Երբ կոյսերը յայտնուեցան, խիստ պահպանութեան ներքեւ առնուեցան, Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը տարածուեցաւ, եւ թագաւորը հրամայեց պատուով իրեն բերել, բայց կոյսերուն դիմադրութեան վրայ, զայն բռնութեամբ տանելու հրաման տրուեցաւ։ Տրդատ բուռն հարկանէր զնմանէն, կատարել զկամս ցանկութեան, բայց չյաջողելով, Գայիանէն բերել կուտայ որ խրատէ համակերպիլ, բայց նա ընդհակառակն դիմադրութեան կը քաջալերէ, եւ ասոր համար տանջանքի ալ կ’ենթարկուի։ Հռիփսիմէ վերջնապէս կը զօրանայ, եւ Տրդատի ձեռքէն ազատուելով արքունիքէն կը փախչի, եւ հիասթափ բազմութեան մէջէն Գայիանէի հետ հնձանները կը դառնայ։ Վրայ կը հասնին արքունի դահիճներ, եւ Հռիփսիմէին զանազան տանջանքներէ ետքը յօշոտելով կը մեռցնեն, եւ ուրիշ 32 ընկերներն ալ սրամահ կը կոտորեն։ Հնձանին վրայ ալ յարձակելով այնտեղ մնացող հիւանդ Մարիանէն կը զարնեն, իսկ Գայիանէն երկու ընկերներով, միւս օր Մեծամօրի դուռնէն դուրս չորս ցիցերու պրկելով կտտամահ կը նահատակին։ Հռիփսիմեանց նահատակութեան օրը նշանակուած է հոռի 26, իսկ Գայիանեանց հոռի 27 (ԱԳԹ. 112), եւ նոյն օրերուն գրուած են անոնց յիշատակները հնաւանդ տօնացոյցին մէջ (ՄՇՏ 5)։ Նշանակուած օրերը հաստատուն տոմարի հաշուով կը պատասխանեն Հոկտեմբեր 5 եւ 6 օրերուն, սակայն այն ատեն հաշիւներ շարժական տոմարի վրայ կը կատարուէն, եւ 301ին (13), որ այդ եղելութեանց ընկալեալ թուականն է, կը պատասխանէին Նոյեմբեր 6 եւ 7 օրերուն հռոմէական տոմարով։ Յիշեալ 301 թոականը իբր լուսաւորութեան թուական ընդունելու կը նպաստէ եւ Ասողիկ, որ Քրիստոսի 553 թիւին, ի լուսաւորութենէ սրբոյն Գրիգորի, ամս 252 կը հաշուէ (ԱՍՈ. 84)։ Հռիփսիմեանց վկայութեան պատմութիւնը շատ խծբծանաց ենթարկուած է օտարներու կողմանէ, մինչեւ իսկ անոնց գոյութիւնը ուրանալու չափ։ Սակայն անոնց ծագումին խնդիրը նահատակութեան խնդիրէն զատելով, այդ վերջին մասը իրեն համար հաստատուն փաստեր ունի ազգային նախնական եւ անընդհատ աւանդութեան եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ, եւ նոյն իսկ իրենց գերեզմաններուն եւ վկայարաններուն փաստովը։ Խնդրոյ նիւթ եղած է Հռիփսիմէ անունն ալ, որ ոչ լատինական եւ ոչ ալ հայկական ծագում կը ցուցնէ, սակայն բառի մը ստուգաբանութեան անստուգութիւնը չի կրնար պատմական ստուգութեան վնասել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք