Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։ Ասոնք իրենց թեւ թիկունք առին Պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը, որ ամէն միջոցներէ կ’ըգտնէր Հայաստանի վրայ իր թեւարկութիւնը տարածելու, ուր Տրդատի օրով տեւական մնացած էր Հռոմայեցւոց թեւարկութիւնը։ Խորենացին Որմիզդի անունը կու տայ (ԽՈՐ. 190), սակայն արդէն 309-էն Որմիզդ մեռած եւ Շապուհ Բ. թագաւորած էր, որ եւ 70 տարի թագաւորեց մինչեւ 378։ Հայ նախարարներէն անոնք որ ընդհանուր միաբանութենէ քակտած չէին, մտածեցին Հոռոմոց օգնութեամբ կացութիւնը շտկել, եւ Տրդատի որդւոյն Խոսրով Բ-ի թագաւորութեան համար անոնց հովանաւորութեան դիմել։ Կաթողիկոսն ու գլխաւոր նախարարներ գրաւոր դիմում ըրին, եւ Անտիոքոս զօրավար եկաւ, Խոսրովին թագաւորութիւնը հաստատեց, կողմնապետ հրամանատարութիւնները յանձնեց Բագարատ Բագրատունիի, Միհրան Գուգարացիի, Վահան Ամատունիի եւ Մանաճիհր Ռշտունիի (ԽՈՐ. 191), եւ փոխարէն վարձքը ընդունելով դարձաւ իր տեղը։ Խորենացին, հետեւելով միշտ այն 24 տարիներու յաւելուածական սխալին, որով իր ժամանակագրութիւնը խանգարած է (§ 81), Վրթանէս կաթողիկոսի կու տայ ի նպաստ Խոսրովի եղած դիմումը, եւ Կոստանդ կայսեր՝ զայն թագաւորեցնելու պաշտպանութիւնը (ԽՈՐ. 190), ինչ որ համեմատ չէ մեր ժամանակագրութեան։ Սակայն մեր հաշիւները կ’արդարանան Բուզանդի վկայութեամբ, որ յայտնապէս կը գրէ թէ Խոսրովի թագաւորելէն ետքը գրաւեց Վրթանէս հայրապետական աթոռը փոխանակ հօրն իւրոյ եւ եղբօրն իւրոյ (ԲԶՆ. 6)։ Ըստ այսմ Խոսրովը թագաւորած է երբ տակաւին կենդանի էր Կոստանդիանոս Կոստանդի հայրը, եւ երբ Կաթողիկոս էր Արիստակէս։ Ինչ չափ ալ Արիստակէս՝ քաղաքական գործերէ հեռու ճգնաւոր մէկ մը կը նկարագրուի, սակայն իբր կաթողիկոս նա չէր կրնար անտարբեր մնալ ազգին համար կենսական խնդիրներու մէջ, եւ իր միջնորդութիւնը աւելի մեծ նշանակութիւն կ’ունենար Կոստանդիանոսի առջեւ, որ Արիստակէսը անձամբ ճանչցած էր Նիկիոյ ժողովին առթիւ, եւ որ աւելի համակրական կապ մը ունէր Տրդատի յիշատակին հետ եւ անոր զաւկին վրայ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք