Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին քրիստոնէից համայնքին կողմէ, այսինքն.

1. – Ոյժ տալ առաքելական ուսուցումի: Մարդիկ առհասարակ ի մի կը բերուին հասարակաց հաւատալիքներով: Ընդհանրապէս հայ հաւատացեալը անտեղեակ է իր եկեղեցիի հիմնական ու աւետարանական հաւատալիքներուն, կապուած է իր եկեղեցիին աւելի բնազդով քան բանականութեամբ: Անոր մէջ կը մնայ աւելի զգացական շարժառիթներով, եւ առհաւական կապերով քան համոզումով եւ հաւատքով: Ուսուցանել անհրաժեշտ է գիտութեամբ եւ անձնական կեանքի վկայութեամբ եւ փաստով: Ասիկա պիտի ըլլար առաջնահերթ պարտականութիւնը հայ Վարդապետին: Այդ տիտղոսը կրողներէն քանի՞ հոգին ունին ուսմունքը, գիտութիւնը եւ հաւատքի թափը անյետաձգելի այս պաշտօնը եւ պարտականութիւնը կատարելու:

2. – Զօրացնել միասնականութեան ըմբռնումը, առանց որուն եկեղեցին եկեղեցի չէ: Եկեղեցին պէտք է կառավարէ ինքզինքը եւ ոչ թէ՝ արտաքին ոյժեր: Եկեղեցին երբ վերածուի խամաճիկի, որուն չուանները ուրիշներ կը շարժեն վարագոյրի ետեւէն, բնական է որ կորսնցնէ ոչ միայն իր հեղինակութիւնը, այլ նաեւ՝ իր գոյութեան նպատակը ու դառնայ գործիք եւ միջոց ուրիշներու գոյութեան: Խամաճիկները ապրուստի միջոցներ են զիրենք խաղցողներուն: Շեշտել եկեղեցական հիմնական սա սկզբունքը թէ եկեղեցին ՄԷԿ ըլլալու համար պարտի կեդրոնական ՄԷԿ հոգեւոր իշխանութիւն ունենալ: Երկգլխանիութիւնը հեգնանք է եկեղեցական միութեան:

3. – Զօրացնել եւ բարեկարգել միասնական պաշտամունքը եւ միասնական աղօթքը: Մեր պաշտամունքային դրութիւնը այսօր յանգած է այնպիսի կացութեան մը, ուր գրեթէ անկարելի է հոգեւոր ապրում ունենալ. հետեւաբար զարմանալի չէ հանդիսական օրերէ դուրս մեր եկեղեցիներուն պարապութեամբ յօրանջելը: Ներկայիս պէտքը կը զգացուի ստեղծել արուեստական միջոցներ եւ մասնաւոր առիթներ՝ եկեղեցին քչիկ մը տաքցնելու եւ լեցնելու համար հաւատացեալներով: Մեր ժամանակներու յատուկ հաւատքի պակասը չէ միայն պատճառը անոնց դատարկութեան. այլ պաշտամունքի ստացած ներկայ բարդ դրութիւնը. Արդիւնք՝ դարերու ընթացքին աղօթքներու եւ արարողութեանց խաւ–խաւ իրարու վրայ բարդուելուն: Կիրակնօրեայ այսօրուան մեր պաշտամունքը լրիւ կատարելու համար, կը պահանջուի այնքան լայն ժամանակ, զոր կրնան յատկացնել լոկ հաւատքի հերոսները եւ պարտականութեան գլուխը գտնուող պաշտօնակատարները միայն, բայց ոչ հասարակ հաւատացեալները, որոնք առ հասարակ կը գոհանան լոկ Ս. Պատարագի՝ կամ անոր մէկ մասին միայն ներկայ լինելով:

Յետոյ, պաշտամունքի ոչ միայն ձեւը պէտք է կանոնաւորել, այլ մանաւանդ անոր կատարման եղանակը եւ ՈԳԻՆ պէտք է փոխել: Այս ընելու համար կատարողներուն ՀՈԳԻՆ պէտք է փոխել: Պաշտամունքը ամէնէն առաջ պիտի դադրի պոռչտուք ըլլալէ: Արդէն արտաքին աշխարհի մէջ այնքան շատ աղմուկ կայ, որ մարդիկ այլեւս անհանգիստ կը զգան ամէն տեսակ աղմուկէն: Յաճախ հաւատացեալը կուգայ եկեղեցի քչիկ մը խաղաղութիւն գտնելու ոչ միայն հոգիի եւ միտքի, այլ նաեւ ջիղերու: Խռպոտ, կոպիտ եւ անհոգի երգուածքը եւ ասմունքը աւելի կը գրգռեն մեր դիւրազգած դարձած ջիղերը: Պէտք է մօտենանք պաշտամունքի այնպէս ինչպէս տակաւին իր միասնականութիւնը պահող ներդաշնակ ու երջանիկ ընտանիք մը կը մօտենայ իր առտնին սեղանին, լաւ պատրաստուած ու համեղ կերակուր մը ըմբոշխնելու հոգեկան տրամադրութեամբ: Այն կերակուրները, զորս չուզելով կ’ուտենք՝ անմարսողութեան եւ հետեւաբար վատառողջութեան պատճառ կը դառնան: Նոյն է իրողութիւնը իրաց հոգեւոր սննդառութեան կարգին: Աղօթքը, ամենամեծ միարար ոյժն է ընկերութեան մէջ. միասին աղօթողները միասին կը մնան ոչ միայն երջանկութեան եւ խաղաղութեան պահերուն, այլ նաեւ փորձութեան, նեղութեան եւ տառապանքի շրջաններուն: Միասնական աղօթքը միայն կրնայ տալ մեզի այն ոյժը, որով կրնանք դիմանալ հաւաքաբար բոլոր այլասերիչ եւ խաթարիչ ազդակներուն, հոգ չէ թէ մենք իրարմէ անջատ ապրած ըլլանք աշխարհի այլազան հորիզոններու ներքեւ:

4. – Զօրացնել եւ ամրապնդել տնտեսական փոխադարձ պատասխանատուութեան կապերը: Թէեւ կ’ապրինք բաղդատաբար առատութեան՝ առնուազն բարեկեցութեան, մէջ սակայն քիչ չեն թիւը գրեթէ ամէն հայ համայնքի մէջ այն հաւատացեալներու եւ արենակիցներու, որոնք պէտք ունին մեր եղբայրական աջակցութեան: Իւրաքանչիւր բարեկեցիկ եւ ունեւոր եղբայր պէտք է զգայ իր մէջ բնական պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ կողմէ իրեն պարգեւուած՝ կամ իր ուշիմութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ձեռք ձգած բարիքներէն բաժին հանել, իր կարօտ եղբօր ու մանաւանդ կարօտ համայնքային հաստատութեանց: Սա պիտի ըլլայ խօսող ու թանձրացեալ փաստը, թէ արդարեւ Նոյն Հոգին կը տիրապետէ համայնքի բոլոր անդամներուն մէջ:

Երբ այս բոլորը իրագործուին, այն ատեն ուրախութիւնը եւ սրտի միամտութիւնը, այսինքն խաղաղութիւնը, անգամ մըն ալ պիտի ճառագայթէ քրիստոնեայ ազգերէ, համայնքներէ եւ անհատներէ, ինչ որ գերագոյն ձեւն է քրիստոնէական քարոզութեան, եւ Աստուծոյ փառք տալու:

Ասոնք են պատգամները եւ թելադրանքները Հոգեգալստեան հրաշալի դէպքին, Քրիստոնէական Եկեղեցիի ծննդեան տօնին:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Քրիստոնեայ առաջին հաւաքական կեանքը

Ե ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ «Ամենայն...