Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը խոր յուզում եւ տպաւորութիւն թողուց Տրդատի վրայ, որ վեց օրեր խոր տխրութեան մատնուած մնաց, եւ երբ վեցերորդ օր ուզեց որսի ելլել, յանկարծ մոլեգնել սկսաւ, եւ ինքզինքը անզգայութեան տալով դաշտերը կը թափառէր, եւ հնար չէր ըլլալ զայն զսպել։ Պալատականներէն շատեր ալ նմանօրինակ մոլեգնութեան նշաններ կը ցուցնէին։ Ընդհանուր շփոթութեան մէջ Խոսրովիդուխտ, Տրտատի քոյրը, սկսաւ հռչակել թէ իրեն կրած տեսիլքին համեմատ, պէտք է Գրիգորը Արտաշատէն բերել որ հարուածեալները բժշկէ։ Ծաղու արժանի կը սեպուէին Խոսրովիդուխտի խօսքերը, մինչեւ որ տեսիլքին հինգկնելուն վրայ, կ’որոշուէր Օտա Ամատունին ղրկել Արտաշատ, որ իրօք կենդանի կը գտնէր 13 տարիէ ի վեր վիրապ նետուած Գրիգորը, եւ Վաղարշապատ կը բերէր, եւ ախտացելոց բժշկութիւնը կը կատարուէր նորա ձեռքով։ Գրիգորի առաջին գործերէն մին կ’ըլլար կուսանաց անթաղ մնացած մարմիններին ամփոփել, եւ թէպէտ ուրեք ըսուած է թէ ինն օրէ ի վեր այնպէս մնացած էին (ԱԳԹ. 117), սակայն յարմարագոյն է Յայսմաւուրաց հետ սահմի 10-ին հաշուել Գրիգորէ վիրապէ ելնելը, որ կը պատասխանէ Նոյեմբեր 20-ին, Գայիանէի նահատակութենէն 13 օր ետքը։ Պատմութեան այս մասը ոմանց կողմէ Նաբուգոդոնոսորի արկածին նմանողութեամբ յերիւրուած զրոյց մը կը կարծուի, սակայն եղելութիւնը, եթէ իր քերթողական զարդերէն մերկացնենք, գայլախտութիւն (lycanthropie) (14) կոչուած ծանօթ ախտին կը վերածուի, եւ շատ յարմար կու գայ Տրդատի հուժկու կազմին եւ բուռն կիրքերուն եւ տարօրինակ բնաւորութեան։ Իսկ Լուսաւորչի վիրապի մէջ ապրիլը, իր հրաշալի երեւոյթէն զատ, կրնայ իբր Խոսրովիդուխտի բարեսիրտ եւ ճարտար հոգածութեան արդիւնք ընդունիլ, որ եւս քան զեւս հաստատութիւն կը գտնէ, Օտա Ամատունիի՝ նորա հաւատարիմ խնամակալին գործակցութեամբ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք