Գրիգորի զաւակներուն ծնունդը 262 եւ 264 տարիներու մէջ նշանակեցինք (§ 46) որով քառասուն տարեկանի մօտ անձեր պէտք է եղած ըլլային, երբոր Գրիգոր Կեսարիա գնաց ձեռնադրութեան համար, եւ զարմանալի է որ այդ պարագային զաւակները չեն յիշուած։ Խորենացին, առաջ մէջտեղ չելլելնին երկիւղի հալածանացն կը վերագրէ, իսկ վերջէն չերեւնալին ալ իբր առաքինական խոնարհութիւն կը մեկնէ, իբր զի եւ ոչ ի քահանայանալն եւ ի փառաւորել հօրն երեւեալ պերճացան (ԽՈՐ. 161), սակայն եթէ Արիստակէս Նիկոմաքոսի մօտ կը ճգներ, եւ եթէ Վրթանէս աշխարհիկ կեանք կը վարէր ալ, եղելութեանց անգիտակ եւ անտարբեր պէտք չէր ըլլային։ Յարմարագոյն է թերեւս ըսել, որ չարչարանքներէն եւ վիրապէն ետքը իրենց հայրը մեռած գիտէին, եւ իրենք ալ Կեսարիայէ հեռու կը գտնուէին։ Այս կերպով կրնայ մեկնուիլ, որ անակնկալ կերպով լուան յոմանց ի տեղեկաց, որ գիտակ արարին զթագաւորն, թէ Գրիգոր ժամանակով ամուսնացած, եւ երկու զաւակ ունեցած էր, եւ թէ աննք տակաւին կենդանի էին (ԱԳԹ. 449)։ Տրդատի հրամանով երեք նախարարներ, Արտաւազդ եւ Տաճատ եւ Դատ, Կեսարիա գացին, եւ հազիւ Արիստակէսը իր ճգնարանէն զատեցին եւ Վրթանէսն ալ իր ընտանիքով մէկտեղ բերին Հայաստան։ Գրիգոր, կարծես անցաց դարձածին անտեղյակ, նոյն պահուն ալ իր առանձնութեան մէջ կը գտնուէր, եւ ինքն թագաւորն եկողները Գրիգորին կը տանէր։ Ժամանակին տարածուած գաղափարներուն հետեւանքն էր, սերնդական յաջորդութեան բացառիկ յարդ մը տալ, ուստի ամենուն համոզմամբ մեծ բախտ մըն էր Գրիգորի զաւակները իբր գլուխ ունենալ, եւ ընդհանուր փափաքին վրայ, Արիստակէս իբրեւ միայնակեաց եւ իբրեւ աւելի հոգեւորական անձ, մեծ եղբօրմէն առաջ եպիսկոպոսութեան կը կոչուէր, եւ իր հօրը հայրապետական պաշտօնին կը նշանակուէր։ Թուականը ճշդելու համար պատմական պարագայ մը չենք գտներ։ Շատեր 316-ին կը դնեն Արիստակէսի ձեռնադրութիւնը, այլ հաւանակագոյն կ’երեւի 310-ին դնել Գրիգորի զաւակներուն Հայաստան գալը, եւ Արիստակէսի անմիջապէս ետքը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք