութեան, իր վերջաւորութեան այսպէս կ’անդրադառնայ այս դէպքին. «Եւ ինքը, Տէր Յիսուս, աշակերտներու հետ (վերջին անգամ) խօսելէ յետոյ երկինք համբարձաւ եւ նստաւ Հօրը աջ կողմը» (Մրկ. ԺԶ.19): Գրեթէ նոյնն է մեր Հաւատոյ հանգանակին մէջ ըսուածը. «Ելեալ ի յերկինս, նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Սակայն Համբարձման դէպքին գլխաւոր պատմիչը Ղուկաս Աւետարանիչն է, որ կը ներկայացնէ զայն թէ՛ իր Աւետարանին մէջ (ՂԿ. ԻԴ. 50-53) եւ թէ մանաւանդ իր «Գործք Առաքելոց» գրքին մէջ աւելի, մանրամասնօրէն: Կարդանք զայն միասնաբար.
«Յիսուս իր չարչարանքներէն – ու մահէն – յետոյ յայտնեց ինքզինքը վերակենդանացած ձեւի տակ իր աշակերտներուն քառասուն օրեր, եւ խօսեցաւ անոնց այդ միջոցին Աստուծոյ արքայութեան մասին: Ու երբ անոնց հետ միասին էր, պատուիրեց որպէսզի Երուսաղէմէն չհեռանան, ըսելով. «Սպասեցէք Հօրս կողմէ եղած խոստումին, որու մասին ինձմէ լսած էք արդէն: Վասնզի Հովհաննէս մկրտեց ջուրով, իսկ դուք պիտի մկրտուիք Ս. Հոգիով, յաջորդ քանի մը օրերու ընթացքին»: Ու անոնք հարցուցին. «Տէր, եկա՞ծ է արդեօք ժամանակը Իսրայէլի թագաւորութիւնը հաստատելու»: Ու ան պատասխանեց. «Ձեզի չվերաբերիր գիտնալ ժամերը եւ ժամանակները, զորս Հայրը վերապահած է Իրեն. սակայն դուք զօրութիւն պիտի ստանաք երբ Ս. Հոգին գայ ձեր վրայ եւ ինծի վկաներ պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիոյ մէջ եւ մինչեւ աշխարհի ծայրերը»: Երբ այս ըսաւ, մինչդեռ կը նայէին անոնք, Յիսուս վերացաւ, եւ ամպը ծածկեց զԱյն անոնց տեսութենէն: Ու մինչ անոնք արձան կտրած Անոր երկինք երթալը կը դիտէին, յանկարծ երկու հոգիներ, սպիտակներ հագած, երեւցան ու ըսին. «Ով Գալիլիացիներ, ինչ կեցեր այդպէս երկինք կը նայիք, Յիսուս, որ հեռացաւ ձեզմէ երկինք բարձրանալով, նոյն կերպով պիտի վերադառնայ, ինչպէս տեսաք անոր երկինք բարձրանալը»: Ապա Երուսաղէմ դարձան ձիթենեաց կոչուած լեռնէն, որ մօտ է Երուսաղէմին, հանգստեան օրը արտօնուած ճամբորդութեան մը հեռաւորութեամբը: Երբ քաղաք մտան, ելան վերնատունը, ուր էր իրենց օթեվանը…: Ու Առաքեալները, կարգ մը կիներու, Յիսուսի մայր Մարիամի, եւ Անոր եղբայրներու հետ միասին շարունակ աղօթքի մէջ էին» (Գործ.Ա.3-14):
Համբարձման ընթացքին գործածուած «երկինք» բառի հասկացողութեան մէջ էականը անոր տեղադրութիւնը կամ դիրքը չէ, այլ պարունակութիւնը: Երկինքը, այսպէս ըսենք, Աստուծոյ «բնակարանն» է. այն «տեղը» ուր Աստուած «ներկայ» է: Քրիստոնէական ըմբռնումով Աստուած ամենուրեք է, եւ հետեւաբար «երկինքը» ամէն տեղ է: Թէեւ Առաքեալներ տեսան Յիսուսի «երկինք երթալը», սակայն եթէ տեսած ալ չըլլային, ուրիշ ենթադրութիւնը կարելի չէր ընել: Առանց տեսած ըլլալու արդարեւ ենթադրեցին որ Ան «Նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Յիսուսը ճանչնալէն եւ Անոր յարաբերութիւնը ճշդելէ յետոյ Աստուծոյ հետ, Առաքեալներ ուրիշ ենթադրութիւն չէին կրնար ընել: Գիտէին թէ Յիսուս ով էր եւ հետեւաբար գիտցան թէ Յիսուսի «տեղը» ուր կրնար ըլլալ:
Արդարեւ տարբեր եղած էր Յիսուսի կեանքը երկրի վրայ՝ միւս մահկանացուներէն: Անոր կեանքին մէջ կար տարր մը, ազդակ մը, զոր կարելի չէր նշմարել մարդոց միւս որդիներու կեանքին մէջ: Յիսուս ըրած եւ ըսած էր բաներ, զորս կարելի չէր երեւակայել որ ընէին կամ ըսէին մահկանացու մարդերէն ուրիշներ, առանց զոհը դառնալու անկոպար անբարտաւանութեան, ախտագին մեծամտութեան կամ խելագարութեան: Մեզմէ ո՞վ կրնար ըսել. «Ես եւ Հայր ի մի եմք»: Կամ «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք», կամ՝ «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք», եւ կամ՝ «Եկայք առ իս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք, եւ ես հանգուցից զձեզ». այլովքն հանդերձ: Մեզմէ ո՞վ կրցաւ հովերը եւ ծովերը խաղաղեցնել. ձուկերու բերնէն սատերներ հանել. ունենալ՝ այն ահաւոր անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ հոգեկան ոյժը որ ինք ունեցաւ: Ո՞վ կըրցաւ մեռնիլ այնպէս ինչպէս Ան մեռաւ, եւ վերստին կեանքի գալ՝այնպէս ինչպէս ինք եկաւ: Ուստի Անոր տեղը բացայայտ էր Տիեզերքի մէջ: Այսինքն «երկինք» եւ «Աստուծոյ աջ կողմը», որ կը նշանակէ՝ հետը եւ հաւասար Աստուծոյ:
Ու մարդեր, որոնք յանդգնութիւնը ունեցան հաւատալու եւ հետեւելու այս եզրակացութեան, եւ ապրեցան այն հաստատ համոզումով թէ Յիսուս Տէրն էր ոչ միայն իրենց սրտերուն եւ կեանքին այլ նաեւ ամբողջ Տիեզերքին, փորձառաբար գտան ու վերահասու եղան այս եզրակացութեան ստուգութեան եւ ճշմարտութեան: Ստեփանոս, «այր լի շնորհօք եւ ճշմարտութեամբ», Անոր ամէնէն հարազատ եւ հաւատարիմ հետեւողը, արդարեւ ոչ միայն իր հոգեկան աշխարհի մէջ զգաց ու ապրեցաւ այս ճշմարտութիւնը, այլ նաեւ աչքերով ալ տեսաւ: Շրջապատուած մարդկային գայլերով, որոնք լսելէ յետոյ անոր անդիմադրելի խօսքերը «իրենց ակռաները կը կրճտէին անոր վրայ», իսկ ան «երկինք նայեցաւ եւ ՏԵՍԱՒ Աստուծոյ փառքը եւ Յիսուսը, որ Աստուծոյ աջ կողմն էր եւ ըսաւ. Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած եւ Մարդու Որդին կեցած Աստուծոյ աջ կողմը» (Գործ.Է.54-59): Ու կրցաւ մեռնիլ այնպէս ինչպէս Քրիստոս մեռած էր: Ու մենք կը հաւատանք թէ կ’ապրի այնպէս ինչպէս Քրիստոս ապրեցաւ Իր մահէն յետոյ:
Յիսուսի «երկինք ելանելը» շատ քիչ տարբերութիւն ունի Անոր «գերեզմանէն ելլել» էն: Այս երկու «ելք»երուն գրեթէ միակ տարբերութիւնը անոնց նպատակին մէջ է: «Գերեզմանէն կ’ելլէ» Յիսուս իր աշակերտներուն մարմնապէս յայտնուելու համար: Իսկ «երկինք կ’ելլէ» անոնցմէ ֆիզիքապէս «անյայտանալու» համար: Գերեզմանէն «կ’ելլէ» մեռելներէն բաժնուելու եւ աշակերտներուն «միանալու» համար: Իսկ «երկինք կ’ելլէ» մահկանացուներէն ֆիզիքապէս բաժնուելու եւ Անմահին ու Յաւիտենականին հետ «միանալու» համար: Կրնանք ըսել որ Յիսուսին Յարութիւնը համապատասխան է արեւի «ելք»ին, իսկ Համբարձումը՝ արեւի «մուտքին»: Երկու պարագային ալ արեւը է եւ կը մնայ այն՝ ինչ որ է. անոր «ծագումը» եւ «մար մտնելը» երեւոյթներ են յարաբերաբար մեզի, աշխարհէս դիտողներուն: Աշխարհէ դուրս ոչ «արեւ-ելք» կայ, ոչ ալ՝ «արեւ-մուտք»: Կայ միայն ինքը արեւը անփոփոխ եւ անշարժ: Մենք, հասարակ մահկանացուներս ենք, որ կը հետաքրքրուինք արեւին «ելքով» եւ «մուտք»ով. կը զուարճանանք մէկով եւ կը լրջանանք միւսով: Սակայն գիտնականներու համար այս «երեւոյթները» նշանակութիւն մը չունին. արեւի էութիւնը ըմբռնելու համար ասոնք ոչ մէկ նպաստ կրնան բերել. էականը նոյնինքն արեւն է, անոր զանգուածը, անոր լուսեղէն եւ հրեղէն բաղադրութիւնը: Տեսանելի եւ զգալի արեւը մարդկութեան հետ եղած է անոր երկրի վրայ երեւնալէն ի վեր, այսօր անոր հետ է, եւ վաղը անոր հետ պիտի ըլլայ, ու մարդկութիւնը վստահաբար գիտէ ասիկա…: Նոյն է պարագան Քրիստոսի:
«Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր, նոյն եւ յաւիտենական»: Յիսուս երէկ՝ «սկիզբէն կար, Աստուծոյ հետ էր, եւ Աստուած էր»: Յիսուս երէկ «մարմին առաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ»: Յիսուս այսօր մեզի հետ է. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրեր, մինչեւ աշխարհի կատարածը»: Առաջին քրիստոնեաներ Յիսուսին կրնային հասնիլ եւ հանդիպիլ ամէն տեղ: Ստեփանոս տեսաւ զԱյն երկինքի մէջ. Պօղոս եւ Պետրոս տեսան զԱյն ճամբաներու վրայ, մին Դամասկոսի՝ միւսը՝ Հռովմի արահետներուն վրայ: Անոր մինչեւ ի մահ հաւատարիմները եւ հետեւորդները ըզգացին Անոր ներկայութիւնը հրէական ատեաններու առջեւ, հռովմէական կրկէսներու մէջ, Հայաստանի խոր վիրապներու եւ հնձաններու մէջ: Յիսուս աւելի մօտ եւ աւելի մտերիմ եղած է Իր «բաժանումէն» յետոյ բոլոր անոնց, որոնք փնտռած են Իր ներկայութիւնը հաւատքով եւ սիրով:
Երբ Յիսուս կ’ըսէր. «Ես երբ բարձրանամ երկրէն, ամենքը ինծի պիտի քաշեմ», չէր ակնարկէր միայն իր խաչի բարձրացումին, այլ նաեւ իր Համբարձումին: Ստոյգ է, ատեն մը երբ ֆիզիքապէս ներկայ էր ու կը շրջէր եւ կը քարոզէր Գալիլիոյ գաւառներուն մէջ, արդարեւ գերեց սիրտերը այդ գեղջուկ հոգիներուն. սակայն քանի՞ հոգի ի վերջոյ յարատեւօրէն հաւտարիմ մնաց Անոր: Իսկ այսօր, երբ ֆիզիքապէս բացակայ է, միլիոններ կան բոլոր ազգերէ եւ լեզուներէ, որոնք իրենց աչքերը Անոր կը բարձրացնեն նոյն ուժգնութեամբ եւ յափշտակութեամբ ինչպէս ըրին Առաքեալները Ձիթենեաց սարի կատարին, երբ Նա կը բաժնուէր անոնցմէ:
«Քանի որ ունինք այսպիսի պետ մը, որ անցաւ երկինքներու ընդմէջէն, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին, պինդ կառչինք այն կրօնքին, զոր կը դաւանինք. վասնզի մեր այս քահանայապետը չարչարակից եղած է մեր տկարութեան, եւ փորձուած է ամէն մասամբ ըստ մեր նմանութեան բացի մեղքէն: Ուրեմն մօտենանք համարձակութեամբ Անոր շնորհաց աթոռին, ստանալու համար ողորմութիւն, եւ գտնելու համար շնորհք, երբ պէտք ունինք օգնականութեան …: (Եբր. Դ. 15-16): Արդարեւ պէտք էր որ մենք այսպիսի քահանայապետ մը ունենայինք. սուրբ, անմեղ, անարատ եւ մեղաւորներէն զատուած, ըլլալով ինք յաւիտենական՝ իր քահանայապետութիւնն ալ մշտնջենական: Հետեւաբար կրնայ յաւիտենական կեանք պարգեւել բոլոր անոնց, որոնք կը մօտենան Աստուծոյ Իր միջոցաւ: Վասնզի ինք լեցուն է կեանքով եւ բարձրացած՝ երկինքներէն ալ գերիվեր» (Եբր.Է.25-26):
—————————————————————————————
ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ
– Օրհնութիւն –
Համբարձաւ Տէր մեր յերկինս, ասելով աշակերտացն,
Նստարուք ի քաղաքիդ Երուսաղէմ.
Մինչեւ զգենուցուք զօրութիւն ի բարձանց:
Միաբանեալ սուրբ առաքեալքն միախորհ եւ միակրօն,
Միաբան նստէին ի սուրբ վերնատանն,
Եւ ակն ունէին գալըստեան Սուրբ Հոգւոյն:
Յանկարծակի եհաս ի նմանութիւն լուսոյ փայլման,
Եւ եկեալ բնակեցաւ ի սուրբ առաքելսն.
Մինչդեռ նըստէին ի սուրբ վերնատանն:
ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Տէրն մեր երկինք համբարձաւ, ըսելով աշակերտաց,
Նստեցէք դուք Երուսաղէմ քաղաքդ,
Մինչեւ ստանաք զօրութիւն երկինքէն:
Միաբանած սուրբ առաքեալներ, մէկ միտք եւ մէկ սիրտ,
Միասին կը նստէին ի սուրբ վերնատուն.
Եւ կ’սպասէին Սուրբ Հոգիի գալստեան:
Յանկարծակի հասաւ փայլուն լոյսի նմանութեամբ,
Եւ եկաւ բնակեցաւ առաքելոց մէջ.
Երբ նստեր էին ի սուրբ վերնատուն:
0 կարծիք