Քրիստոնեայ առաջին հաւաքական կեանքը

Ե

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

«Ամենայն հաւատացեալքն էին ի միասին, եւ ունէին զամենայն ինչ հասարակաց» (Գործք. Բ. 44)։

Հոգեգալստեան դէպքը իր եզրակացութեան կը բերուի Գործք Առաքելոցի մէջ, ամփոփ եւ ընդհանուր ակնարկով մը, նետուած նախնական եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին վրայ: Հետեւեալն է այդ խտացեալ պատկերը:

Առաջին հաւատացեալները, որոնց թիւը շուրջ 3 հազար էր, «կը հաւաքուէին միշտ լսելու համար Առաքեալներու ուսուցումը, հասարակաց կեանք ապրելու համար, հաց բեկանելու եւ աղօթելու համար: Աստուածային երկիւղի զգացում մը կը շրջապատէր զանոնք, եւ շատ մը հըրաշքներ ու զարմանալիքներ կը գործուէին Առաքեալներու ձեռքով:

Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ ամէն ինչ հասարակաց էր իրենց մէջ: Իրենց ստացուածքները եւ ինչքերը կը վաճառէին եւ արդիւնքը կը բաշխուէր բոլոր անոնց, որոնք կարօտ էին: Ամէն օր տաճար կ’երթային միասնաբար. իսկ տուներու մէջ հաց կը բեկանէին, եւ կերակուրի կը մասնակցէին ուրախութեամբ եւ պարզ սրտով: Կ’օրհնէին զԱստուած, եւ կը վայելէին համակրանքը հասարակ ժողովուրդին: Եւ Տէրը ամէն օր կ’աւելցնէր անոնց թիւը փրկեալներով»:

Ահաւասիկ պատկերացումը նախնական քրիստոնեայ համայնքին: Խտացեալ այս ակնարկը մեզի կուտայ բացատրութիւնը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սա այնքան շատ գործածուած եւ այդ իսկ պատճառով այնքան շատ մաշած «Քրիստոնէական կեանք» կոչուածը:

Ինչ որ քարոզեցին Քրիստոս եւ Առաքեալներ, ոչ միայն կը կազմէր էութիւնը եւ հիմնական սկզբունքները ու օրէնքները կրօնք ըսուածին, այլ նաեւ կերպերը, միջոցները եւ պայմանները առօրեայ հասարակաց կեանքին: Կ’ուսուցանէին անոնք՝ ոչ թէ որպէսզի մարդիկ բաներ մը գիտնային կրօնքի մասին, այլ որպէսզի մարդիկ ապրէին համաձայն այդ ուսուցմանց: Քրիստոնէութիւնը ապրելու եղանակ մըն է, եւ ոչ կրօնական գիտելեաց շտեմարան մը:

Այսօր մարդիկ – խորհող մարդիկ – կեանքին մէջ «իմաստ» կը փնտռեն եւ չեն գտներ, եւ հետեւաբար կամ կը դիմեն անձնասպանութեան, յաճախ տառապէս, բայց մանաւանդ գործածութեամբ թմրեցուցիչներու, ու յատկապէս գերին դառնալով մէկը միւսէն զարհուրելի մոլորութեանց, որոնք եթէ տառապէս եւ անմիջապէս չեն սպաններ մարդը, բայց կ’առաջնորդեն ֆիզիքական մահուան ու կը փութացնեն զայն, բարոյապէս փճացնելէ յետոյ մարդը: Քիչեր կը փորձեն կեանքի այդ իմաստը գտնել՝ ապրելով կեանքը այնպէս ինչպէս պէտք է, ու կ’արժէ ապրիլ զայն:

Ժամավաճառութիւն է, օրինակ, արարքը գրել–կարդալ չգիտցող մարդու մը, որ ժամերով կը սուզուի գրքի մը էջերուն վրայ անոնցմէ իմաստ մը դուրս բերելու համար: Կարճ ճամփան նախ սորվիլն էր ձայները տառերուն, եւ ապա հեգել բառերը այն ատեն գործնականապէս կը տեսնէ թէ ինչ սքանչելի իմաստներ կ’ելլեն անոնց մէջէն:

Անիմաստ է սպասել որ կեանքն իր ներքին ծալքերը եւ իմաստը բանայ մեր առջեւ մեր կեանքէն դուրս: Մեր առօրեայ կեանքն է որ պիտի պարգեւէ մեզի այդ գաղտնիքը կամ իմաստը:

Ու ապրելու ընթացքին, առնուազն անոր վերջաւորութեան մոտ, յայտնի կ’ըլլայ թէ կեանքը արդարեւ անիմաստ դատարկութի՞ւն մըն է, թէ իմաստով լեցուն երջանկութիւն մը: Այդ կախում ունի մեր ապրած կեանքի տեսակէն: Մէկը որ կապրի «իշխանավայել» կեանք, ինչպէս ապրեցաւ օրինակ Սողոմոն, այսինքն եսասէր եւ հաճոյամոլ կեանք, որ իր սկզբնական շրջանին կրնայ համով ու հոտով ըլլալ, բայց ի վերջոյ, այսինքն յագենալէն ու ֆիզիքական հաճոյքները վայելելու կարողութիւնը կորսնցնելէ յետոյ, կեանքը կը վերածուի «ունայնութիւն ունայնութեանց»:

Սակայն այստեղ, այսինքն քրիստոնէական շարժումի սկզբնական շրջանին, ականատես կ’լլանք մարդերու հաւաքականութեան մը, որոնք գտած ըլլալ կը կարծեն կեանքին իմաստը եւ կ’ապրին զայն իր լիութեան ու մանաւանդ «ուրախութեանը» մէջ: Մարդիկ, որոնց շրթներուն վրայ կայ օրհնութեան մշտամրմունջ երգը եւ որոնցմէ կը ճառագայթէ մի այնպիսի անտեսանելի բայց զգալի շնորհ եւ մարդկային ջերմութիւն, որ պարզ հոգիներու մէջ՝ համակրանք կը ստեղծէ, իսկ եղծուած եւ այլասերած սիրտերուն մէջ նախանձ եւ ատելութիւն, բայց միաժամանակ չխոստովանուած երկիւղ եւ յարգանք: Արդ ինչ են պարզագոյն գիծերը այս նոր կեանքի կառուցուածքին:

1. ՆՈՅՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՈՒՆԷԻՆ

Նախ «ամենայն հաւատացեալքն էին ի միասին»: Կապուած են իրարու ընտանեկան – չայլասերած – ընտանեկան – կապերու համապատասխան միաւորութեամբ մը: Այստեղ, այս նոր ընկերակցութեան մէջ, արիւնի դերը կկատարե հաւատքը: Ընտանիքի մը մէջ ամենքը նոյն արիւնը ունին: Այստեղ ամենքը նոյն հաւատքը ունին: Ամենքը «հաւատացեալ» են: Ամենքը «էին հանապաղորդեալք ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑՆ»: Ուրիշ խօսքով Աստուծոյ մասին, կեանքի մասին, ներկայի մասին, ապագայի մասին նոյն գաղափարները, նոյն իտէալները եւ նոյն համոզումներն ունէին: Հաւատքը եւ համոզումը հիմնական դեր ունի մարդերու կեանքին մէջ: Ի՞նչ բանի կը հաւատաս կամ ինչ բանի չես հաւատար. ամբողջ կեանքդ այս հարցումներու պատասխանէն կախում ունի: Մինչեւ իսկ եթէ դուն չուզես հետաքրքրուիլ, չուզես յայտարարել թէ ինչի կը հաւատաս կամ չես հաւատար, կեանքդ բարձրաղաղակ պիտի պոռայ թէ ինչի կը հաւատաս շատ աւելի յստակ եւ հասկնալի եղանակով քան եթէ բառերով ուզէիր արտայայտել զայն: Հաւաքականութեան մը միասիրտ զանգուած մը կազմելուն գազտնիքը մէկ եւ նոյն հաւատքը ունենալուն մէջ է: Ու այս միատարր հաւատքը ունէին առաջին քրիստոնեաները եւ հետեւաբար «Ամենքը միասին էին»:

2 . ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ՀՈԳԻՈՎ ԿԱՊՈՒԱԾ ԷԻՆ

Երկրորդ յատկանիշը քրիստոնէական այս նախնական ընկերութեան՝ կը բարացուցուի «ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ» բառով: Առաջին քրիստոնեաներ մշտապէս կհաւաքուէին ոչ միայն ունկնդրելու «վարդապետութեան առաքելոց», այսինքն առաքեալներու ուսուցմանց, այլ նաեւ «ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ»: Գլխադրուած բառին յունարէնն է «Քենոնիա» որ ներկայիս շատ գործածական բառ մըն է միջ-եկեղեցականն շրջանակներու մէջ, եւ որ անգլերէն Ս. Գրքին մէջ թարգմանուած է «Ֆելօշիբ» բառով, որ պարզապէս կը նշանակէ բարեկամական ընկերակցութիւն: Հետեւաբար վերեւի բառով չակնարկուիր Հաղորդութեան Ս. Խորհուրդին, այլ այդ բառին ընկերային ըսկըզբնական իմաստին, որ կը նշանակէ բարեկամական յարաբերութիւն: Ուրեմն հաւատացեալները իրարու հետ սէրտ ու եղբայրական յարաբերութեան մէջ էին: ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ Պօղոս Առաքեալի սիրական բառերէն մէկն է, բացատրելու համար այն միութիւնը որ կայ մէկ կողմէն հաւատացեալներու միջեւ՝ եւ միւս կողմէ հաւատացեալներու եւ Քրիստոսի միջեւ: Աստուծոյ կողմէ կանչուած էք, կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ «Ի Հաղորդութիւն Որդւոյ նորա Յիսուսի Քրիստոսի Տեառն մերոյ» (Ա. Կորնթ. Ա. 9): Երբ հաւատացեալներ մասնակից են իրարու առօրեայ եւ հասարակաց կեանքին, իրարու վիշտերուն եւ ուրախութիւններուն, իրարու սեղանին ու հասարակաց աղօթքին, գործնականապէս իրարու հետ «Հաղորդութեան» մէջ են: Նմանապէս, երբ հաւատացեալներ անհատաբար կամ հաւաքաբար կը մասնակցին Քրիստոսի կեանքին հոգեւորապէս, «ի հաղորդութեան» են Անոր հետ: Նոյն է պարագան Ս. Հոգիին համար: Պօղոս Առաքեալ «Աստուծոյ սէր» ին եւ «Քրիստոսի շնորհք» ին հետ միասին կը մաղթէ հաւատացեալներուն, իբրեւ գերագոյն բարիք, նաեւ «Հաղորդութիւն Հոգւոյն Սրբոյ» (Բ. Կորնթ. ԺԳ. 39):

«Հաղորդութիւն» բառը առաքելական այդ շրջանին մինչեւ իսկ առած էր իմաստը «բարիք ընելու», այսինքն ուրիշները մեր նիւթական բարիքներուն մասնակից դարձնելու մարդասիրական ազնիւ զգացումին եւ արարքին: Ըստ այսմ՝ Պօղոս Առաքեալ իր հաստատած արեւմտեան բարեկեցիկ եկեղեցիներէ հաւաքած նուէրները, Երուսաղեմի աղքատ եկեղեցիին համար, կը կոչէ «Հաղորդութիւն»: Հռովմայեցւոց գրած նամակին վերջաւորութեան կ’ըսէ Առաքեալը, «Այժմ Երուսաղէմ կ’երթամ այնտեղի եղբայրներուն նիւթական նպաստ տանելու համար: Քանզի Մակեդոնացիներուն Յունաստանցիներուն «հաճոյ թուեցաւ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ինչ առնել ընդ աղքատըս սրբոցն որ են յԵրուսաղէմ»: Գեղեցիկ սովորութիւն՝ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի նաեւ այստեղ Իսթանպուլի մէջ: Արդարեւ ամէն մէկ նուէրը որ մեր ժողովուրդին զաւակները կուտան իրենց տխուր կամ ուրախ առիթներով, կամ սիրոյ սեղաններուն շուրջ մեր համայնքային կարօտ հաստատութեանց, տառապէս «Հաղորդութիւն» է այդ հաստատութեանց հետ:

3 . Ս . ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ Կ’ԱՌՆԷԻՆ

Նախնական այս քրիստոնէական եկեղեցիին մէջ տիրող երրորդ յատկանշական երեւոյթն էր «բեկանել զհաց»: Ուրեմն կհաւաքուէին անոնք ոչ միայն ունկնդրելու Առաքեալներու ուսուցանողական խօսքերը, եւ մասնակից դառնալու հասարակաց առօրեայ միասնական կեանքին, այլ նաեւ՝ «բեկանելոյ հացին»: Սա կը նշանակէ սեղանակցութիւն, բառին կրօնական ընկերային եւ նուիրական առումով: «Բեկանել զհաց» տառապէս շարունակութիւնն էր Քրիստոսի վերջին ընթրիքի ընթացքին հաստատած սրբազան խորհուրդին, որ ետքէն բոլորովին տարբեր ձեւ մը ստացաւ եւ կոչուեցաւ Հաղորդութեան խորհուրդ:

Առաքելական այս շրջանին կիրարկուած «Բեկանել զհաց»ը հաւաքական ճաշ մըն էր, որուն ընթացքին կ’օրհնուէին հաց մը կամ հացեր, կը բեկանուէին եւ կը բաշխուէին: Ինչպէս նաեւ գինիի բաժակ մը կ’օրհնուէր, որմէ բոլոր ներկաներ ումպ մը կ’առնէին. երկուքն ալ ի յիշատակ այն աստուածային զոհաբերումին, զոր Քրիստոս կատարած էր խաչին վրայ մարդոց մեղքերու թողութեան եւ քաւութեան համար: Կրնայ ըլլալ որ համայնքի աղքատ անդամներուն համար ասիկա իրենց միակ կամ գլխաւոր ճաշն էր որով կ’ապրէին: Գործք Առաքելոցի սոյն հատուածի 46-րդ համարին մէջ գրեթէ կրկնուած «առտնին բեկանէին զհացն» բացատրութենէն կարելի է հետեւցնել, որ 3000 հոգիները միասնաբար չէ, որ կը բեկանէին հացը, այլ տուներու մէջ փոքր խումբերու բաժնուած եղբայրական մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ:

4 . ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԷԻՆ

Չորրորդ ամենօրեայ իրենց սովորութիւնն էր հաւաքուիլ նաեւ ԱՂՕԹՔԻ համար: «Հանապազօր կանխեալ միաբանութեամբ ի տաճարն… օրհնէին զԱստուած»։ Ամէն առաւօտ անխափան ժամը 9-ին տաճարի շրջափակին մէջ կհաւաքուէին պաշտամունք կատարելու, համաձայն այն կերպին զոր սովորած էին իրենց մանկութենէն իբրեւ կրօնասէր հրեաներ: Բացի այս հաւաքական ընդհանուր պաշտանմունքէն սովորութիւն ունէին նաեւ իրենց ուրոյն շրջանակի եւ տուներու մէջ եւս աղօթել փոքր խումբերով: Օրինակ Պետրոս եւ Յովհաննէս երբ բանտէն արձակուեցան ու եկան «առ իւրանցն», ու պատմեցին պատահարները, «Ու անոնք լսելով ասիկա, իրենց ձայնը բարձրացուցին առ Աստուած» եւ աղօթեցին (Գործ. Դ. 2-30): Նմանապէս, երբ Պետրոս Առաքեալ այնքան հրաշալի պայմաններու ներքեւ ազատուեցաւ բանտէն «Եկաւ Յովհաննէս (Մարկոսի) մօր՝ Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած էին եւ կ’աղօթէին» (Գործք. ԺԲ. 12):

5 . ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԷԻՆ

Ու վերջապէս՝ հինգերորդ ու վերջին յատկանիշը նախնական այս քրիստոնեայ համայնքին այն էր, որ ոչ միայն իրենց կենցաղին մէջ միաբան ու միասին էին, այլ նաեւ տնտեսական ու նիւթական մարզին մէջ եւս գրեթէ ամէն ինչ հասարակաց էր: Այն ինչ որ քսաներորդ դարուն ըսկիզբները փորձեցին մարդիկ իրագործել «կոմիւնիզմ» անուան տակ՝ արիւնահեղ յեղափոխութեամբ մը, երկաթեայ տիսիբլինով, անօթութեան եւ անսահման զոհողութեան ենթարկելով իրենք զիրենք, Քրիստոնեայ հաւաքականութիւնը փորձեց իրագործել զայն ինքնաբեր յօժարութեամբ, եղբայրական պարզ զգացումով, իբրեւ արդիւնք նոր կրօնքի ստեղծած ջերմ ու մարդասիրական մթնոլորտին: Ներկայ «կոմունիզմը» անաստուած, հակակրօն եւ նիւթապաշտ տնտեսական եւ քաղաքական վարդապետութիւն մը ու վարչաձեւ մըն է: Իսկ նախնական եկեղեցիի փորձած Համակեցութիւնը, զուտ կրօնական եւ մարդասիրական ինքնաբեր շարժում մըն էր: Բնական բխումն էր անիկա քրիստոնէական սա հիմնական ուսուցումին, թէ բոլոր անդամները այս նոր ընկերութեան՝ բարոյապէս եւ իրողապէս եղբայրներ էին այլեւս, իբրեւ հասարակաց եւ յաւիտենական երկնաւոր Հօր մը զաւակները եւ հետեւաբար կը կազմէին մեծ ընտանիք մը, իբրեւ մէկ եւ նոյն Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի արիւնով փրկեալներ: Եթե Աստուած չէր խնայած իր Միածին Որդիին, եւ զԱյն զոհած էր մեր փրկութեան համար, ուստի մեծ զոհողութիւն մը պիտի չըլլար եթէ մենք ալ մեր նիւթական պարգեւներուն մասնակից դարձնէինք մեր եղբայրները: Այս հիման վրայ հետեւեալ հաստատումը կ’ընէ Գործք Առաքելոցի հեղինակը. «Եւ ունէին զամենայն ինչ հասարակաց, եւ զստացուածս եւ զինչս վաճառէին, եւ բաշխէին զայն ամենեցուն ում զիարդ պիտոյ ինչ լինէր»: Սա կնշանակէ որ երբ մէջտեղ կարօտ եղբայրներ կային, ունեւոր քրիստոնեաներ չէին կրնար հանդուրժել որ իրենք ապրին հանգստաւէտ պայմաններու մէջ եւ միւսները կարօտութեան ճիրաններու մէջ տուայտէին. հետեւաբար իրենց ունեցածները կը ծախէին յօգուտ իրենց աղքատ եղբայրներուն: Սա միայն սովորական բարեսիրութենէն դրդուած արարք մը չէր, այլ կը բխէր այն հիմնական համոզումէն, թէ Քրիստոնէական ընտանիքի պահանջքները աւելի գերազանց են քան անհատականները, եւ միւս եղբայրներն ալ մասնակից պէտք է դառնային ունեւոր հաւատացեալներու բարիքներուն ոչ միայն իբրեւ չքաւորներ՝ այլ մանաւանդ ու առաւելաբար իբրեւ եղբայրներ: Երկու պարագաներ դիւրացուցին այս նուիրական հասարակակեցութիւնը: Առաջին. քրիստոնեաներ ակնկառոյց կը սպասէին Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, որ ըստ այն ժամանակի տիրող ըմբռնումին, պիտի չուշանար: Երկրորդ. երբ բարոյական արժէքները, այսինքն սէրը եւ եղբայրութիւնը բարձրացան առաջին մակարդակի, նիւթական նկատումները ինքնաբերաբար իջան երկրորդական ու երրորդական աստիճանին: Ամենայն չարեաց արմատները՝ նիւթապաշտութիւնը եւ արծաթսիրութիւնը մահացու հարուած մը կրեցին առաջին քրիստոնեայ համայնքին կողմէ:

Ուրեմն Հոգեգալստեան մեծ եւ վճռական դէպքին յաջորդող՝ Գործք Առաքելոցի այս եզրափակիչ հատուածին մէջ՝ մեզի կը ներկայացուի Քրիստոնէական հիմնական կենցաղը: Քրիստոնէութիւնը բացայայտօրէն եւ առաւելաբար ԱՊՐՈՒԵԼՈՒ համար տրուած յայտնութիւն մըն էր՝ քան զուտ աստուածպաշտութեան գիտելիք մը: Կրօնք մը իմաստ եւ արժէք կը ստանայ կեանքով: Բոլորովին արժէքէ զուրկ է ստուածային պաշտամունք մը, ու քէն, ատելութիւն եւ նախանձ կայ, անոր մասնակցողներու սրտերուն մէջ հանդէպ իրենց միւս եղբայրներուն: Բարեպաշտական բոլոր ձեւերը եւ սովորութիւնները անարժէք են, եթէ քրիստոնեայ մը գերին է խաղամոլութեան, գինեմոլութեան, կնամոլութեան եւ նման բռնակալութեանց, որոնք մարդկային արժանապատուութիւնը ոչինչի կը վերածեն: Եթէ մէկը զրպարտիչ է, ստախօս է, հայհոյիչ է, կեղծաւոր է, մէկ խօսքով եթէ այլասերած է իբրեւ մարդ, այնպիսի քրիստոնեան աւելի վատ է քան հեթանոսը եւ անաստուածը:

6. ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻԻՆ

Ուրեմն, Քրիստոսէ քարոզուած՝ Հոգեգալուստով նուիրագործւած՝ եւ առաջին համայնքի կողմէ կիրարկուած Քրիստոնէութիւնը կը նշանակէ ամէնէն առաջ Ապրիլ սերտ ընկերակցութեամբ միւս քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ: Այս հաւաքականութեան մէջ տեղ չունին «սնոպիզմ» ըսուած մեծամոլութեան ախտը, դասակարգային խտրականութիւնը, ցեղային անհանդուրժողութիւնը եւ ընկերային առանձնաշնորհումները:

Այստեղ կայ միասնականութիւն մը՝ կռանուած նոյն հաւատքով եւ համոզումով, ու նոյն իտէալներով, նոյն կրօնական սովորոյթներով, եւ սկզբունքներով, մինչեւ իսկ նոյն տնտեսական կամ նիւթական պատասխանատուութեամբ: Ու այս բոլորը կ’ըլլան ոչ թէ արտաքին ճնշումով եւ բռնի պահանջքով, այլ ինքնաբեր յօժարութեամբ: «Ուրախութեամբ եւ միամտութեամբ սրտի»: Արդարեւ ոչինչ այնքան մեծ հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւէ մարդու մը, քան գիտակցիլ եւ զգալը թէ կպատկանի համայնքի մը, ուր կը տիրապետէ աստուածային շնորհը, այսինքն մէկ եւ նոյն Հոգին, եւ որուն ինք մասնակից է իբրեւ եղբայրական սէր ընդունող եւ տուող անդամ. նման մեր մարմինին, ուր նոյն արիւնը սնունդ կը մատակարարէ բոլոր անդամներուն, գործարաններուն եւ բջիջներուն, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը – անդամները, գործարանները եւ բջիջները – կը ծառայեն այդ մարմինի գոյատեւումին, բարգաւաճման եւ առողջութեան համար:

Դժբախտ իրականութիւն է սակայն որ այսօրուան համաշխարհային Քրիստոնեայ ընկերութիւնը պահելով հանդերձ համամարդկային ինչ ինչ ազնիւ զգացումներ, եւ ընելով հանդերձ ինչ ինչ բարեգործութիւններ – երկրաշարժներուն օգնութեան հասնիլ, յետամնաց երկիրներու մէջ հիւանդանոցներ կառուցանել, նպաստ ղրկել եւլն – կորսնցուցած է իր նոյնութեան եւ մէկութեան գիտակցութիւնը: Այսօր յաճախ Հնդիկ կամ Չինացի հաւատացեալ մը աւելի օտար կը զգայ ինքզինքը արեւմտեան քրիստոնեայ շրջանակներուն մէջ, որքան թերեւս չէր զգար իր երկրի հեթանոս կամ Իսլամ շրջանակներու մէջ: Ձգենք միջազգային շրջանակները եւ նայինք մեր իրականութեան: Ամերիկայի մէջ այսպէս կոչուած՝ «Դաշնակցական եկեղեցի» գացող հայը օտար կը ըզգայ ինքզինքը՝ այսպէս կոչուած «Ռամկավար եկեղեցիի» մը մէջ, եւ փոխադարձաբար: Ու Իսթանպուլահայը, որ ինքզինքը իր «Հոգիի հայրենի տունին» մէջ կը զգայ Իսթանպուլի իր 35 եկեղեցիներու մէջ հաւասարապէս, իզուր կ’աշխատի նոյն ոգին ներարկել հոգիի եւ արիւնի իր եղբայրներուն օտար հորիզոններու ներքեւ, ու երբեմն յուսահատած ինքն իր մէջ կը քաշուի իր ուրոյն եկեղեցին եւ իր շրջանակը շինելու համար, որպէսզի «օտար» չզգայ ինքզինքը արտասահմանի այս կամ այն Հայց. եկեղեցիներու մէջ:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...