Այստեղ Արտազեան յիշատակարանը կը խոստովանի, թէ զկնի սորին չկարացաք գտանել, թէ ոյք յաջորդեալ են ի տեսչութիւն եկեղեցւոյ առաքելական վիճակիս Արտազու (68 ԱՐՐ. 103)։ Այդ խոստովանութիւնը, հեռու պակասութիւն մը ըլլալէ, մեր կարծեօք Արտազեան յիշատակներուն ստուգութեան փաստ մը կ’աւելցնէ։ Վասնզի եթէ Մաղարթեցին, որ յիշատակներուն հաւաքողն է, մտացածին եւ քմահաճոյ տեղեկութեանց հետեւող մը ըլլար, առաջին եւ երկրորդ դարերու համար անուններ եւ թուականներ յիշելէ ետքը, դիւրաւ երնար երրորդ դարն ալ նոյն կերպով լրացնել, մանաւանդ որ աւելի իրաւունք պիտի ունենար մերձաւորագոյն դարերու համար կամայական տեղեկութիւններ տալու։ Երբոր նա միայն անկեղծութեամբ կը խոստովանի թէ երրորդ դարու համար հնաւանդ յիշատակներ չէ կրցած գտնել, այսու ստուգութեան հետամուտ ուղղութիւն ունենալը կը յայտնէ, եւ առանց հիման տեղեկութիւն տալէ զգուշաւորութիւնը կը ցուցնէ, որ զօրաւոր փաստ մը կը լինի ի նպաստ իր արժանահաւատութեան։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք