ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ (109)

Այդ միջոցին պէտք է դնել երկու նշանաւոր ճգնաւորներուն անունները, որոնք կրնան կրօնաւորական կեանքի նախատիպարը ըսուիլ մեր ազգին մէջ։ Անտոն եւ Կրօնիդէս բնիկ Կեսարացի էին, եւ Լուսաւորիչի այն կողմերէն բերած կրօնաւորներուն եւ եկեղեցականներուն մէջ աւելի նշանաւորներ՝ իրենց սրբակրօն ճգնութիւններով։ Երբոր Լուսաւորիչ, Տարոնի Իննակնեան բարձունքին վրայ Գիսանէի մեհեանին տեղ Ս. Կարապետի եկեղեցին եւ վանքը հիմնեց (§ 64), այնտեղ հաստատեց յիշեալ երկու ճգնաւորները իբրեւ տիպար եւ օրինակ կրօնաւորական կեանքին, զոր պիտի վարէին հոն հաստատուող 40 ճգնաւորները։ Իսկ Տարոնի ընդհանուր վերակացութիւնը յանձնուեցաւ Զենոբ Գլակի, եւ Եպիփան ալ անոր օգնական դրուեցաւ Իննակնեան վանքի վերակացութեան համար (ԶԵՆ. 10)։ Այնուհետեւ կանոնաւոր եւ միակերպ կեանք մը անցուցած են յիշեալ ճգնաւորները՝ երբեմն վանքին մօտ ապրելով ու նոր կրօնաւորները վարժեցնելով, եւ երբեմն շրջակայ անտառներուն մէջ հեռանալով, ու կատարելապէս առանձնանալով։ Անոնց անունը կը յիշուի անգամ մը Գրիգորի եւ Տրդատի իրենց այցելութեան երթալուն առթիւ, որք պարտաւորուեցան Աղբիանոս եպիսկոպոսի ձեռքով զանոնք օրերով լեռներուն մէջ փնտռել տալ (ՍՈՓ. Ժ. 69). եւ անգամ մըն ալ երբ Գրիգոր փափաքեցաւ հաստատուն կերպով Իննակնեան բարձունքը մնալ, եւ երկու ճգնաւորները զինքը այդ խորհուրդէն հեռացուցին (ՄԱՄ. 7)։ Երկուքին ալ ճգնաւորական կեանքը 40 տարի տեւեց Իննակնեան վանքին մօտ եւ շրջակայ լեռները (ՍՈՓ. Ժ. 93), սկսելով 302-էն, որ տարին Գրիգոր Տարոնի քարոզութիւնները կատարեց եւ տեղւոյն վանքերը հիմնեց։ Երկու ճգնաւորներուն մահը կ’իյնայ 342-ին, առաջ Անտոնինը եւ երկու ամիս ետքը Կրօնիդէսինը։ Ս. Կարապետի վանքին մօտ պզտիկ մատուռի մը մէջ կը պահուին երկու սուրբերուն գերեզմանները, իսկ իրենց յիշատակը տօնելի է ուրիշ Հայ ճգնաւորներու հետ։

Հատկորոշիչներ՝ Անտոն, Կրօնիդէս, ճգնաւորներ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ (108)

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւակները․

Բայց անլոյծ կը մնար հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը, զոր պէտք էր կերպով մը կարգադրել, համաձայն ազգային ըմբռնման, որ տակաւին չէր զատուէր ժառանգական յաջորդութեան գաղափարէն։ Յուսիկ երկու զաւակներ ունէր, որոնց ծնունդը 313-ին դնելով, իրենց հօրը մահուան տարին, 347-ին, 34 տարեկան ժիրուժիր երիտասարդներ էին, որք իրենց հօրը նախկին դիրքէն եւ իրենց արքայազարմ մօրմէն օգտուելով, թագաւորական պալատին մէջ ապրած ու յառաջացած էին։

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ (107)

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ – Դանիէլ Ասորին կաթողիկոսական գահի թեկնածու․

Հարկաւ Տիրան ինքն ալ զգացուեցաւ, երբոր բորբոքեալ զայրոյթը անցաւ։ Անշուշտ չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբոր Թորդանէ եկող գուժկանը՝ Յուսիկի մեռնելուն լուրը բերաւ։ Գուցէ եւ կեղծուպատիր վշտակցութեան եւ տարաժամ համակրութեան նշաններ ալ ուզեց տալ, զինք չքմեղելու, եւ Լուսաւորիչի թոռը սպաննած լինելու եղեռնական արատէն ինքզինքը արդարացնելու համար ազգային ընդհանուր մեղադրանաց առջեւ։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ (106)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ – Տիրան թագաւորի և Յուսիկ կաթողիկոսի փոխհարաբերութիւնները․

Վերոհիշեալ պատմութիւնները կը համաձայնին եղելութեան գլխաւոր գիծերուն մէջ։ Պատահական տարբերութիւն մըն է, թէ Տիրան պաշտօնապէս հրամայեց ջալոտիւք հարկանել, կամ թէ աւագանին խուժեց բրածեծ ջախջախել. նոյնպէս նաեւ թէ Բնաբեղի մէջ ծեծի տակ հոգին աւանդեց, կամ թէ քիչ ետքը Թորդանի մէջ մեռաւ ծեծին հետեւանօք։