Գարեգին Ա.
«Ան-ժամանակը ժամանակին մէջ»
Քրիստոսի ծնունդը լոկ պատմական եղելութիւն մը պէտք չէ նկատուի մեր կողմէ, անցեալին յանձնուած և այսօր յիշատակութեան միայն արժանի և կամ խրախճանքի իբր առիթ: Ոչինչ կ՚արժեն տօնախմբութեանց շքեղութիւնը, խրախճանութեան պերճութիւնը եթէ երբեք անտարբեր ու անհաղորդ կը մնանք Ծնունդի ներքին, եղափոխիչ իմաստին, եթէ երբեք ան չի տար մեր հոգիի կեանքին համար ոևէ նոր նկարագիր, ընթացք, ձգտում ու թափ: Մեր հոգիները ևս պէտք ունին խաղաղութեան: Մեղքերու մէջ յաճախ կը տարուբերին անոնք, բայց մենք ունինք փրկութեան յոյսը, աւելին՝ անոր փորձառութիւնը: Ամէն օր թերևս կ՚արտասանենք ՔՐԻՍՏՈՍԻ անունը «Փրկիչ» բառով: Բայց այսօր մանաւանդ պէտք է ապրինք զԱյն մեր մէջ իբրև ՓՐԿԻՉ (էջ 64):
Սէր-Աստուած սիրոյ Իր բնութեան մղումով խոնարհեցաւ դէպի մարդը, եղա՛ւ մարդ, ապրեցաւ մարդկօրէն՝ մարդը իր հարազատ բնութեան մէջ վերականգնելու և անոր կոչումին ուղիղ գացող ճամբան բանալու համար անոր ոտքերուն առջև. ուրիշ խօսքով՝ աստուածապատկեր մարդը «աստուածակերպ» կեանքին մէջ ապրեցնելու համար ինք որպէս Աստուած ապրեցաւ «մարդակերպ» կեանքը (էջ 72):
Քրիստոսի մարդեղութիւնը, այսինքն՝ Իր որպէս Աստուած մարդկային կեանքի մէջ գոյութենապէս յայտնըւիլը, աստուածայայտնութիւնը, հանդիպումն է Աստուծոյ և մարդուն, ամենէն իրական իմաստովը բառին: Իր կեանքը աշխարհին վրայ՝ միախառնումն է աստուածայինին ու մարդկայինին: Համբոյրը երկինքին ու երկրին: Երկինքին էջքը երկրի վրայ ու երկրին երկնայնացումը հոգեկան կեանքի ուժեղ թափանցումովը անոր մէջ, ինչպէս արեգակի շողին թափանցումը խոր մթութեան մէջ, գիշերին ցերեկի փոխակերպումով (էջ 72):
Քրիստոսի մարդեղութիւնը ճշմարտութեան թանձրացումն է, իրականացումը կեանքին մէջ: Շատ իմաստուն մարդիկ շատ գեղեցիկ բաներ ըսած էին ճշմարտութեան մասին: Բայց Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, միայն չխօսեցաւ ճշմարտութեան մասին, այլ եղա՛ւ ճշմարտութիւնը: «Այս է ճշմարտութիւնը» չըսաւ՝ թուղթի վրայ արձանագրելով զայն կամ օդի ալիքներուն յանձնելով իր խօսքը, այլ «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը» ըսաւ՝ իր կեանքի դրուագներուն մէջ կենդանի պատկերը տալով ճշմարտութեան, Իր անձին մէջէն: Քրիստոսեան իր կրօնը էապէս տեսական նկարագիր չունի, այլ գոյութենական (existential) (էջ 72):
Քրիստոսի մարդեղութիւնը, տակաւին, միացումն է հոգիին և նիւթին: Ստեղծագործութեան խանգարուած վիճակին մէջ կարգ ու ներդաշնակութիւն ստեղծող ոյժը: Մարդոց մէջ հոգիներու «հաճութիւն»ը այն ներդաշնակ վիճակն է, որ նախ մարդիկը իրենք իրենց մէջ երջանիկ կ՚ընէ, հաշտ՝ իրենց խիղճերուն և անոնց վերև հայող Աչք-Աստուծոյն հետ, և որմէ հոսող ջուրը կեանքի մէջ խաղաղութեան ստեղծագործ «կենդանի ջուրն» է մարդու ապրումներն ու արարքները ծաղկուն ու պտղալից ընծայող (էջ 73):
Նիւթին տիրապետութեան դէմ ըմբոստացման, ընդվզումի հրաւէր է Քրիստոսի Ծնունդը (էջ 74):
0 կարծիք