Հայոց արքայի Խոսրովի նենգութեամբ սպանութիւնը (10), ազգային պատմութենէն նոյնինքն Արտաշիրի նախաձեռնութեան կը վերագրուի (ԽՈՐ. 154), սակայն եթէ այն մինչեւ 259 պիտի յետաձգուի, Արտաշիր այլեւս կենդանի չէ, զի նոր ուսումնասիրութիւններ 242-ին կը հաւաստեն Արտաշիրի մահը եւ Շապուհի յաջորդելը։ Այդ պատճառով ոմանք Պարսիկ թագաւորին անունին ոյժ տալով՝ մինչեւ 239 կը կանխեն Խոսրովի սպանութիւնը, ուրիշներ թուականին կրթնելով նենգութեան հեղինակ թագաւորին անունը կը փոփոխեն։ Մենք կը նախընտրենք թուականը փոփոխել, աչքի առաջ ունենալով թէ թուականներ աւելի ենթակայ են այլայլութեանց քան անձնաւորութիւններ, թէ մեր ազգային պատմութիւններ ընդհանրապէս կը մեղանչեն ժամանակագրական ճշտութեանց մէջ, եւ թէ եղելութիւնը պատմագիրներուն մերձաւոր ժամանակի մէջ կատարուած լինելով, եւ Լուսաւորչեան գերդաստանին մէջ նուիրական աւանդութիւններով կենդանի պահուելով, պէտք էր ճիշդ ու թարմ լինէին գործիչներու յիշատակները։ Կրնանք եւս խորհրդածել, թէ նենգաւոր սպանութեան խորհուրդը շատ աւելի յարմար կու գար Արտաշիրի ընթացքին եւ օգուտին, որ Պարթեւական ճիւղերուն արագ ջնջուելուն հետամուտ էր, քան իր որդւոյն, որ այլեւս ապահով կը զգար ինքզինքը, Պարթեւեան հարստութեան իյնալէն 33 տարի ետքը, երբ ընկճած էր աւկ գրեթէ անհետացած էին Պարթեւազնեայց վերջին ճիգերը։ Պարթեւազնեան թագաւորական գերդաստանին մնացոռդներէն Անակ Պահլաւունի յանձն կ’առնէ Արտաշիրի առաջարկը կատարել, եւ իբր թէ Արտաշիրէ նեղուած ու Պարսից զորքերէն հալածուած՝ Կորդուաց նահանգի սահմանագլուխէն Հայաստան կը մտնէ, եւ Խոսրովէ սիրալիր ընդունելութիւն կը գտնէ (ԱԳԹ. 21), ինչպէս որ ուրիշ Պարթեւազնեայ փախստականներ ալ կանուխէն Հայոց երկիրը ապաւինած էին (ԽՈՐ. 152)։ Անակ երկու տարի մտերմաբար կ’ապրի Խոսրովի մօտ (ԽՈՐ. 155), եւ երբ Խոսրով կը մտաբերէր Արտաշիրի վրայ քալել, Անակ եւ իր եղբայրը, անունը անյայտ, պատճառանքով մը Խոսրովի հետ կը մեկուսանան Վաղարշապատի մէջ, իրենց իսկ սուրերով զայն կը սպաննեն, եւ իսկոյն դէպ Արտաշատ արշաւասոյր կը փախչին։ Բայց հայակոյտ գունդեր անոնց կը հետեւին, եւ Արտաշատու կամուրջին վրայ կը սպաննեն (ԱԳԹ. 22)։ Խոսրովի սպաննողներուն վրայ խօսելով գրոած է, թէ անոր որդին Տրդատ, ի տղայութեան փախուցեալ ի հայրասպան մարդախողխող հօրեղբարցն իւրոց (ԵՂԻ. 55) Յունաստան ապաւինեցան։ Հօրեղբայր անունը Անակի եւ եղբօր պատշաճեցուցած ատենիս, դժուար է ճիշդ իմաստով առնել, իբր թէ Խոսրովի եղբայրները ըլլային, ինչ որ պատմութիւնը զանց չէր ըներ նշանակել, իբրեւ ծանրացուցիչ պարագայ, եթէ իրօք այնպէս ըլլային։ Ուստի յարմարագոյն է աւելի ընդարձակ իմաստով առնել, իբր արենակիցներ միայն, թէպէտ պակաս չեն կարծողներ որ Խոսրով եւ Անակ հարազատներ եղած ըլլան։ Իսկ Խոսրովի որդւոյն Տրդատի ալ փախուստը պէտք եղաւ, որովհետեւ հակառակ դաւաճաններուն սպանման, Արտաշիր առիթ գտաւ անգլուխ մնացող Հայաստան մտնել, եւ տիրել, եւ Պարթեւական տոհմիկ մնացորդները ջնջել։ Անոնցմէ միայն մանկիկ մի փոքրիկ անուն Տրդատ (ԱԳԹ. 24) կ’ազատի Արտաւազդ Մանդակունիի ձեռքով, եւ աղջիկ մըն ալ Խոսրովիդուխտ անուն Օտա Ամատունիի ձեռքով (ԽՈՐ. 157)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք