Շ. Ա. Գ.
* * *
Ոչ մէկ հարց այնքան շատ պատճառ եղած է բաժանման աւետարանական քրիստոնեաներու մէջ, որքան Ս. Հոգիի մասին եղած վիճաբանութիւները: Կարգ մը եկեղեցիներ կը շեշտեն Ս. Հոգիի Անձին եւ գործին մէկ երեսը, ոմանք՝ ուրիշ երեսը: Եկեղեցիներու մեծ մասը ուղղափառ են երբ կարգը կուգայ ճանչնալու թէ Ս. Հոգին երրորդ Անձն է Երրորդութեան. սակայն ամենքն ալ չեն կարծեր որ իր պարգեւները, այնպէս ինչպէս պատկերացուած են անոնք Նոր Կտակարանին մէջ, տրամադրելի են հաւատացեալներուն նաեւ այսօր, ինչպէս էին անոնք առաքելական ժամանակներուն մէջ:
Եկեղեցիի միլիոնաւոր անդամներուն համար Ս. Հոգիի վերաբերեալ բոլոր հարցերը առեղծուած են: Ու ասիկա զարմանալի չէ: Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եկեղեցիները տակաւին բաժանուած են դարաւոր սա հարցին վրայ, թէ Հոգին կը բղխի՞ նաեւ Որդիէն, ինչպէս կը բղխի արդարեւ Հօրմէն: Աշխարհականի մը համար այս հարցը հնադարեան եւ ակադեմական է: Այսուհանդերձ մինչեւ իսկ Նոր Կտակարանի ժամանակներուն՝ կարգ մը շփոթած Եփեսացի Քրիստոնեաներ ըսին Պօղոս Առաքեալին. «Մենք լսած անգամ չենք, թէ արդարեւ Ս. Հոգի կայ»: Այսօր սովորական եկեղեցի գացողի մը ծանօթութիւնը Ս. Հոգիի մասին այնքան անորոշ է, որ գրեթէ գոյութիւն չունի:
Սակայն Գործք Առաքելոց գիրքը ուշադիր կարդալով, չենք կրնար չտպաւորուիլ այն դերով զոր Ս. Հոգին կատարած է, իբրեւ գործօն ազդակ, նախնական եկեղեցիին մէջ: Ան զօրութեամբ լեցուց աշակերտները Պենտեկոստէին: Ան առաջնորդական կնիքը դրաւ առաջին սարկաւագներուն վրայ: Ան պաշտօն յանձնեց Պօղոսի եւ Բառնաբասի իբրեւ առաջին առաքեալները ոչ–հրեայ աշխարհին: Ան առաջնորդեց Երուսաղէմի Ժողովը իր առաջին տագնապին մէջ: Ան ճամբան գոցեց (Պօղոս Առաքեալին) դեպի Բիւթանիա: Ան բացաւ Եւրոպան Աւետարանին: Ան ուղղեց Պօղոսին քայլերը ետ դէպի իր Հայրենիքը: Ու երբ Անանիա եւ Սափիրա ամբաստանուեցան, մեղադրանքը ստելն էր, ոչ թէ եկեղեցիին, այլ՝ Ս. Հոգիին դէմ: Եթէ այսօրուան եկեղեցին պէտք է տիրանայ այն ապշեցուցիչ կենսունակութեան, որով լեցուած էին այդ նախնի Քրիստոնեաները, եկեղեցին պէտք պիտի ունենայ Աստուծոյ Ս. Հոգիի Նոր մկրտութեան: Ի՞նչ բան հեռու կը պահէ մեզ նման փորձառութենէ մը: Պատճառներէն մէկը վստահաբար Ս. Հոգիին մասին ուսուցման այլազանութիւնն է: Սակայն կարելի չէ՞ արդեօք հասնիլ համաձայնութեան մը, որ արձակէ հոգիին ոյժը եկեղեցիին մէջ:
Հարաւային Հնդկաստանի եկեղեցիի եպիսկոպոսներէն Լեղլի Նիուպիկին կը գրէ. «Եթէ պատասխան մը պիտի գտնենք սա հարցումին՝ թէ ու՞ր է եկեղեցին, պէտք է հարցնենք. Ու՞ր է որ Ս. Հոգին ներկայ է իր զգալի զօրութեամբը»: Այս տեսակէտով՝ եկեղեցին ինքնայատուկ աւանդութեամբ հաստատութիւն մը չէ, ոչ ալ՝ սուրբ շէնք մը, այլ՝ պարզապէս Հոգիով լեցուած Քրիստոնեաներու հաւաքականութիւն մըն է: Այս սահմանումը մեզ կ’առաջնորդէ սա հարցումին. Ի՞նչպէս կրնան քրիստոնեաները լեցուիլ Հոգիով:
Պէտք է համաձայնինք, որ եթէ մէկը կ’ուզէ նոր բանով մը լեցուիլ նախ պէտք է պարպուիլ: Յիսուս ըսաւ. «Երանի հոգիով աղքատներուն»: Մինչեւ որ մէկը չպարպէ ինքզինք հպարտութենէ, անձնասիրութենէ, տիրակալութեան ցանկութենէն, եւ մարդկային միւս սովորական ցանկութիւններէն, Ս. Հոգին պիտի չլեցնէ անոր կեանքը: Մենք պիտի խաչուինք Քրիստոսի հետ, որպէսզի Քրիստոս կազմաւորուի մեր մէջ: Մենք զմեզ մեռած պէտք է համարինք – մէջտեղէն – վերցուած պէտք է հաշուենք – որպէսզի Աստուած ամէն ինչ ըլլայ մեր մէջ: Ասիկա է Նոր Կտակարանի ուսուցումը:
Յետոյ մենք պէտք է համաձայնութեան մը գանք Ս. Հոգիի գլխաւոր պարգեւի մասին, որ սէրն է: Ամենքս ալ գիտենք, որ դեռ կան ուրիշ կարեւոր պարգեւներ. սակայն Ս. Գրքին մէջ անոնց նշանակութիւնը ուղղակի կապուած է հաւատացեալի սրտին մէջ եղած սէրին: Ս. Հոգիի մկրտութիւնը սիրոյ մկրտութիւնն է, զոր Տէրը կհեղու ամբողջ եկեղեցիին վրայ: Քրիստոնեաներ պարտին ցոյց տալ այդ սէրը իրարու հանդէպ: Քրիստոսի սէրը եթէ կը գործէ մէր սիրտերուն մէջ, այդ ամէ-նէն բացայայտ նշանն է Հոգիի մեր մէջ բնակութեան: Որքան լրիւ բնակի Հոգին մեր մէջ, այնքան շատ սէր պիտի արտայայտուի դեպի դուրս: Եթէ Հոգիով լեցուած կ’ապրինք, այն ատեն քալենք Հոգիին հետ, եւ սիրենք Հոգիով: Ողբերգական է անդրադառնալ, որ Հոգին պատճառ դառնայ շփոթութեան եւ բաժանումի եկեղեցիի մէջ: Ինչ անդարմանելի կորուստ պիտի ըլլայ ոյժի, երբ Քրիստոնեաներ այլեւս հետամուտ չըլլան Հոգիով լեցուելու, որպէսզի չնոյնանան միւս Քրիստոնեաներուն հետ: Անկախաբար իրենց յարանուանական կապերէն, Քրիստոնեայ մարդիկ ի վերջոյ մարդիկ են. ենթակայ՝ նոյն փորձութեանց. խոցելի՝ նոյն տեղերէն. իրենց բեռներէն արձակում կը գտնեն Գողգոթայի նոյն Խաչով. եւ բոլորն ալ պէտք ունին լեցուելու նոյն Հոգիով:
Ուրեմն ետ բերենք Ս. Հոգին մեր եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Տանք անոր գերագոյն տեղը մեր սիրտերուն մէջ իբրեւ հաւատացողներ: Երբ այսպէս ընենք՝ վերակենդանութիւնը կը սկսի արդէն:
(Տեսիժըն ամսաթերթ, 1972, Հոկտեմբեր)
0 կարծիք