Եթէ Վրթանէսի արդիւնքն ու արժանիքը գնահատելի եւ գովելի էին ոմանց համար, նոյները պէտք էր թշնամութեան յորդորէին ուրիշները, որ անոր ուղղութեան հակառակ կը քալէին։ Հայաստանի մէջ յունասէր եւ պարսկասէր կուսակցութեանց ներհակընդդէմ ընթացքը բաւական յայտնի տեսնուեցաւ մինչեւ հիմա պատմուածներէն, իսկ Գրիգորի եւ բոլոր իր ազգատոհմին յունասէր կողմին հետ լինելը բնական էր, թէ անձնական յարաբերութեանց եւ թէ կրօնական սկզբանց տեսակէտին։ Վրթանէս այդ երեսէն քիչ մնաց որ դաւաճանութեան մը զոհ երթար։ նա եկած էր Տարոնի գաւառը, ուր ըստ հանապազ սովորութեան աշտիշատի մեծ աշխարհատօնը պիտի կատարէր լուսաւորիչէ հրամայուած կարգադրութեան համեմատ (§ 64)։ Պատմիչը կ’ըսէ թէ ամի ամի եօթն անգամ այդ հանդէսը կը կատարուէր, բայց կ’երեւի թէ ոչ ամէնքը Աշտիշատի մէջ, այլ Գլակ, Եղրդուտ, Տիրինկատար, Կուրաւ ալ իրենց յատուկ տօներն ունէին միեւնոյն Տարոնի գաւառին մէջ (ԲԶՆ. 7)։ Երկու հազար լեռնականներ ի բնակչաց Սիմ լերին (ՍՈՓ. Ժ. 52), որ է այժմեան Սասունը, եւ որք տակաւին զհնութիւն կռապաշտութեան հեթանոսութեան ունէին (ԲԶՆ. 7), ի սադրելոյ նախարարացն (ԽՈՐ. 188), եւ սակաւ մի խորհուրդ համարձակութեան ի կնոջէ թագաւորին առնելով (ԲԶՆ. 8), յանկարծ եկան Վրթանէսը սպաննելու միտքով, երբ նա Աշտիշատի եկեղեցւոյն մէջ զպատարագն կատարէր (ԲԶՆ. 8)։ Բայց յարձակողներ անըմբռնելի ձեռամբ կապեալ կասեցան (ԽՈՐ. 188), եւ այդ նախախնամական պաշտպանութեամբ Վրթանէս ազատեցաւ, եւ անվնաս կերպով անցավ Եկեղեաց գաւառը, եւ ապաւինեցաւ Թիլ աւանը, որ իրենց կալուածն էր։ Այդ դիպուածին ատենը լաւ ճշդուած չէ, բայց իդէպ է զայն դնել այն միջոցին երբ Խոսրովի վերջին տարիներուն մէջ մեծամեծ յուզմունքներ սկսած էին Պարսից արշաւանքին երեսէն, եւ երբ նախարարութիւնք յանիշխանութեան մնացեալք յարեան ազգ յազգի վերայ կոտորել զմիմեանս (ԽՈՐ. 8), այսինքն Հայոց մեծ տիկնոջ՝ այդ դաւաճանութեան մասնակից եղած ըլլալը, Խոսրովի կնոջ վրայ հնար չէ իմանալ, քանի որ Վրթանէս անոր դատը կը պաշտպանէր։ Այլ պէտք է ըսել թէ սա Աղձնեաց ապստամբ բդեշխին Բակուրի կինն էր, որ հարաւային գաւառներու մէջ իբր թագաւոր իշխելու յաւակնութիւն ունեցած էր։ Տարոն Աղձնեաց նահանգին սահմանակցութեան վրայ է, եւ Վրթանէսի այն կողմերը գալը առիթ տուած է ապստամբին, Վրթանէսի անձին դէմ ունեցած թշնամութիւնը յագեցնելու։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք