Լուսաւորչի ծննդեան թուականը 239-ին գրած էինք, եւ իր ամուսնութիւնը 261-ին նշանակած, 22 տարեկան եղած ատեն (§ 46)։ Չարչարանքներուն ատեն 287-ին Գրիգոր 48 տարեկան մարդ մը եղած կ’ըլլայ, եւ 62 տարեկան վիրապէն ելած եւ ձեռնադրութիւն ստացած եւ առաքելական աշխատութեանց ետեւէ եղած։ Որչափ ալ առաջին տարիներու մէջ ժիր եւ գործունեայ կեանք մը ունեցած լինելը կը տեսնենք, եւ ծանր ու արդիւնաւոր աշխատութեանց նշանները ունինք, սակայն չենք կրնար չյիշել թէ բազմաչարչար անցեալ մը տկարացուցած պիտի ըլլար զայն, մանաւանդ վիրապէն ետքը անմիջապէս տարօրինակ յոգնութեանց պարտաւորեալ ըլլալով։ Որչափ ալ առանձնական եւ ճգնաւորական կեանքի սէրն ենթադրենք Գրիգորի վրայ, պէտք է տկարացած ըլլալուն պարագան ալ նկատի առնենք, երբոր կը տեսնենք որ ինքն ընդ ժամանակս ժամանակս յահապատ լերինս ելանէր (ԱԳԹ. 442), հոգեկան հանդարտութիւն մը վայելելու համար։ Որչափ ալ Գրիգորի երբեք երբեք իջանել լինէր՝ շրջել զօրացուցանել զաշակերտեալսն (ԱԳԹ. 444), սակայն այս չէր բաւեր նորահաւատ ժողովուրդին համար, որ իր հովուապետին անմիջական ներկայութեան կը կարօտէր, եւ Տրդատ ինքն ալ շատ աղաչեաց զԳրիգոր վասն հանապազորդ առ նմա կալոյ, սակայն Գրիգոր կը դժուարէր թագաւորին առաջարկը կատարել, ոչ հաճեալ զառնոյր յանձն, այլ յանպատ տեղիս հալածեալ բնակութեամբ (ԱԳԹ. 449), հանդարտ եւ խաղաղ կեանքի պէտքը կը զգար։ Թէպէտ զԱղբիանոս զայր ճշմարիտ եւ աստուածասէր վերակացու թողոյր արքունական դրան բանակին (ԱԳԹ. 442),սակայն նա չէր բաւէր Լուսաւորչի անձին հրապոյրը զարթուցանել։ Ասկէ յառաջ եկաւ Գրիգորի զաւակները Կեսարիայէ բերել տալու որոշումը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք