Կէս գիշեր էր, կ’ըսէ Գրիգոր, դուք ամենքնիդ խոր քունի մէջ էիք. իսկ ես տակաւին արթուն՝ աստուածային նախախնամութեան վրայ կը խորհրդածէի, եւ ահա բոմբիւն ու թնդիւն մը լսեցի, եւ տեսայ որ երկինք կը բացուէր, լուսոյ շողեր կը ճառագայթէին, եւ այր մի ի կերպարանս լուսոյ, երկինքէն իջնելով զիս անունով կը կոչէ (ԱԳԹ. 382)։ Ասոր վրայ կը պատմէ թէ իջնողը Միածինն էր, որ ձեռքը ոսկեղէն ուռ մը ունէր, մինչեւ արքունիքին մօտը գալով գետինը կը բախէր, եւ սանդարամետը կը դղրդեցնէր։ Էջմիածնի մեծ մուտքը տակաւին Տրդատայ Դուռ կը կոչուի, որ արքունիքը կը յիշեցնէ։ Մայր տաճարին ներքեւն ալ, որ դատարկ է ու կը հնչէ, Սանդարամետի գետնափոր տաճարին հին տեղը եղած է։ Գրիգոր կը շարունակէ տեսիլքին մէջ ցուցուցած Կաթողիկէին ձեւը նկարագրել։ Սիւն մը արքունիքին մօտ, ոսկի ուռով բախած տեղը, խարիսխը ճախարակեայ եւ բլուրի մը չափ մեծ, վրան հրեղէն սիւն մը յոյժ բարձր անոր վրայ ալ ամպէ թակաղակ կամ խոյակ, եւ ամենուն վրայ լուսեղէն խաչ մը։ Նոյն կերպով ու ձեւով ուրիշ երեք սիւներ ալ, առաջինէն ցած, այնպէս որ խաչով մէկտեղ մեծ սիւնին թակաղակէն վար կը մնային։ Երեք փոքր սիւներ կանգնուած էին Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի եւ Մարիանէի նահատակուած տեղերը։ Չորս խաչերուն վրայէն չորս կամարներ նետուած էին մէկէն միւսը, կամարներուն վրայ խորանարդ գմբէթ մը, գմբէթին վրայ Աթոռ Աստուծոյ, զոր մարթ է իմանալ իբր գմբէթին լապտերը, եւ աթոռին վրայ դարձեալ մեծ խաչ մը։ Տեսիլքին պարագաները դիտելով ոմանք ըսին թէ պարզապէս Էջմիածնի կաթողիկէին նկարագրութիւնն է, սակայն այն շատ հեռու է տաճարի մը նմանութենէն։ Մերկ սիւներ դաշտի վրայ, մէկ սիւն երեքէն բարձր, կամարներ խաչերուն վրայէն, գմբէթը խորանարդ, բնաւ Էջմիածնի տաճարին չեն նմանիր։ Եթէ տեսիլքին մէջ սիւն ու կամար ու գմբէթ յիշոելէն կը հետեւեցնեն, անոնք որեւէ շէնքի մէջ ալ կը գտնուին, եւ Գրիգոր կրնար լաւագոյն կերպով տաճար մը նկարագրել, վասնզի արդէն Կեսարիայի մէջ տաճարներ տեսած էր։ Աւելի յարմար է ըսել, թէ Լուսաւորիչի տեսիլքը ոչ թէ տաճարի մը նկարագիրը կու տայ, այլ Էջմիածինի չորս տաճարներուն խորհուրդը կը բացատրէ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք