Ասպուրակէսի հայրապետութեան Խորենացի կու տայ ամս հինգ (ԽՈՐ. 231), եւ այս է ընդհանուր գաւազանագիրներուն կրկնածը, եւ ոմանց 7 տարի տալը, պարզապէս Ե եւ Է տառերուն փոխանակութեան պէտք է ընծայել։ Ընտրութեան թուականը 381-ին ըլլալով, վախճանը կ’իյնայ 386-ին, որ ըստ ամենայնի կը պատասխանէ պատմական եւ ժամանակագրական պահանջներուն։ Մահուան պարագաները եւ թաղման տեղը նորէն անծանօթ կը մնան, եւ մենք ասոր նկատմամբ ալ բնական կը գտնենք ըսել, ինչ որ միւս Մանազկերտացիներուն համար ըսինք, թէ ծերութեան հասակի մէջ խաղաղութեամբ վախճանեցաւ, եւ իր հայրենական Մանազկերտի մէջ թաղուեցաւ։ Միեւնոյն տարին վախճանեցաւ Յունաց բաժնի Արշակ թագաւորն ալ, տակաւին նորահաս երիտասարդութեան տարիքին մէջ։ Պապի երկու որդիներն ալ տկարակազմ եւ վատառողջ տղաքներ պէտք է եղած ըլլան, ախտամոլ եւ դեռահաս ծնողի մը զաւակներ եղած ըլլալով։ Կրտսերը Վաղարշակ, թագաւոր հռչակուելէն ետքը տարի մը իսկ չապրեցաւ ու մեռաւ (ԽՈՐ. 231), իսկ Արշակ ալ հիւանդացեալ մաշարայական ախտիւք ջեռանի հիւծմամբ (ԽՈՐ. 237), որ է ըսել, թէ սրընթաց թոքախտ ունեցող մէկն էր։ Երեւել դաշտի պատերազմին յուզմունքն ու տառապանքն ալ իրենց դերը ունեցան, վասնզի Եկեղեաց գաւառը ապաւինելէն ետքը՝ տարաբախտ երիտասարդը այլեւս գլուխ չկրցաւ վերցնել, եւ օրըստօրէ մաշելով եւ հիւծելով մեռաւ, եւ հարկաւ Հանիի թագաւորական գերեզմանները թաղուեցաւ։ Արշակի զաւակ ունեցած ըլլալը չի յիշուիր, որով Արշակունի ժառանգ ալ պակսեցաւ եւ Յոյներ թագաւորութեան անունն ալ դադրեցնելով, կոմէոս կացուցին իբրեւ իշխանս, այսինքն կուսակալ, կամ յունական բառով կուրապաղատ։ Իսկ Հայոց նախարարներուն գլխաւոր եւ հայագունդ զօրաց հրամանատար նշանակեցին Գազաւոն Կամսարականը, որով Հայաստանի յունական բաժինը այնուհետեւ իբրեւ կայսերական գաւառ նկատուեցաւ, եւ կայսերութեան վարչական ձեւին ենթարկուեցաւ։ Արդէն հայրապետական աթոռն ալ դատարկ էր, եւ միայն Խոսրով կար մէջտեղ իբրեւ ազգային պետ մը, եւ նմա կ’իյնար, եւ նա հոգաց հայրապետական աթոռը արժանաւոր գահակալով մը օժտել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք