Այդ միջոցին, եւ հաւանական հաշուով 311-ին, տեղն ունեցծաւ Հայոց ու Հռոմայեցւոց մէջ պատերազմը, թէպէտ Հայեր ի սկզբանէ անտի բարեկամք եւ մարտակիցք էին Հոռոմոց, եւ քաղաքական պատճառ մը չկար իրարու հետ թշնամանալու։ Մաքսիմինոս Գաղերիոս Դաժ, որ Արեւելքի կայսրութիւնն ստացած էր, քրիստոնէից դէմ հալածանքը սաստկացուց, եւ չշատանալով իր սահմաններուն մէջ կատարած բռնութիւններով, Հայոց դէմ ալ ելաւ, վասնզի քրիստոնեայք էին, եւ զերկրպագութիւն Աստուծոյ փութապէս պնդութեամբ կատարէին։ Ուստի անոնց դէմ պատերազմ բացաւ, եւ սկսաւ նեղել զնոսա զի զոհեսցին կռոց եւ դիւաց։ Սակայն իր նպատակին չկրցաւ հասնիլ, վասնզի Հայոց բանակը իր ծանօթ քաջութեանը կը միացնէր քրիստոնէական եռանդը, եւ Մաքսիմինոս հանդերձ զօրօք իւրովք ի պատերազմի անդ ընդդէմ Հայոց ի բազում ուրեք հարեալ վատթարէր նոցա (ԵՒՍ. 688)։ Այս դիպուածէն ետքը տեղի ունեցող սովն ու ժանտախտը, քրիստոնէից կողմէ իբրեւ աստուածային պատուհաս մը նկատուեցաւ, Մաքսիմինոս Դաժի անլուր բռնութեանց եւ քրիստոնեայ ազգի մը դէմ ըրած թշնամութեանը համար։ Այդ պատերազմը, որուն յիշատակը մեզի պահած է Եւսեբիոս պատմագիրը, եւ զոր մեր առաջին մատենագիրներ զանց ըրած են իրենց պատմութեան փոխանցել, Հայոց կանուխ քրիստոնէութեան դառնալմուն փաստն է, եւ միանգամայն նշան մըն է անոնց եռանդուն եւ գործունեայ զգացումներուն։ Կրօնական պատերազմներ ընելը Հայոց պատմութեան յատկանիշ պարագաներէն մէկն է, եւ կը տեսնենք որ Ե. դարու նշանաւոր պատերազմներէն շատ առաջ, երկրին ընդհանուր քրիստոնէութեան առաջին օրերէն, սկսած են Հայերը ամենայն զօրութեամբ սուրբ հաւատքը պաշտպանել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք