Պատմութիւնը աղքատ է Արիստակէսի գործունէութեան մանրամասնութեանց մասին, եւ չի ներկայեր մեզի յատուկ եղելութիւններ նորա արդիւնաւորութիւնը բացատրելու համար։ Բայց ամենուն տեղ կրնայ անցնիլ իր հայրն ալ գերազանցած ըլլալուն վկայութիւնը (ԱԳԹ. 453)։ Միանգամայն էր սուսեր հոգեւոր ըստ ասացելումն, վասն որոյ թշնամի ամենայն անիրաւաց եւ զազրագործաց թուէր նա (ԽՈՐ. 179)։ Այսչափը կը բաւէ ցուցնել Արիստակէսի անաչառ եւ անվտանգ հաստատամտութիւնը, որով սաստիկ եւ բուռն կերպով կ’ընդդիմանար նախարարներու անառակութեանց եւ անիրաւութեանց, եւ ոչ միայն յորդորներով եւ խրատներով կը ջանար անբարշտութիւնները արգիլել, այլեւ եկեղեցական արդարութեան հոգեւոր զէնքերով, սաստերով եւ արգելքներով, երկար ապաշխարութիւններով եւ նզովքներով կը դիմադրէր անոնց։ Այս է ըստ մեզ Արիստակէսի սուսեր հոգեւոր կոչուելուն իմաստը։ Սակայն զեղծ ու պիղծ անձերուն զայրոյթը չէր մեղմանար, եւ անոնք որ իրենց թագաւորին դէմ ալ դաւաճանեցին, պիտի չներէին հարկաւ անզէն հայրապետին համարձակութիւնը։ Անոնց ամենուն մէջ աւելի կատաղի գտնուեցաւ Արքեղայոս Ծոփաց նախարարը, որ գուցէ քաղաքական պատճառներ ալ ունէր Արիստակեսէ վշտացած ըլլալու, ուստի ուզեց վրէժը լուծել. եւ երբ Արիստակէս Ծոփաց գաւառին մէջ կը գտնուէր իր հովուական պտոյտներով ժողովուրդը զօրացնելու, Արքեղայոս անձամբ պատահեալ ի ճանապարհի, սպան զնա սրով (ԽՈՐ. 179)։ Բուզանդ ալ խոստովանութեան մահ կ’անուանէ Արիստակէսի վախճանը (ԲԶՆ 6), թէպէտ մասնաւոր պարագայ չի յիշեր։ Արիստակէսի եւ Ծոփաց գաւառին մէջ մասնաւոր յարաբերութիւն մը կրնայ նկատուիլ այդ առթիւ, յիշելով մանաւանդ որ Նիկիոյ հայրապետներուն ցանկին մէջ Ծոփաց եպիսկոպոսի պաշտօնական անունը տրուած է Հայոց Մեծաց ներկայացուցիչին, որ նոյնինքն Արիստակէսն է։ Թէպէտ աւազակային ոճիր մըն է Արքեղայոսի ըրածը, բայց երբ նկատենք սպաննութեան դրդիչ պատճառը, շուտով կը կազմենք խոստովանող մահուան փաստը, որովհետեւ Արքեղայոս կշտամբեալ ի նմանէ, սպասեաց ի դիպող աւուր (ԽՈՐ. 179)։ Կշտամբանքը հաւանաբար եկեղեցական կամ կանոնական ձեւ մըն ալ ունեցած է, որ Արքեղայոս վրէժխնդրութեան շարժելու ոյժ ունեցած է։ Արիստակէսի հետ կը յիշուին իր աշակերտները, որք Ծոփաց գաւառին մէջէն, թէպէտ յայտնի չէ թէ որ գիւղէն կամ որ ձորէն, մարմինը փոխադրեցին Եկեղեաց գաւառը, եւ պատուով թաղեցին Թիլ աւանի մէջ, որ էր կալուած Գրիգորի հօրն իւրոյ (ԲԶՆ. 6), բայց Գրիգորի մահուընէն ետքը ժառանգութեամբ իւր աւանն էր եղած (ԽՈՐ. 179)։ Արիստակէսի գերեզմանը կը գտնուի այսօր Երզնկայի Ջուխտակ-Հայրապետ վանքին մէջ։ Յիշատակը պատուուած է եկեղեցւոյ մէջ իբր տօնելի սուրբ, Լուսաւորչի որդւոց եւ թոռանց կարգին, որոնց տօնացոյցը նշանակած է տրէի 22-ին (ՄՇՏ. 5)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք