Այդ պարագաները հնար չէ որ հետաքրքրութիւն չշարժէին Տրդատի հետեւորդներուն մէջ, եւ չգրգռէին Գրիգորի անձնաւորութեան վրայ հետազօտութիւններ ընել։ Այս կերպով Տաճատ իշխան Աշոցայ, Արտաւազդ Մանդակունիի քեռայրը, որ ժամանակ մը Կեսարիա ապրած էր (ԽՈՐ. 158), կը յաջողի Գրիգորի ինքնութիւնը ստուգել, եւ Տրդատի ալ կը հաղորդէ թէ նոյնինքն տիրասպան Անակի զաւակն է (ԱԳԹ. 70)։ Այդ յայտնութիւնը, զոր պէտք չենք զգար ճիշդ վերջին չարչարանքէն ետքը երեւան եկած ըսել. Տրդատի ցասումը կը սաստկացնէ եւ գուցէ անոր հետեւանքով ալ չարչարանքները կը խստացնէ, եւ վերջանպէս կը հրամայէ Արտաշատի վիրապը նետել, որ էր մահապարտներու համար սահմանուած խիստ բանտ մը։ Խոր գուբեր էին վիրապները, գազիր կենդանիներով լեցուն, ուր նետուած մահապարտները անտանելի արգելարան մկ կը գտնէին, եւ երբեմն ալ անսուաղութեամբ եւ տուայտութեամբ կեանքերնին կը վերջացնէին։ Այսօր ալ իբր ուխտատեղի կը մնայ Լուսաւորչի վիրապը, Արտաշատի բլուրին վրայ, Խոր վիրապի վանքին մէջ։ Հինգ վեց մեթր տրամագիծով գուբ մըն է, շուրջանակի կոփածոյ քարերով բոլորակ հիւսուած, իսկ խորութիւնը այժմ 25 ոտք սանդուխ է, բայց բաւական մաս մը ժամանակին լեցուած է։ Ներքեւը քար մը կայ երկու մաշած տեղերով, որք կը ցուցուին իբր Լուսաւորչի ծնրարդրութեան հետքեր։ Գուբին բերանը այժմ կամարով գոցուած եւ վրան փոքրիկ եկեղեցի մը շինուած է, եւ կողմնակի մուտքէ մը վիրապին մէջ կ’իջնուի։ Այստեղ տարոեցաւ Գրիգոր իբրեւ մահապարտ։ Ճանապարհին Սուրէնաշէնհանդիպած լինելը յիշեցինք արդէն (§ 39)։ Կարնոյ մոտ ալ Ս. Լուսաւորիչ վանքին եկեղեցւոյն աւանդատան մէջ փոքրիկ գոբ մը կը պատուուի, իբր Լուսաւորչին գիշեր մը բանտի ծառայած արգալարան, թէպէտ գուբն ալ եւ եկեղեցւոյ մէջտեղի բոլորակ քարն ալ, նմանութեամբ շինուած կ’երեւին։ Լուսաւորիչ աստուածային նախախնամութեամբ ապրեցաւ յայնմ վիրապի ամս երեքտասան (ԱԳԹ. 71), եւ բարեպաշտ այրի կին մը հոգաց անոր ոգեպահիկը (ԱԳԹ 72), ուր շատ հաւանական է տեսնել Խոսրովիդուխտի հովանաւորութիւնը, որ գաղտնի քրիստւոնեայ, գոնէ քրիստոնէից համակիր մը եղած է (12)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք