ԵՐԵՒՈՒՄՆ ԽԱՉԻ
– Լուսապայծառ Կիրակի. ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ
Քանի որ գոյն մտած էր մեր տեսած Յինանց վերջին երկու Կիրակիներու մէջ, կարելի էր գոյն դնել նաեւ այս Կիրակիին մէջ, եւ իր տօնական անուան զուգահեռաբար կոչել զայն ՊԱՅԾԱՌ Կիրակի, վասնզի արդարեւ պայծառափայլ ու ակնախտիղ լոյս կայ անոր մէջ:
Քրիստոնէական կրօնքի մէջ խաչի ստացած իմաստին եւ կարեւորութեան մասին խօսիլը մենք կը ձգենք ուրիշ առիթի մը: Այս առթիւ բաւ ըլլայ ըսել, թէ խաչի միւս տօնակատարութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան աշնան մէջ, կապ ունին այն խաչափայտին հետ, որուն վրայ Յիսուս իր արիւնը թափեց ու մահացաւ: Իսկ Յինանց շրջանի այս հինգերորդ Կիրակիին մէջ կատարուած տօնախմբութիւնը խաչի լուսեղէն հսկայական նշանի մը երեւման յիշատակութիւնն է: Յաճախ կը լսենք «խաչին խորհուրդ»ը բացատրութիւնը, երբեմն ոչինչ եւ երբեմն ալ շատ քիչ բան հասկնալով անկէ: Այս Կիրակիի մէջ «Խաչին խորհուրդը» լուսեղէն ու տեսանելի կերպարանք ստացած է:
Նիւթական խաչը – պահ մը մոռնալով բազմաթիւ քրիստոնեաներու վզերէն կախուած ոսկեղէն զարդախաչերը – մեր մտքին ու երեւակայութեան կը ներկայանայ իբրեւ լրջութեան, ծանրութեան, մինչեւ իսկ տխրութեան խորհրդանշան մը: Գրեթէ նոյն է պարագան Աւետարանի մէջ յիշուած բարոյական խաչին, որ ազնուական բայց միաժամանակ լուրջ եւ ծանր պարտականութեան մը յանձնառութեան իմաստն ունի: «Ով որ իր խաչը չառներ եւ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ»: Իսկ այս Կիրակիի մէջ տօնուած խաչը աւելի լուսաւոր է քան արեգակը, աւելի թեթեւ՝ քան եթերը եւ աւելի գեղեցիկ քան աստղերը: Հոգեկան հրճուանքի մագնիս մըն է այն, որուն կապուած աչքերը եւ սիրտերը դժուար է քակել անկէ: Հոգեպարար երեւոյթ մըն է այն, որուն ականատեսը կը լեցուի երգելու, Աստուծոյ փառք տալու տրամադրութեամբ:
Թէեւ ըսինք որ Քրիստոսի պատմական խաչին հետ ուղղակի կապ չունի Երեւման Խաչի այս տօնը, այսուհանդերձ չի դադրիր պատմական դրուագի մը պանծալի յիշատակութիւնն ըլլալէ: Դէպքը տեղի կ’ունենայ Երուսաղէմի մէջ, Դ. դարու կիսուն, երկնակամարին վրայ: Ու այնքան խոր տպաւորութիւն կը ներգործէ Երուսաղէմացիներու վրայ ընդհանրապէս եւ քաղաքի օրուան Կիւրեղ պատրիարքին վրայ մասնաւորաբար, որ իրեն պարտականութիւն կը համարի ներկայացնել պատահարը պաշտօնական նամակով մը օրուան կայսեր, որ Մեծն Կոստանդիանոսի որդին Կոստանդիոսն էր: Այս նամակը, կամ հին բացատրութեամբ թուղթը, մինչեւ օրս կը կարդացուի մեր եկեղեցիներու մէջ այս տօնին օրը, առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին: Եւ որովհետեւ այս հրաշալի դէպքին միակ աղբիւրն է այս գրութիւնը, ուստի յառաջ կը բերենք անկէ այն գլխաւոր հատուածը, ուր կը նկարագրուի սքանչելի երեւոյթը: – Կը գրէ Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետը.
«Բարեպաշտ եւ Աստուածասէր թագաւորի Օգոստոս Կոստանդիանոսի Երուսաղէմի Եպիսկոպոս Կիւրեղ կը մաղթէ Տիրոջմով ուրախութիւն… Աստուած քու թագաւորութիւնդ սիրած ըլլալով քու օրով հրաշալի երեւոյթ մը կերտեց: Քանզի աստուածասէր ու երջանկայիշատակ քու հօրդ Կոստանդիանոսի ժամանակ փրկական խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ շնորհօք, իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ, այլ երկինքին երեսը տեղի ունեցան զարմանալի գործեր: Որովհետեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, Աստուծոյ Միածին Որդիին, մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն երանելի խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վերեւ:
Արդարեւ, Ս. Պենտեկոստէի օրերուն, Ահեկան ամսուան սկիզբը. (որ կը զուգադիպի Ապրիլի վերջերը կամ Մայիիսի սկիզբները) երրորդ ժամուն (այսինքն առաւօտեան ժամը 9-ին) լոյսէ կազմուած ամենայաղթ Խաչը, երկինքին վրայ Ս.Գողգոթային վերեւէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը, ցոլանալով կ’երեւէր: Ոչ թէ մէկ կամ երկու հոգիներու կողմէ միայն տեսնուեցաւ, այլ քաղաքիս բոլոր բազմութեան յայտնապէս կ’երեւէր: Ոչ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս, այլ ժամերով ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսը տեսանելի էր: Ու իր բոցաճաճանչ փայլով արեգակի ճառագայթներուն կը յաղթէր: Եւ այն աստիճան ուժգին էր դիտողներուս համար անոր ճառագայթումը, որ առ հասարակ քազաքի բոլոր բազմութիւնը սուրբ եկեղեցիներ փութացին, եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած մանուկներ եւ ծերեր, այրեր եւ կիներ եւ ամէն տարիքի մարդիկ, ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ, միահամուռ եւ միաբերան կ’օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ Աստուծոյ Միածին Որդին: Քանզի փորձով եւ գործնականապէս ապացուցուեցաւ թէ ամենաբարեպաշտիկ քրիստոնէից կրօնքը ոչ թէ միայն խօսքի իմաստութեամբ կը հաստատուի, այլ նաեւ Հոգիին յայտնութեամբ եւ Անոր զօրութեամբ: Մարդոցմէ չէ միայն որ կը պատմուի, այլ նաեւ երկինքէն կը վկայուի:
Արդ, մենք որ Երուսաղէմ կը բնակինք եւ այս հրաշքին մեր իսկ աչքերով ականատես եղանք, Ամենաթագաւոր Աստուծոյ եւ Անոր Միածին Որդիին վայել երկրպագութիւն եւ գոհութիւն մատուցինք եւ պիտի մատուցանենք: Եւ որովհետեւ պէտք չէր այս երկնաւոր տեսիլքին վրայէն լռութեամբ անցնիլ, այլ պետք էր աւետել զայն քու աստուածասէր բարեպաշտութեանդ, ուստի ահա փութացի գրել քեզի, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի վրայ քու ունեցած նախկին հաւատքիդ բարի հիման վրայ վերահաստատուիս»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ըստ բաւականին կարեւոր տօն մը կրնայ նկատուիլ Խաչի երեւումը, ու մանաւանդ հակառակ այն իրողութեան, որ Երեւման այս դէպքը նկարագրող եւ փառաբանող շարականներ ալ կան, սակայն մեզի անհասկնալի պատճառներով յատուկ «ԿԱՆՈՆ» չէ կազմուած մեր շարակնոցի մէջ այս տօնին համար: (Որոշ տօնի մը վերաբերեալ զանազան շարականաց համադրութիւնը մէկ գլուխի ներքեւ «կանոն» կը կոչուի շարականներու գըրքին մէջ): Խաչվերացի Եօթներորդ օրուան «ԿԱՆՈՆ»ի մէջ, օրհնութեան ծանօթ ԳՁ «Որ ծագեցեր» շարականին կը յաջորդէ ԳԿ «ԱՅՍՕՐ ԵՐԵՒՈՒՄՆ» կցորդը, որ Երեւման դէպքը պանծացնող շարական մի լինելով շատ յարմարապէս կրնար այս տօնին Օրհնութեան շարականն ըլլալ, առանց կորուստ պատճառելու Խաչի Եօթներորդ օրուան վերոյիշեալ «Կանոն»ին: Հետեւեալն է Երեւման տօնի այդ շարականը, գրուած ոչ թէ տաղաչափեալ, այլ արձակ ոճով:
«Այսօր երեւումն մեծի ճառագայթի նշանի Տեառն Աստուծոյ մերոյ, փայլեալ ի նաւակատիսըն որ յԵրուսաղէմ, ժողովուրդք բարեբանելով զՔրիստոս տօնեցէք ուրախութեամբ:
Քանզի նշոյլք կենսատու սուրբ Խաչին արեգակնակերպ փայլմամբ թափանցիկ լուսովն ի յարեւելից յայտնեալ. ժողովուրդք բարեբանելով զՔրիստոս տօնեցէք ուրախութեամբ:
Ի յերկնից ցոլացեալ ահեղ եւ նորասքանչ հրաշիւք ցուցաւ առ սուրբ Գողգոթայ, նշանն տէրունական. ժողովուրդք բարեբանելով զՔրիստոս տօնեցէք ուրախութեամբ»:
Երեւման տօնին ի յարգանս գրուած են նաեւ Խաչի Եօթներորդ օրուան «Կանոնի»ի Հարց եւ Ողորմեա շարականները: Բաց աստի Խաչվերացի Երկրորդ օրուան «Կանոն»ի Հարց եւ Ողորմեա շարականներն ալ ամբողջութեամբ Խաչի Երեւումը պատկերացնող հոգեւոր երգեր են: Որով արդար իրաւունքն էր այս տօնին յատուկ «Կանոն»ով օժտուիլը նաւ Շարակնոցի մէջ, ինչ որ զլացուած է իրեն, եւ Աւագ Օրհնութեան ու Խաչվերացի Բ. օրուան «Կանոն»ի Հարցով – իւր սարօք – գոհացուած է օրուան շարականի պահանջքը:
Ի՜նչ կապակցութիւն կրնանք գտնել այս տօնին եւ Յինանց շրջանի խորհուրդին միջեւ: Խաչին Երեւումը կերպով մը անցեալ Կիրակիի իմաստին շարունակութիւնը եւ լրումն է: Կ’ըսէինք թէ Քրիստոնէական կեանքն ալ պայքար մըն է ազնուական նպատակներ իրագործելու համար, ինքզինք կերտելու եւ կատարելագործելու համար. պայքար մը՝ ընկերութեան մէջ վխտացող չարիքները չէզոքացնելու համար, պայքար մարդկութեան մէջ սէր, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ասոնք դիւրին գործեր չեն. ասոնք հոգեկան ոյժ, քաջութիւն եւ զոհողութիւն պահանջող գործեր են, ինչ որ համազօր է ըսելու, Աւետարանի ծանօթ բացատրութեամբ. «Խաչը առնել եւ Քրիստոսի հետեւիլ», այսինքն խաչակիր ըլլալ, բառին ամէնէն ազնիւ իմաստով: Սակայն երբ խաչակրութիւնը վերջ կը գտնէ մահուամբ, ինչ որ կեանքի մեջ այնքան դժուարակիր ու ծանր կը թուէր, ի վերջոյ կը վերածուի ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն ցանկալի երեւոյթի մը: Խաչին ճամբան կը վերածուի յաղթանակի, ու նեղ ճամբան դէպի երկինք առաջնորդող լուսաւոր ճամբուն: Խաչի Երեւման մէջ նշանակալից պարագան այն է, որ լուսեղէն սուրբ նշանը կ’երկարի Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լերան կատարը: Գողգոթան Յիսուսի Խաչի ճանապարհին գագաթըն է, վերջակէտն է. իսկ Ձիթենեաց սարը այն կատարն է, ուրկէ երկինք համբարձան Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, մեծագոյն Խաչակիրը: Համբարձման լեռը, այլաբանօրէն երկնքի մուտքն է: Ինչ որ կը նշանակէ թէ Խաչը կ’առաջնորդէ զմեզ դէպի յաւերժութիւն, դեպի յաւիտենական կեանք: Յինանց օրերուն մեզի աւանդել ուզած դասը՝ մեզի սորվեցնել ուզած ճշմարտութիւնը անմահութեան գաղափարն է արդէն:
Մեր Խաչի շարականներն ալ շարունակ կը զարնեն յաղթանակի եւ պայքարի լարին վրայ, Խաչը ներկայացնելով որպէս՝ «Գավազան զօրութեան, Նշան յաղթութեան, Բանալի արքայութեան, Պարիսպ ամրութեան, Աշտարակ հզօր, Զէն յաղթութեան» եւայլ եւայլն: Խաչը «Առաջնորդ եղեւ մեզ ի կեանսն յաւիտենից»: Խաչով «Յաղթեսցուք անօրէն թշնամւոյն»: Խաչն է «Որ լուսափայլ ծագմամբ հրաշափառապէս մեզ ցուցաւ՝ի յօգնութիւն ընդդէմ թշնամւոյն»: Աստուած տուած է մեզի սուրբ Խաչը «Զի սովաւ մտցուք ընդ նեղ դուռն անձկացեալ ճանապարհին»: Վերջապէս Խաչն է «Փայտ կենաց կանգնեալ ի մէջ տիեզերաց, յոյս եւ ապաւէն ազգի մարդկան»:
Հայ ժողովուրդը Յիսուսի գերեզմանը – այդ խաւար խոռոչը – կոչած է «լոյս գերեզման»: Նոյն երեւոյթը կը կրկնուի նաեւ Երեւման տօնին: Այս անգամ Աստուծոյ նախախնամութիւնն է որ Խաչը – մահուան այդ ահաւոր գործիքը – կը վերածէ լուսաւոր նշանի:
Իմաստով մը Խաչի այս օր ցերեկով հրաշալի երեւումը կը խորհրդանշէ Քրիստոնէական եկեղեցիի հրաշափառ յաղթանակը: Արդարեւ շուրջ երեք հարիւր տարիներ հալածանքի ու չարչարանքի կեանք մը ապրելէն յետոյ Քրիստոնէական եկեղեցին չորրոդ դարու երկրորդ քառորդին, արդէն իսկ թօթափած էր իր ստորերկրեայ չարաչար կեանքը եւ ի լոյս աշխարհ եկած՝ բարձր ի գլուխ կը տարածուէր Հռովմէական կայսրութեան ամէն կողմերը, կ’իջնէր իբրեւ լոյս եւ փրկութիւն հեթանոսական խաւարին մէջ տուայտող զանգուածներուն վրայ:
Երեւման տօնը Խաչին յարութիւնն է: Ինչպէս որ Յիսուս իր իսկական ու յաւերժական ինքնութիւնը վերագտաւ իր յարութեամբը, ճիշդ նոյն ձեւով Խաչին իսկական էութիւնը եւ իմաստը ի յայտ եկաւ Երեւման լուսապայծառ դէպքին: Խաչը մերկացած է այլեւս իր նիւթական բոլոր հանգամանքներէն, եւ զգեցած է լուսեղէն եւ ոգեղէն կերպարանք, կարծես ըսել ուզելով որ բոլոր խաչակիրներ ի վերջոյ պիտի ստանան նոյն փառաւորեալ եւ լուսաւորեալ վիճակը:
ՇԱՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՄԱՆ ԽԱՉԻ
– Ողորմեա –
Ի յերկնից երեւեալ նըշանըն յաղթութեան այսօր
Հեթանոսաց ծագեաց լոյսն ողորմութեան:
Եւ բազմութեան ժողովոյն տեսանէին այսօր
Սուրբ ըզխաչն լուսոյ ճառագայթիւք զարդարեալ:
Ընդ երեւումըն սըրբոյ խաչի քո Քրիստոս այսօր
Երուսաղէմ մեծապէս պանծացաւ յոյժ:
Եւ ըզծագումըն լուսոյ աստուածային նըշանի քո
Ճառագայթիւք տեսանիւր բազմութեան ժողովոյն:
Ամենայաղթ զօրութիւն խաչի քո Քրիստոս,
Որ ցուցաւ ի յօգնութիւն ընդդէմ թշնամւոյն
Պատերազմեալ զորութեամբ քով:
ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Երկինքէն երեւցաւ յացթութեան նըշանըն այսօր,
Հեթանոսաց ծագեց ողորմութեան լոյսն:
Հաւաքուած բազմութիւնը կը տեսնէր այսօր
Սուրբ Խաչը լոյսի ճառագայթով զարդարուած:
Սուրբ խաչիդ երեւումին հետ, Քրիստոս, այսօր
Երուսաղէմ մեծապէս փայլ ըստացաւ:
Աստուածային քու նշանիդ ծագումը լոյսին
Ճառագայթեալ կը դիտուէր մեծ բազմութենէ:
Ամենայաղթ զորութիւնը խաչիդ, Քրիստոս,
Որ ցուցուեցաւ իբր օգնութիւն թշնամիին դէմ,
Քու զորութեամբդ պատերազմելու:
0 կարծիք