20. Սակայն Արտազու աթոռին յաջորդութիւնն ալ բացատրելու համար շատ քիչ էին առձեռն գտնուած տեղեկութիւնները, եւ գրեթէ բան մը ըսել հնար պիտի չըլլար, եթէ բարեդէպ պարագայ մը օգնութեան չհասնէր եւ փոքրիշատէ նիւթ չընծայէր մեր նախադասած դրութեան։ Այդ օժանդակութիւնը կ’ընծայէ մեզի Մայր Աթոռոյ Արարատ ամսագիրին հրատարակած մի պատառիկը (68 ԱՐՐ. 102), քաղուած ՉՀԹ = 1330 թուակիր գրչագիրէ մը (68 ԱՐՐ. 41), որ Արտազու արքեպիսկոպոս՝ նշանաւոր Ծործորեցի Զաքարիայի խնամքով պատրաստուած է, եւ առնուած է ՂԸ = 649 թուին գրուած Մաղարթեցի Յովհաննէս վարդապետի յնշատակարանէն (68 ԱՐՐ. 102), Յիշատակագրութիւնք եպիսկոպոսաց առաքելական վիճակիս Արտազու մակագրութեամբ։ Որչափ ալ ժամանակակից գրուած մը չըլլայ, ուսումնասիրութեան հիմ կազմելու հեղինակութենէ զուրկ չէ, զի ձեռքէ ձեռք փոխանցուած աւանդութեան մը արձագանգն է եւ հնար չէ ո՛չ Մաղարթեցին եւ ո՛չ Ծործորեցին մտացածին կամ խաբէական տեղեկութեանց հնարիչ ենթադրել։ Ուրիշ տեղ ալ ըսինք թէ բոլոր եկեղեցիներ իրենց նախնական դարերու յիշատակները նմանօրինակ աւանդութեանց վրայ հիմնած են։ Այդ յիշատակարանը մեզի առաջնորդ պիտի առնենք, Հայոց հայրապետական աթոռին չարայարութիւնը կազմելու համար, քանի որ ոչ ներքին եւ ոչ արտաքին պատմութիւններ՝ երբեք դժուարութիւն կամ անյարմարութիւն չեն ներկայեր անոր դէմ։ Նոր ուսումնասիրողներէն շատեր ալ ընդգրկած են մեր տեսութիւնները եւ մեր կազմած ցուցակը, եւ քանիներ զայն փոխանցած են իրենց աշխատասիրութեանց մէջ, ի բաց առեալ անոնք, որոնք Հայ եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը ժխտելու կանխակալ կարծիքին կը ծառայեն։ Իսկ հին Հայ մատենագիրներուն այդ մասին պահած լռութիւնը, պէտք է վերագրենք այն չափազանց պաշտալութեան զոր ունեցած են Երկրորդ Լուսաւորչին վրայ, եւ այն փափաքին որով ուզած են անոր գործին մեծութիւնը զգալի ընել, եւ որ այնչափ գրաւած է իրենց ուշնուրուչը՝ որ բոլորովին մոռցած են փնտռել, գտնել, գրել եւ յիշատակել ինչ որ առաքեալներէ մինչեւ Լուսաւորիչ անցած միջոցին կը պատկանի, եւ ինչ որ Հայոց աթոռին առաքելականութեան հիմ եւ փաստ պէտք է ըլլայ։ Նոյն մատենագիրներ առաքելականութեան կէտը ամենայն պնդութեամբ կը պաշտպանեն, եւ Գրիգորը Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի յաջորդ կը հռչակեն, ինչ որ պիտի չկրնային ընել, եթէ առաքեալներէն մինչեւ Գրիգոր՝ Հայ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած եւ Հայոց աթոռը շարունակած չըլլար, եւ այս բաւական է մեզի անոնց ներքին համոզումը յայտնելու։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք