Ընկերային նոր շարժումը

Ա

– ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ –

Հոգեգալուստը նոր սկիզբ մըն է: Տիեզերքի ստեղծագործութեան, եւ աշխարհի վրայ կեանքի երեւումին չափ կարեւոր սկիզբ մը: Քրիստոսի Ծնունդով իրագործուած փրկութեան տեսանելի արտայայտութիւնն է: Աշխարհի արկածալից պատմութեան ամբողջ ընթացքին չէ եղած դէպք մը որ օժտուած ըլլայ այնքան հարուստ կարելիութիւններով որքան եղաւ Հոգեգալուստը: Ու ոչ մէկ ընկերային շարժում այնքան ուժգին թափ ստացած է իր սկզբնաւորութեան մէջ, որքան եղաւ Հոգեգալուստով սկսած ընկերային, կրօնական ու բարոյական նոր շարժումը. թափ մը, որ դեռ կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի որքան ատեն որ ընկերային կարգերը գոյութիւն ունենան աշխարհի վրայ:

Քրիստոնէական եկեղեցիի սկզբնաւորութիւնն է Հոգեգալուստը:

Մարդիկ ընդունին կամ ուրանան՝ պատմական անհերքելի իրողութիւն է, որ Քրիստոնէական եկեղեցին ամէնէն առողջ ազդեցութիւնը ի գործ դրած է մարդկային ընկերութեան բարքերու բարելաւման եւ մարդու բարձրացման մէջ: Ոչ ոք կը պնդէ որ Եկեղեցին կատարեալ ու անթերի կազմակերպութիւն մը եղած է: Ոչ ոք կ’ուրանայ որ անոր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին չարիքներ չեն ծնած իր մէջ. հակառակը զարմանալի պիտի ըլլար: Մարդերէ կազմուած ընկերութիւն մը լինելով զերծ չէ մնացած մարդու յատուկ տկարութիւններէ եւ մեղքերէ: Սակայն ճշդել պէտք է թէ այդ թերացումները եւ չարիքները ոչ թէ եկեղեցին, իբրեւ սիսթեմ եւ ուսուցում, ինք գործած է, այլ անոր մէջ եղած կարգ մը մարդիկ, որոնք հաւատարիմ չեն եղած անոր սկըզբունքներուն, որոնք անուանապէս անոր մէջ ըլլալով հանդերձ՝ մաս չեն կազմած անոր հոգեւոր եւ բարոյական գործարանաւորութեան: Ուրիշ խօսքով այդ թերացումները գործուած են մարդերու կողմէ՝ որոնք չեն ստացած այն հոգին, որ Հոգեգալուստով յատկապէս տրուեցաւ այս նոր ընկերային շարժումի բոլոր անդամակցողներուն: Վերջապէս մարդերու կողմէ, որոնք այդ Եկեղեցիի Ս. Գրքին իսկ բացատրութեամբ «մարած են հոգին» նախ իրենց մէջ եւ թերեւս նաեւ այն սահմանափակ զանգուածին մէջ, ուր գործուած են այդ չարիքները: Եւ Եկեղեցին ի վերջոյ դատապարտած է զանոնք:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ, հիմնական տարբերութիւնը որ նշմարուած է այս եւ միւս մարդկային ընկերութեանց միջեւ, այսինքն մեծագոյն հրաշքը որ միշտ իրագործուած է այս ընկերութեան մէջ այն եղած է որ եկեղեցին միշտ զգացած է իր մէջ ոյժը եւ կարելիութիւնը ինքզինքը վերանորոգելու: Պակսած չէ իրեն քաջութիւնը ու կարողութիւնը դարմանելու այն չարիքները, որոնք իր մէջ գործածուած են հակառակ իրեն, բայց յաճախ իր անունով: Ու գայթելով եւ կանգնելով – նման իր մեծ Առաքեալներէն մէկին, Պետրոսին – շարունակած է իր նախախնամական դերը եւ առաքելութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ: Ոստի եկեղեցիի թերութիւնները միայն նշմարել եւ մատնանշել եւ անտեսել անոր համամարդկային իրագործումները, կը նշանակէ կոյր ձեւանալ պատմական իրողութեանց հանդէպ, կամ զոհը դառնալ ժխտական նախապաշարումի եւ տգիտութեան:

Աշխարհի մէջ եթէ այսօր քչիկ մը մարդկայնութիւն մտած է, եթէ հնարաւոր դարձած է բարելաւումը եւ բարձրացումը կնոջ եւ մանկան ընկերային դիրքերուն, որոնք երբեմն անտեսուած ու արհամարհուած մասը կը կազմէին մարդկային այն ընկերային դրութեան ուր ոյժը միայն տիրական էր: Եթէ գերութեան տաժանքը նախ մեղմացած եւ ի վերջոյ մէջտեղէն վերցուած է, ու վերջապէս եթէ գիրի, գրականութեան եւ արուեստի ջահը անմար պահուած է. բարբարոսներու յարուցած փոթորիկներէն, եւ ապա ծաղկած ու դասական բարձունքի մը հասած են անոնք, այդ բոլորը եղած են Քրիստոնէական եկեղեցիի ջանքերով, քաջալերանքով եւ ազդեցութեամբ: Ասիկա այն կրօնքն էր, ուր առաջին անգամ ըսուած է. «Չիք խտիր, ոչ հրէի եւ ոչ հեթանոսի, ոչ ծառայի եւ ոչ ազատի, ոչ արուի եւ ոչ իգի. զի ամենեքեան դուք Մի էք ի Յիսուս Քրիստոս: Քանզի ամենեքեան որդիք Աստուծոյ էք հաւատովք ի Յիսուս Քրիստոս» (Գաղատ. Գ. 26–27):

Ու ասիկա ըսուած է այն մեծ Առաքեալին կողմէ, զոր ոմանք տգիտաբար կ’ամբաստանեն, որ իբր թէ չեղեցուցած է Քրիստոնէական շարժումը Իր հիմնադիրին նշանակած ուղիէն:

Արդ՝ այդ բոլորը, եւ աւելին, իրենց սկիզբը առին Հոգեգալուստով:

Ու՞ր, ե՞րբ եւ ի՞նչ պարագաներու տակ տեղի ունեցաւ այս աշխարհանորոգ դէպքը: – Երուսաղէմի մէջ, Յիսուսի Համբարձումէն տաս օրեր յետոյ, այսինքն Զատիկին 50րդ օրը, հրէական «Պենտեկոստէ» կոչուած տօնին յաջորդող Կիրակիին: «Պենտեկոստէ» բառը եթէ այսօր որդեգրած ըլլայինք պիտի հնչէինք «Բէնթիզօսթի», յունարէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «Յիսներորդ» (օր): Այսպէս կը կոչուէր ժողովրդային շրջանակներու մէջ, հրէական այն տօնը, որ կուգար իրենց Զատիկէն, այսինքն «Պասէք»էն 50 օր յետոյ, եւ որ ծանօթ է Հին Կտակարանի մէջ իբրեւ «Տօն Եօթներորդաց» կամ «Տօն ամարայնոյ», որ հունձքի սկզբնաւորութեան տօնն էր, եւ հունձքի առաջին արդիւնքներէն Տիրոջ Տաճարին ընծայելու օրը: (Ելք ԻԳ. 16, ԼԴ. 22, Երկրդ. Օրինաց ԺԶ. 9): Ետքէն այս տօնին կցուած էր նաեւ հրէական Օրէնքի տուուչութեան յիշատակը, ի ձեռըն Մովսէս Մարգարէին, Սինա լեռնէն: Եւ որովհետեւ Հոգեգալուստ ալ տեղի ունեցաւ Քրիստոնէական Զատիկէն, այսինքն Քրիստոսի Յարութենէն լման 50 օր յետոյ, ուստի այս բառը «Պենտեկոստէ», սկսաւ գործածուիլ նաեւ Հոգեգալուստին համար:

Յառաջ բերենք Գործք Առաքելոց գրքէն Հոգեգալստեան մասին գրուածը, թէ իսկ շատ շատերուն ծանօթ ըլլայ հրաշալի այս դէպքը. սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք մոռցած պիտի ըլլան ուրիշ շատ մը նիւթերու կարգին, նաեւ այս մասին իրենց սորված քիչ բանը դպրոցի մէջ: Ամէն պարագային միշտ օգտակար է մեր գիտցածները կամ մոռցածները երբեմն թարմացնել ուղղակի ակէն խմուած զուլալ ջուրերով:

«Երբ Պենտեկոստէի օրերը լրացան, անոնք – հաւանաբար այն 120 առաջին Քրիստոնեաները, որոնք Գործ. Ա. 15ին մէջ կը յիշուին – ամէնքն ալ միասին հաւաքուած էին – վերնատան մէջ: – Յանկարծ երկինքէն ձայն մը հնչեց, ուժգին հովի մը հանած ձայնին նման, եւ լեցուց ամբողջ տունը ուր անոնք նստած էին. եւ տեսնուեցան կրակի բոցի նման լեզուներ, որոնք հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ. եւ ամենքն լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կուտար անոնց: Երուսաղէմի մէջ կային երկիւղած հրեաներ, եկած երկինքի ներքեւ եղած բոլոր ազգերէն: Երբ այս – ուժգին – ձայնը լսելի եղաւ, բազմութիւնը եկաւ եւ խռնուեցաւ – վերնատան շուրջ -, եւ ապշեցան տեսնելով որ առաքեալներ կը խօսէին իրենց երկիրներու լեզուներով: Եւ զարմացած եւ սքանչացած կ’ըսէին իրարու: Այս խօսողները ամենքն ալ Գալիլիացի չե՞ն, ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըլլայ, որ կը լսենք բարբառները այն ժողովուրդներուն ուր ծնած ենք. այսինքն Պարթեւներ, Մարեր, Իլամացիներ եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետք, Հայաստան (1), Գամիրք, Պոնտոս Եգէականի շրջանը, Փռիւգիա, Պամփիւլիա, Եգիպտոս, Լիբիոյ եւ կիւրենացւոց կողմերը, եկւորներ Հռովմէն, ըլլան անոնք հրեաներ կամ նորադարձներ, Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք ասոնց խօսիլը մեր լեզուներով Աստուծոյ մեծագործութիւնները: Ամենքըն ալ զարմացած եւ շփոթած կը հարցնէին իրարու. Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Ոմանք ալ ծաղրելով կ’ըսէին. գինովցած են» (Գործ.Բ.1-13):

Արդարեւ զգլխած էին այս մարդերը, սակայն ոչ թէ ոգելից ըմպելիով, այլ նոր ոգիով մը, նոր իտէալով մը, նոր կեանքով մը:

Կեսարիոյ շրջանն է, որոնց երկուքին միջեւ կը գտնուի պատմական Հայաստանը եւ ոչ՝ Հրէաստանը:

—————————————————————————————

(1) Ազգերը կամ լեզուները յիշուած ատեն Գործք Առաքելոցի հեղինակը կը հետեւի որոշ կարգի մը: Մեր ներկայ Ս. Գրքերուն մէջ Միջագետքէն յետոյ յիշուած է Հրէաստան, որ բացայայտօրէն անտեղի է այստեղ, քանի որ դէպքը ինքնին տեղի կ’ունենայ Հրէաստանի մէջ, եւ յիշուած ազգերը կամ լեզուները օտարներն են: Միջագետքը հիմակուան Իրաքն է, իսկ Գամիրքը հիմակուան Կեսարիոյ շրջանն է, որոնց երկուքին միջեւ կը գտնուի պատմական Հայաստանը եւ ոչ` Հրէաստանը:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...