Եպիսկոպոսներու խումբին քով նշանակուած կը գտնենք միայնակեացներու խումբ մըն ալ, ընդհանրապէս Գինդ Սլկունիի աշակերտութենէն, գործունեայ եւ բարեկարգիչ կրօնաւորներու դասակարգ մը, որք ոչ միայն քրիստոնէից մէջ կը քարոզէին ճշմարտութեան եւ ուղղութեան կանոնները, այլեւ ծակուծուկ մնացած հեթանոսներն ալ դարձնելու համար հեռաւոր եւ անմատոյց կողմեր կը պտտէին (§ 156)։ Յանուանէ յիշատակուածներէն մէկն է Տրդատ, որ եւ Տրդած, որ Ներսէսի մահուան ատենն ալ մօտը գտնուած էր (§ 153), եւ անոր մահուընէ ետքը յառաջին վարդապետսն, յանապատաւորաց դասս թեւակոխեաց, եւ իրեն կայանք բնակութեան ըրած էր Տարոն գաւառը։ Կը յիշուի եւս Մուշէ, որ Գինդի հաւատարիմ ընկերը եղաւ, եւ անոր մօտ մնաց Ծաղկէոյ լեռը, երբ ուրիշներ զայլ գաւառս շրջէին հրամանաւ իւրեանց գլխաւորին Գնդայ, եւ անբաժան մնաց մինչեւ Գինդի մահը։ Կը յիշուին եւս Վաչակ, Արտոյտ եւ Մարախ, բայց անունէն զատ ուրիշ պարագաներ չենք գտներ իրենց վրայ (ԲԶՆ. 281)։ Միայնակեացներու կարգին պէտք է յիշենք Առոստոմն ալ, թելակալ Փաւստոս եպիսկոպոսի եղբայրը, ինքն ալ ազգաւ հոռոմ, որ անապատական կեանք վարած է Արարատ գաւառի մէջ, մաշկահանդերձ եւ խոտաճարակ, եւ սրբութեան համբաւ վայելած, որով մահուընէ ետքն ալ մարմինը թաղած են՝ Ներսէսի հայրապետի կալուածներէն Ամօքն գիւղը, որ թերեւս ըլլայ Վանայ շրջակայից Ամիւկ գիւղը, եւ ամի ամի զյիշատակ նորա կատարած են (ԲԶՆ. 273), թէպէտեւ Յայսմաւուրքի մէջ ասանկ յիշատակի հանդիպած չենք։ Առոստոմ տարբեր եղած է Գինդի աշակերտութենէն, եւ մասն չէ ունեցած անոնց բազմօգուտ եւ առաքելական գործունէութեան մէջ, որ ճգնասուն անապատականէ շատ աւելի գերազանց է։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք