Միայն Արտազեան յիշատակարանէ ունինք հայրապետիս անունը, մինչ Զաքարիայի եւ Զեմենտոսի անունները ուրիշ պատմութեանց մէջ ալ հիշուած էին։ Հետեւապէս իր ծագումին եւ նախընթացին եւ գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին։ Իրեն պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը նշանակուած է տասնուհինգ տարի, իսկ վախճանը մարտիրոսութեամբ, առանց որոշ թագաւորի անունին, այլ պարզապէս ըսուած է թէ իահատակեցաւ ի բարբարոսաց (68 ԱՐՐ. 102), որ աւելի քան տեղական իշխանութեան գործը, արտաքին արշաւանքի հետեւանքը կը նշանակէ։ Պատմութեան մէջ այսօրինակ արշաւանքներ ստէպ նշանակոած կան, եւ պէտք իսկ չէնք տեսներ ճշդել, թէ բարբարոսաց որ ցեղին ձեռքով տեղի ունեցած է այդ նահատակութիւնը։ Ատրներսէհի վերջին օրերուն մօտ կը վախճանի Սիւնեաց եպիսկոպոսը՝ Բաբելաս Խուժիկ, որ յաջորդած էր Կումսիի (ՕՐԲ. Ա. 62), եւ Սիւնեցիք չունէին իրենց պատրաստ եպիսկոպոս մը, որ աթոռը գրաւէր, ուստի քաջալերեալք ի Սուրբ Հոգւոյն առաքեն առ Սուրբն Թադէ զոմն մի Մուշէ անուն, որ եւ ոչ կարաց դառնալ անդրէն (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Շատեր այդ կտորը այնպէս իմացած են, իբր թէ նոյնիսկ Թադէոսի կենդանութեան ժամանակ, յիշեալ Մուշէ Սիւնեցւոց կողմէ ղրկուած ըլլայ ձեռնադրուելու համար։ Սակայն ժամանակագրական կերպով անհնար է այսպիսի բացատրութիւն մը տալ, վասնզի Մուշէ, Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն կարգին Եւստաթէոսի, Կումսիէ եւ Բաբելասէ ետքը կու գայ, եւ ինչչափ ալ ուզուի ժամանակագրութիւնը բռնադատել, անհնար է Թադէոսը տակաւին կենդանի ենթադրել Բաբելասի մահուընէ ետքը։ Շատ աւելի դիւրին է Սուրբ Թադէ անուն ոչ առանձին, այլ աթոռին վրայ իմանալ, եւ հին եկեղեցական լեզուին մէջ անսովոր չէ հիմնադիր առաքելոյն անունով կոչել աթոռը, առաքեալին իշխանութիւնն եւ հեղինակութիւնը մշտատեւ եւ կենդանի ըմբռնելով իր աթոռին եւ իր յաջորդաերուն վրայ։ Այդ բացատրութիւնը երբ մէկ կողմէն ժամանակագրութիւնը կը դիւրացնէ, միւս կողմէ Արտազեան յիշատակարանէն նպնստաւոր փաստ մը կը կազմէ, թէ Հայ քրիստոնէութիւնը ճանչցած էր Արտազի աթոռին գոյութիւնը եւ հայրապետական իշխանութիւնը։ Մուշէ Ատրներսէհէ ձեռնադրուելէ ետքը չէ կրցած դառնալ անդրէն, որովհետեւ անմիջապէս տեղի ունեցած է Ատրներսէհի նահատակութիւնը, եւ Մուշէ նովին իսկ Արտազու հայրապետական աթոռին կոչուած է, ինչպէս Արտազեան յիշատակարանն ալ կ’ընդունի, թէ Մուշէ մը եղած է յաջորդն Ատրներսէհի, որուն պաշտօնավարութեան վերջը կը հասցնէ մեզ մինչեւ 92 թուականը կամ առաջին դարու վերջերը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք