ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
– ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ –
Յինանց եօթներորդ Կիրակին ծանօթ է իբրեւ Երկրորդ Ծաղկազարդ մեր տօնացոյցին մէջ: Այդպէս կոչուած է երկու պատճառներով. նախ որովհետեւ Յինանց շրջանին՝ ամբողջութեամբ կարդացուած չորս Աւետարաններէն Ծաղկազարդի յատուկ ընթերցուածները այս Կիրակիին կը հանդիպին: Ըսած էինք մեր գրութեանց շարքին սկիզբը թէ ըստ Հայց. եկեղեցւոյ Կանոնաց Յինանց օրերու ընթացքին կը կարդացուին չորս Աւետարանները լրիւ: Արդ, կարգը այնպէս կը բերէ, որ այս Կիրակիին իյնան Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին աւետարանական ընթերցուածները:
Երկրորդ պատճառն այն է, որ Համբարձման այս չորրորդ օրը կը հասնին մեզի արձագանգները Յիսուսի յաղթական մուտքին ի վերին Երուսաղէմ: Ու այս արձագանգը կուգայ մեզի ազգային գողտրիկ աւանդութեան մը ընդմէջէն եղէգէ սրնգի մը մէջէն հոսող սրտառուչ մեղեդիի մը նման: Ըստ այդ աւանդութեան, մեր հաւատքի Հայրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իր խոր վիրապային բանտարկութեան ընթացքին, կը վայելէ այցելութիւնը եւ ներկայութիւնը երկնային էակի մը, որ ոչ միայն կը սփոփէ եւ կը սրտապնդէ զինքը իր անյոյս կացութեան մէջ, այլ նաեւ բանտի չարաշուք եւ խաւար մթնոլորտը կը վերածէ իրական երկինքի մը:
Կը պատահի որ Համբարձման չորրորդ օրը բացակայի այդ հրեշտակը. ու յաջորդ օրը երբ Լուսաւորիչ կը հարցնէ պատճառը՝ Հրեշտակը կը բացատրէ , որ ամէն տարի Քրիստոսի երկինք յաղթական վերադարձը փառաբանելու համար, ինը օրեր շարունակ հանդէսներ կը սարքուին հրեշտակներու ինը դասակարգերու կողմէ: Եւ որովհետեւ ինք կը պատկանէր հրեշտակաց չորրորդ դասուն, ուստի պարտաւոր էր այդ օր իր խումբին հետ ըլլալ, հանդիսադրելու համար Յիսուսի երկինք մուտքի Չորրորդ օրը:
Միամիտ այս աւանդութիւնը նոյնքան պարզութեամբ երգուած է նաեւ օրուան Օրհնութիւն շարականի առաջին պատկերին մէջ: (Տես գրութեանս վերջաւորութեան): Աւանդութիւններ երբ պատմութիւն են, արձագանգներն են պատմական դէմքերու եւ դէպքերու. իսկ երբ դիւցազնավէպեր կամ հէքեաթներ են, կը ցոլացնեն ժողովուրդի մը ներքին ապրումները, ցանկութիւնները եւ ընկերային ու բարոյական ըմբռնումները: Հայկ Նահապետի աւանդութիւնը ոչ միայն փորձ մըն է Հայ ժողովուրդի կողմէ իր անուան մեկնաբանութեան, այլ նաեւ արտացոլացումն է իր պրկուած կորովին եւ ազատատենչ ոգիին, որմէ – ազատութենէն – որքան ալ յաճախ զրկուած մնացած է ան, սակայն երբեք չէ հրաժարած զայն ձեռք ձգելու ցանկութենէն: Արա Գեղեցիկի զրոյցը հայ ժողովուրդի ընտանեկան սրբութեան հանդէպ ունեցած բարձր ըմբռնումին արտաքնացումն է: Սասունցի Դաւիթը բռնակալութեանց դէմ տրուած պատասխան մըն է: Իսկ «մեծահրաշ» այս աւանդութիւնը, հաստատումն է իր այն կրօնազգած խոր համոզումին, թե ինք մինակ չէ եղած իր պատմութեան ամբողջ առանձնութեան ընթացքին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը այս պատմութեան մէջ ինքը հայ ժողովուրդն է: Ըստ մարդկային չափանիշներու, ոչ ոք այնքան անել եւ անյոյս կացութեան մատնուած էր Խոր վիրապին մէջ, որչափ Լուսաւորիչը: Ոչ ոք այնքան տխուր եղած պետք էր ըլլար որքան մեծ բանտարկեալը Խոր վիրապի մենութեան եւ խաւարին մէջ: Յանկարծ սակայն բանտի մռայլ մթնոլորտը օր արեւով կ’ողողուի. կը զգայ թէ առանձինն չէ, իրմէ վեր ներկայութիւն մը կը սփոփէ, կը սրտապնդէ եւ կը յուսադրէ զինքը: Ու ինք եւ այդ լուսաւոր ներկայութիւնը մութին եւ խոնաւութեան մէջ կ’երազեն եւ կը խօսին պայծառ երկինքի մասին, երգի մասին, տօնի մասին եւ Համբարձման մասին: Ասիկա միայն Քրիստոնէական շրջանակի մէջ կարելի է: Կարդացէք Առաքեալներու բանտարկութեան պատմութիւնները. ինչպէս «Տիրոջ հըրեշտակը գիշեր ատեն բացաւ բանտին դռները եւ զանոնք ազատեց» (Գործ. Ե. 17-28): Պետրոս Առաքեալ բանտին մէջ խաղաղ կը քնանայ, «Երկու պահապաններու մէջտեղ, կրկին շղթաներով կապուած. եւ այլ պահակներ բանտին դրան առջեւ պահպանութիւն կ’ընեն. եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը եկաւ կեցաւ անոր վերեւ. լուսաւորուեցաւ բանտը, խթեց Պետրոսի կողին եւ արթնցուց զայն»… Կ’իյնան շղթաները անոր ձեռքերէն, ապահով կ’անցնին պահակներուն մէջէն: Դուռը ինքնին կը բացուի եւ Պետրոս արդէն ազատ է; (Գործ. ԺԲ. 1-19):
Պօղոս Առաքեալ եւ Ղեւոնդեանք բանտերը աղօթքի տունի կը վերածեն (Գործ. ԺԶ. 25-40 եւ Եղիշէ): Այս պատմութիւները կարդալով կը գայթակղին հրաշքի «ալէրժիկ» միտքերը, առանց ըմբռնելու թէ էականը հրաշքը չէ, այլ անով պատգամուած պատմական, ընկերային ու փորձառական ապրումները եւ ճշմարտութիւններն են որոնք անհերքելի կը մնան:
Որքա՜ն թելադրական է այս սքանչելի աւանդութիւնը նախ մեզի որ յաճախ կը գտնուինք անկարելի կացութեանց մէջ: Հաւատք, ու այդ հաւատքին հետեւող անբացատրելի «Ներկայութիւնը» կը քակեն ամէն հանգոյց:
Ու որքա՜ն թելադրական է այդ յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարդկութեան: Գըլխագիր «Անձկութիւնը» ժամանակակից մարդու գլխաւոր հոգեկան հիւանդութիւնն է. Ասիկա արդիւնք է մարդուն մինակ մնացած ըլլալու զգացումին: Աստուած մեռած հռչակած է. Երկինքը քանդած ու պարպած է իր բնակիչներէն: Իր շուրջը գոյացած է յօրանջող պարապութիւն մը, ահաւոր անդունդ մը, որմէ կլանուելու սարսափով բռնուած է: Կ’ընթանայ իր առջեւ բաց մնացած միակ ուղիէն. ոչնչացումի եւ անէացումի ճամբէն. անոր համար այնքան շատցած են «քաղաքակիրթ» երկիրներու մէջ անձնասպանութիւնները եւ ինքնափճացումի դանդաղ միջոցները, թմրեցուցիչները եւ անոնց ընկերացող բարոյական եւ ֆիզիքական մահերը:
Հաւատքը իրական ու յաւիտենական Աստուծոյ հաւատքը, հրեշտակաց հաւատքը, անդենական աշխարհի մը գոյութեան հաւատքը միայն կրնայ փրկել մարդկութիւնը իր հիւանդագին մինակութենէն. ինչպէս այդ հաւատքը փրկեց Գրիգորը Խոր վիրապի առանձնութենէն եւ անձկութենէն, դառնալու համար Լուսաւորիչը խաւարի մէջ խարխափող ժողովուրդի մը, որ մենք ենք:
ՇԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ
Մեծահրաշ այս խորհուրդ աւանդութեամբ առ մեզ հասեալ
Զոր հոգւոց լուսատուն ի պաշտպանէն իւրմէ լըւեալ.
Եթէ տօն մեծ է այսօր իմոյ դասուն որ ի յերկինս:
Քանզի ի յելսըն վերին երկնաւորին որ ի յերկրէ,
Ըստ դասուց երկնայնոցըն տօնէին ուրախութեամբ.
Ի հրեշտակացն ըսկըսեալ մինչ ի յաթոռսըն(1) կատարեալ:
Իսկ չորրորդն դասէ պաշտպան եղեալ լուսաւորչին,
Ի դասուն իւր փութացեալ ուրախոթեամբ տօնակցութիւն.
Զոր հարցմամբ ի նմանէ տեղեկանայր մարմնով հրեշտակն:
Եւ քանզի մեծ այս խորհուրդ ի փրկութիւն բանաւորաց,
Հրեշտակաց եւ մարդկան առ հասարակ կատարեալ,
Երկոցունց սեռիցն ի միասին յարմարութիւն:
Եւ զի շարժեալ նախանձու երիցագոյն զաւակին,
Ի գիւտ մոլորեալ եւ կորուսեալ անառակին.
Հրամայէ հայրըն վերին ուրախանալ ի միասին:
Վասն որոյ եւ մեք հանդիսացեալք ընդ նոսին,
Երգեսցուք օրհնութիւն հասարակաց Փրկողին.
Որ եբարձ ըզխռովութիւն եւ հաստատեաց զխաղաղութիւն:
ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Մեծահրաշ այս խորհուրդ , աւանդութեամբ մեզի հասած,
Զոր հոգւոց մեր Լուսատուն իր պաշտպանն էր լսած.
Թէ մեծ տօն էր այսօր երկինքի մէջ իր դասուն:
Երկրէն եկող Երկնաւորը, երբ վերացաւ երկինքն ի վեր,
Երկնայիններ դաս առ դաս տօն սարքեցին ուրախութեամբ.
Սկսեալ հրեշտակներէն մինչեւ վերին Աթոռները(1):
Իսկ չորրորդ դասակարգէն, պաշտպան եղած Լուսաւորչին,
Իր խումբին մէջ կը փութար տօնակցելու ուրախութեամբ.
Որմէ հարցում ընելով տեղեակ կ’ըլլար մարմնաւոր մեր հրեշտակն:
Քանզի մեծ է այս խորհուրդն բանաւորացս փրկութեան,
Հրեշտակներու եւ մարդկան. միասնաբար կը տօնուի,
Երկու տեսակ բանաւոր էակներէն առ հասարակ:
Երէց որդին առակին, երբ նախանձով էր լեցուած,
Մոլորուած ու կորուսեալ անառակին գտնուելուն,
Վերին Հայրը կը հրամայէ ի միասին ուրախանալ:
Ուստի մենք ալ անոնց հետ, մեծահանդէս տօնելով,
Օրհնութեան երգեր երգենք հասարակաց Փրկիչին.
Որ վերջացուց խռովութիւնն ու հաստատեց խաղաղութիւն:
———————————————————————————————
(1) «Աթոռք» կոչուածները հրեշտակներու 9 դասակարգութեանց բարձրագոյնը կը համարուէին:
0 կարծիք