Ուր որ Արտազեան յիշատակարանը կը լռէ, ուրիշ կողմէ վկայութիւն մը զայն կը լրացնէ, թէ երրորդ դարուն մէջ ալ կը շարունակէր Հայոց հայրապետներուն յաջորդութիւնը Արտազու աթոռին վրայ։ Եւսեբիոս Կեսարացի իր պատմութեան մէջ, Աղեքսանդրիոյ հայրապետ Դիոնեսիոսի թղթակցութիւնները յառաջ բերած ատեն կը յիշէ, թէ գրեց նոյնպէս վասն ապաշխարութեան առ այնոսիկ որ էին ի Հայաստան, որոց յայնժամ եպիսկոպոս էր Մեհրուժան (Mitrozane) (ԵՒՍ. 517)։ Այդ կտորը հնար չէ երբեք Փոքր Հայոց վրայ իմանալ, ինչպէս ոմանք կարծեցին (ՇԱՀ. Ա. 158), որովհետեւ իբր Փոքր Հայոց աթոռներ պէտք կ’ըլլար նկատել Նիկոպոլսոյ, Կեսարիոյ եւ Մելիտինիոյ մետրապոլտութիւնները, որք միշտ իրենց քաղաքին անունով կոչուած են, եւ երբեք Հայոց եպիսկոպոս չեն։ Նոյնիսկ Եւսեբիոսի բացարձակ կերպով Հայաստան յիշելը, այդ անունով կոչուած Մեծ Հայքը կը նշանակէ, ինչպէս որ բոլոր հին հեղինակներու մէջ կը կարդանք, եւ ոչ երբէք Փոքր Հայքը, որ անագան գործածուած անուն մըն է՝ Պոնտոսի եւ Կապադովկիոյ մէկ մասին տրուած։ Նոյն իսկ Մեհրուժան, զուտ արաւելեան անունը՝ չի պատշաճիր բացարձակապէս յունազգի եւ յունալեզու եղող Նիկոպոլսոյ ու Կեսարիոյ ու Մելիտինիոյ աթոռներուն, այլ կը ցուցնէ թէ նա Մեծ Հայոց մէջ պաշտօնավարող հայազգի եպիսկոպոս մըն է։ Իսկ Հայաստանի աթոռն ալ, Արտազէն զատ ուրիշ տեղ մը ենթադրելու նշան չունինք, որով երրորդ դարուն մէջ Արտազի աթոռին յաջորդութեան շարունակած լինելը կ’ապացուցի։ Նոյնիսկ Եւսեբիոսի գործածած են. որոց յայնժամ եպիսկոպոս էր բացատրութիւնը լռելեայն կերպով կ’արտայայտէ, թէ Մեհրուժան Հայ ազգութեան կը պատկանէր, եւ հինէն հաստատուած եւ շարունակուած աթոռի մը եպիսկոպոսն էր, որ նորէն Արտազու աթոռին կանունաւոր յաջորդութիւնը կը հաւաստէ։ Ի դէպ է յիշեալ եւս Մեհրուժան անունին Արծրունեաց տոհմին սեփական անուն մը ըլլալը, որ նորէն մեր միտքը Վասպուրականի եւ Արտազի վրայ կը տանի՝ Մեհրուժանի աթոռը փնտռած ատեննիս։ Իսկ Աղեքսանդրիոյ հայրապետութեան հետ յարաբերութեան մէջ գտնուիլը, եւ անկելոց մասին յուզուած վիճաբանութեան մասնակցած լինելը կը ցուցնեն, թէ Հայոց հայրապետութիւնը անծանօթ եւ անկարեւոր դիրք մը չունէր, այլ ընդհանուր եկեղեցւոյ գործերուն կը մասնակցէր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք