Կարմիր կիրակի

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

– ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ –

Ինչպէս յիշեցինք նախորդ գրութեան մէջ, Յինանց Դ. Կիրակիին կը տրուի ԿԱՐՄԻՐ մակդիրը: Այս կիրակին իրեն յատուկ ոչ մէկ շարական ունի, եւ հետեւաբար տարբեր չէ սովորական միւս Կիրակիներէն: Սակայն զուրկ չէ անիկա իր ուրոյն խորհուրդէն զոր կարելի է հանել անոր տրուած ժողովրդական այս անունէն: Ակնարկեցինք այդ անուան բնութենէն առնուած ըլլալու իրողութեան. այժմ անդրադառնանք անոր բարոյական եւ այլաբանական իմաստին:

Ծանոթ է թէԿարմիր գոյնը առհասարակ խորհրդանշանն է պայքարի: Կարմիրը կարծես թե շարժման մէջ կը դնէ պայքարի բնազդական «ռեֆլեքս»ները: Ցուլը՝ մարդը ձգած կարմիր կերպասին վրայ կը վազէ խեթկելու համար: Պատահական չէ, որ մարտական ժողովուրդ մը իրեն իբրեւ դրօշ ընտրած է կարմիրը, աստղով եւ մահիկով պսակուած: Պատահական չէ որ նոյնպէ որ բոլոր ժամանակներու մարտական մեծագոյն յեղափոխութիւնը իրեն իբրեւ խորհրդանշան ունեցաւ կարմիր գոյնը: Եւ զուր տեղ չէ որ հայ ժողովուրդը իր մարտական ոգին մարմնաւորող Վարդանը մկրտեց նաեւ «կարմիր» մակդիրով: Ու վերջապես պատահական չէ որ քրիստոնէութիւնը երբ ուզեց պատկերով ներկայացնել իր Յարուցեալ Փրկիչը, զգեստաւորեց զայն կարմիր ձորձով եւ Անոր ձեռքը տուաւ կարմիր դրօշ մը, խաչով նշանուած: Մինչեւ իսկ Հին Ուխտի մէջ, ասկէ շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ, Յաղթականը կը պատկերացուէր կարմիր գոյներով: «Ով է այս որ սուրալով կուգայ Եդովմէն, որուն զգեստները բոսորի կարմրութիւնը ունին, գեղեցիկ պատմուճանով եւ բուռն զորութեամբ… ի՞նչու կարմիր են զգեստներդ հնձան կոխողի մը հանդերձներուն նման». (Ես.ԿԳ.1-2):

Ծանոթ է ամենքիս «կեանքը պայքար մըն է» սովորական ասույթիւնը. Պայքա՛ր՝ ոչ միայն ի խնդիր ամենօրեայ հացի, այլ նաեւ պայքար՝ անգութ ընկերային մրցակցութեանց մէջ իր տեղը, դիրքը եւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար: Մեր ամենօրեայ ապրած ֆիզիքական կեանքի ամեն մեկ վայրկեանը մշտական պայքար է կեանքի քանդիչ ոյժերուն դէմ: Մեր միլիոնաւոր կարմիր ու ճերմակ գնդիկները մէկական զինուոր են որոնք մշտապէս կը պայքարին բնաջընջելու համար մեր ֆիզիքական կեանքի բոլոր միքրոպները, կամ իյնալու՝ կռուի պատնէշին վրայ: Նոյն է իրողութիւնը ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ համար: Կա՛յ արդարեւ այսպէս կոչուած իրականութիւն մը: Կա՛յ Քրիստոնէական կեանք կոչուածը ոչ միայն Աւետարանի էջերուն մէջ, իբրեւ բարոյական սկզբունք եւ ճշմարտութիւն, այլ նաեւ կա՛յ ասիկա ամէն մէկ քրիստոնեայի մէջ իբրեւ կենսական սկզբունք: Քրիստոնէական մկրտութեամբ ամէն մէկ հավատացեալ կ’օժտուի հոգեւոր կենսական նոր սկզբունքով մը, որ այնքան իրական է իր մարզին եւ տեսակին մէջ որքան իրական է «պիոլոժիք» կոչուած կենսական սկզբունքը ֆիզիքական մարզի մեջ: Դրոշմի խորհուրդը սահմանուած է տալու հավատացեալին այն անհրաժեշտ զորութիւնը եւ կարողութիւնը որով կարենայ «զամենայն նետս մուխս չարին շիջուցանել». այսինքն պայքարիլ այն այլասերիչ եւ ապականիչ չար ոյժերու դէմ, որոնք կը սպառնան մեզի տրուած հոգեւոր կեանքը խաթարել, տըկարացնել կամ սպաննել: Դրոշմով Քրիստոնեան կը վերածուի իսկական մարտիկի մը, պատրաստ՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու աստուածատուր կեանքը, բարոյական եւ հոգեւոր մարզերուն մէջ, երբեմն մինչեւ իսկ ի գին ֆիզիքական կեանքի:

Ու քրիստոնէական այս պայքարը սովորական, դիւրին եւ մակերեսային պայքար մը չէ, այլ տառապէս մահու եւ կենաց պայքար մըն է: Քրիստոս այս կեանքը մատնանշեց իբրեւ «նեղ դուռ եւ անձուկ ճանապարհ, որ սակայն դէպի ԿԵԱՆՔ կ’առաջնորդէ»: Իսկ «լայն դուռը», այսինքն պայքարէ խուսափիլը եւ բնազդի ու մոլութեան դիւրին եւ դերբուկ ճամբան ընտրելը կ’առաջնորդէ դեպի կորուստ: Ուրիշ առթիւ Յիսուս ըսաւ որ իր աշխարհ բերած կեանքին լոկ «հզօրները» կրնան տիրանալ: «Բռունք յափշտակեսցեն զարքայութիւն Աստուծոյ». (Մատթ. ԺԱ.12) Բուռն ոյժի պետք կայ տիրանալու համար այս նոր կեանքին եւ պահելու համար զայն: Եռանդ, մարտական ազնիւ ոգի, անհրաժեշտ են Քրիստոնեայ ըլլալու համար: Սովորական, հեղգ, պայքարելու տրամադրութենէ զուրկ մարդու գործ չէ Քրիստոնեայ ըլլալը: Յաճախ Քրիստոս եւ Քրիստոնեան կը պատկերացուին իբրեւ անվնաս, խաղաղասէր եւ այսպէս կոչուած «բարի» մարդիկ. արդարեւ այդ բոլորը են անոնք, բայց ոչ այն իմաստով զոր աշխարհ գրած է այդ բառերու մեջ: Քրիստոնեան արդարեւ լեռներէն հոսող քրքջքացող գետը չէ. այլ՝ այն խորունկ, խաղաղ եւ խոշոր գետն է, որուն շարժումն անգամ դժուար է նշմարել, որ սակայն հսկայական ոյժը կը պարունակէ իր մէջ: Արդարեւ Քրիստոնեական փոթորիկ կամ բուք ու բորան չէ. բայց հանդարտ ու առատահոս անձրեւ է, որ ոչ միայն կեանք կուտայ մեր այգիներուն եւ անդաստաններուն, այլ նաեւ կը ստեղծէ մեծ գետերուն ակունքները:

Քրիստոնէական կեանքը ձեռք ձգելու եւ պահելու համար բաղձանքը միայն չի բաւեր, թէ իսկ նախապայմանն ըլլայ այդ. կենդանի եւ բուռն հաւատք պէտք է: Թեթեւ ճիգերով կարելի չէ տիրանալ անոր, բուռն ներքին պայքար պէտք է դուրս թափելու համար նախ հին կեանքի կուտակուած մոլութիւնները, այլասերիչ եւ ապականիչ հակումները եւ ախորժակները, տեղ բանալու համար նոր կեանքին որ Քրիստոսով ապահովուած է մեզի համար, եւ որ յաճախ խոտոր կ’ընթանայ մեր բնազդական եւ կենդանական բերումներուն հետ: Ոչ ոք շահած է Քրիստոնէական այս պայքարը դիւրին եղանակով: Ուժովներ պիտի տիրանան անոր: Երբեմն ոյժի ինչ առատ ակեր կան ըստ աշխարհի տկար նկատուած մարդոց մէջ, եւ ի՛նչ քայքայիչ տկարութիւն՝ զօրաւոր նկատուած մարդոց մէջ: Ի՛նչ հիանալի իմաստութիւն կը բխի շրթունքէն ու կեանքէն յիմար կարծուած մարդոց եւ ի՛նչ յիմարութիւններ դուրս կուտան իմաստուն կարծուածները: Երբեմն ի՛նչ սըքանչելի ազնուականութիւն կայ գեղջուկ, աղքատ, պարզ սրտերուն մէջ, եւ ի՛նչ տխուր տմարդութիւն ազնուական, մեծահարուստ եւ իշխանաւոր յորջորջուած դատարկ ու կարծր սրտերու մէջ: Ասոր է, որ կ’ակնարկէ Պօղոս Առաքեալը, երբ կը գրէ Կորնթոսի քրիստոնեաներուն. «Աստուած ըստ մարմնոյ (այսինքն մարդկային չափանիշներով) մեծ թիւով իմաստուններ, հզօրներ, եւ ազնուականներ չէ, որ կանչեց Քրիստոնեայ ըլլալու համար, այլ՝ ըստ աշխարհի յիմար կարծուածները, որպէսզի ամչցնէ իմաստուն կարծուածները. ըստ աշխարհի տկար կարծուածները ընտրեց Աստուած, որպէսզի ամչցնէ հզօր կարծուածները. եւ ըստ աշխարհի անտոհմ, արհամարհեալ եւ ոչինչ նկատուածները ընտրեց Աստուած, որպէսզի իրենք զիրենք բան մը կարծողները մէջտեղէն վերցնէ. որովհետեւ Աստուծոյ «հիմարը» աւելի իմաստուն է քան մարդոց կողմէ «իմաստուն» հռչակուածները, եւ Աստուծոյ «տկարը» աւելի հզօր է, քան մարդոց կողմէ «զօրաւոր» նկատուածները»: (Ա. Կորնթ. Ա. 26-27):

Պօղոս Առաքեալ այլուր Քրիստոնեան կը պատկերացնէ իբրեւ վերէն վար զինեալ մարտիկ մը: «Ուրեմն եղբայրներ, ուժով զգացէք դուք զձեզ Տիրոջ շնորհած զօրութեան կարողութեամբը: Հագէք Աստուծոյ զրահը, որով կարենաք դիմադրել Սատանայի հնարքներուն. որովհետեւ մեր պայքարը մարդկային թշնամիներու դէմ չէ, այլ այս խաւար աշխարհի խավարային ոյժերու դէմ, երկնքի ներքեւ եղած չարության ոյժերու դէմ: Հաստատուն կեցէք, ձեր ուղիղ դիրքը մի զիջանիք ոչ ոքի: Պնդեցէք ձեր մէջքը ճշմարտութեան գօտիով, ուղղամտութիւնը թող ըլլայ ձեր լանջապանակները: Ձեր ոտքերուն անցուցէք աւետարանի խաղաղութեան պատրաստակամութիւնը: Այս բոլորին վրայ առէք հաւատքի վահանը, որով կարենաք մարել չարին բոցավառ նետերը: Դրէք փրկութիւնը իբրեւ սաղաւարտ ձեր գլխուն վրայ եւ կապեցէք ձեր մէջքին՝ Հոգիին սուրը.. այսինքն Աստուծոյ խօսքը»: (Եփս. Զ.10-19):

Իր կեանքի վախճանին՝ մեծ Առաքեալը կրնար ըսել հոգիի ամբողջ խաղաղութեամբ. «Լաւ պատերազմ մը մղեցի. հաւատքը պահեցի. ասկէ յետոյ ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը, զոր պիտի հատուցանէ Տէրը , արդար դատաւորը , դատաստանին օրը» (Բ. Տիմ. Դ. 7):

Ուրեմն ԿԱՐՄԻՐ Կիրակին կը յիշեցնէ մեզի կարեւորագոյն մէկ երեսը Քրիստոսի յարութեամբ ապահովուած մեր կեանքին, թէ գուպար մըն է Քրիստոնէական կեանքը մեր ստորին եւ անասնական հակումներու դէմ, որոնք կը նուաստացնեն զմեզ ու վար կ’իջեցնեն մարդը իր արժանապատուութեան պատուանդանէն: Պայքար՝ ընկերային քայքայիչ ոյժերու եւ ազդակներու դէմ, սուտի, կեղծիքի, անարդարութեան, չարաշահութեան եւ բոլոր նման ժխտական հակումներու դէմ որոնք կ’այլասերեն մարդկային ընկերութիւնը: Պատերազմ մըն է այդ կեանքը աշխարհի մէջ վխտացող չարութեանց, մոլութեանց, գայթակղութեանց եւ կեանքի փորձիչ ստորին հրապոյրներու դէմ: Կարմիր Կիրակին մեզի կ’այցելէ Ապրիլին կամ Մայիսին, այսինքն տարուան այն եղանակին, երբ նոր վերազարթնած բնական կեանքը պայքարի կ’ելլէ ցուրտին, խստաշունչ հովին, եղեամին, որդին եւ այն բոլորին դէմ, որոնք կը սպառնան արթնցող կեանքին: Կրնայ ըլլալ որ նոր բացուած պտուկներէն ոմանք սառին վերահաս եղեամէն, կրնայ ըլլալ որ ծաղիկներէն եւ նոր կազմուող պտուղներէն մաս մը զարնուին ու թափուին կարկուտէն. սակայն ծառին եւ տունկին կեանքը կը շարունակէ իր գոյութիւնը յառաջիկային պտղաբերելու յոյսով. կեանքը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ յաղթանակը, վասնզի արեւը եւ օդերը որոնք օր ըստ օրէ աւելի տաքու կը դառնան իրեն ի նպաստ են:

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻՆ Քրիստոնէական ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ յիշեցման օրն է: Քաջութիւնը հիմնականն է քրիստոնէական առաքինութեանց մէջ. «Կարմիրն Վարդան»ի նկարագրին ամէնէն յատկանշական գիծն էր այդ: Վա՜յ անոր որ պարպուած է անոր կարմիր շիճուկէն: Մեր բարոյական եւ ֆիզիքական գոյութիւնը պայմանաւոր է ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻԻ խորհուրդով – քաջութեամբ – եւ ազնուական գուպարով ընդդեմ այլասերիչ տարրերու՝ մեր անձէն ներս կամ ընկերութեան մէջ:

Հատկորոշիչներ՝ կարմիր, կիրակի, Հինանց

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...