Նիկիական կանոնները քսան կանոնեալ գլխովք բերուած կ’ըսուին (ԽՈՐ. 177), թէպէտ մեր կանոնագրքին մէջ 21 կանոններ կը տեսնուին այժմ (ԿԱՆ. 27)։ Լուսաւորիչ Նիկիական կանոնները ընդունելով, ի նոյն լուսաւոր կանոնսն յաւելեալ, առաւել եւս զիւր վիճակն, զՀայաստան երկիր լուսաւորէր (ԱԳԹ. 466). ինչ որ ուրիշ տեղ՝ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ կ’ըսուի (ԽՈՐ. 177). եւ ասոնք պէտք է ըլլան կանոնագիրքի մէջ երեւցած 30 կանոնները (ԿԱՆ. 34), զորս անգամ մըն ալ յիշեցինք (§ 70)։ Բայց ասոնցմէ զատ ալ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ կը գտնուին Կանոնք Սրբոյն Գրիգորի մակագրութեամբ 11 հարցումներու պատասխաններ, եւ երկու ճառօրէն կանոններ (ԱԲԼ. 23), որք առ հասարակ եկեղեցական կարգադրութեանց շուրջը կը դառնան։ Հայերէն դպրութեան դեռ կազմուած չլինելը, մտածել կու տայ թէ դժուար էր Գրիգորի հայերէն լեզուով կանոններ հաստատել, եւ հաւանական է բոլորին վրայ տարածել այն ծանօթութիւնը, որ մէկուն վրայ միայն գրուած կը գտնենք թէ թարգմանեցաւ ընդ ձեռն Եզնակայ՝ հրամանաւ երանելւոյն Սահակայ (ԱԲԼ. 25)։ Հարկաւ նոյն դիտողութիւնը պէտք է տարածել նաեւ Լուսաւորչի անուամբ մեզի հասած Յաճախապատում գիրքին համար, որ 23 ճառեր կը պարունակէ, եւ հաւատոյ եւ քրիստոնէավայել վարուց վերաբերեալ կէտերը հեղինակօրէն կը բացատրէ։ Պատմութիւնն ալ գիտէ թէ Գրիգոր աւանդեց ճառս յաճախագոյնս դժուարապատումս, առակս խորիմացս դիւրալուրս, (ԱԳԹ. 466), բայց հնար չէ կարծել որ հայերէն լեզուով գրուած ըլլան, նոյնիսկ օտար տառերով գրուած հայերէն ալ ենթադրելով (17)։ Արդէն Ագաթանգեղոսի յառաջ բերած Վարդապետութիւն սրբոյն Գրիգորի ընդարձակ գրուածն ալ (ԱԳԹ. 134-372), որ մեծ յարաբերութիւն ունի Յաճախապատում ճառերուն հետ, հայերէն բնագիր չէ (18)։ Իսկ Աստուած մեծ քարոզին վրայ կարդացուած մակագիրը, Ի սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչին մերմէ ասացեալ (ԺԱՄ. 245), աւելի լաւ կը լինէր՝ Վասն սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ ասացեալ կարդալ, այնչափ հեռու կը գտնենք Լուսաւորչի ժամանակին մէջ գանձի ձեւով քարոզի մը յօրինուածը, զի այս ձեւի սկզբնաւորութիւնն ալ հետագայ դարերու կը պատկանի։ Լուսաւորչին կարողութենէն հեռու չենք գտներ գրական արդիւնքները, վասնզի կ’ընդունինք թէ լաւ յունական զարգացում ստացած էր Փիրմիլիանոսի ձեռքին տակ (§ 43), բայց ոչ երբեք հայ գրութեամբ զարգացած մը՝ որ տակաւին գոյութիւն չունէր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք