Գրիգոր անմիջապէս իր առաքելական գործունէութեան կը ձեռնարկէ, իրաւ ալ յարմարագոյն պատեհ չէր կրնար գտնել արդիւնաւոր յաջողութիւն ունենալու համար։ Հարուածեալներու, եւ առհասարակ ամէն սարսափահարներու, հնգօրեայ բացարձակ պահեցողութիւն մը կը հրամայէ, ուրկէ ետքը հարուածեալներուն բժշկութիւնը կը լրացնէ (ԶԵՆ. 25)։ Այս պահքին յիշատակն է Առաջաւորը, որ է առաջին պահք, զոր Լուսաւորիչ հրամայեց տարուէ տարի կատարել, յիշատակելով Նինուէացւոց ապաշխարութիւնն ալ, որուն նմանութեամբ հրամայած էր առաջին պահքը (ԸՆԴ. 105)։ Ապաշխարողական միջոցը տակաւին 60 օր եւս կը շարունակէ, յորս Գրիգոր անընդհատ քարոզելով եւ աւետարանելով դարձողները կ’ամրացնէ իրենց հաւատքին մէջ, եւ հետզհետէ անոնց թիւը կ’աճեցնէ։ Ընդարձակ կերպով կը բացատրէ աստուածային ստեղծագործութեան եւ նախախնամութեան ու փրկագործութեան խորհուրդները, քաղելով Հին եւ Նոր Կտակարաններու գլխաւոր կէտերը, եւ զանոնք նորահաւատ ժողովուրդին հասկացողութեան մօտեցնելով։ Ժամանակագրական զննութիւններն ալ շարունակելով կը գտնենք, որ բժշկութիւնները կատարուած կ’ըլլան ռահմի 16-ին, իսկ երկամսեայ քարոզութեանց լրումը կ’իյնան քաղոց 16-ին, որ հռոմէական տոմարին պատշաճեցնելով կը հանդիպին Նոյեմբեր 26-ին, եւ յաջորդ 302 տարւոյ Յունուար 25-ին։ Այդ վերջին թուականն է Լոսաւորչի մեծ տեսիլին, կամ ուրիշ բացատրութեամբ Միածինին Իջման կամ Էջմիածնի օրը, ինչպէս որ ինքն Լուսաւորիչն հանդիսապէս պատմած է զայն նորահաւատ բազմութեան, ապաշխարութեան միջոցէն վերջը զայն հոգեւորապէս զօրացնելու եւ մխիթարելու համար։ Էջմիածինը Հայոց եկեղեցւոյն համար հիմնական եւ նուիրական պարագայ մը լինելով, պատշաճ կը սեպնեք յառաջ բերել տեսիլին ամփոփումը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք