ՄԱՀՆ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ (81)

Լուսաւորչի մահը բոլորովին տարօրինակ կերպով մը կատարուած է, ճգնարանին միայնութեան մէջ, առանց ուրուք ներկայութեան եւ առանց ազգին գիտակցութեան։ Եթէ Գրիգորի առանձնասիրութեան չափազանցութիւնը իբր չքմեղանք ուզէինք նկատել, պէտք էր խստիւ մեղադրել հայերուն երախտամոռաց անհոգութիւնը, որ կրցեր են ոչ միայն իրենց բազմերախտ Լուսաւորչին մահը անգիտանալ, այլեւ թողուլ որ անծանոթ հովիւներ՝ մեռած մէկ մը գտնելով, գտած տեղերնին թաղեն, ոչ գիտելով թէ ով ոք իցէ նա (ԽՈՐ. 179), եւ փնտռելու իսկ չհետապնդեն։ Կրնայ մտածուիլ որ Լուսաւորիչը կամաւ ուզած էր անյայտ ընել իր տեղը ու իր մահը, սակայն պատմութիւնը չի յիշեր, որ գոնէ փնտռելու ջանքեր եղած ըլլան։ Ագաթանգեղոս կը վկայէ թէ Լուսաւորիչն զամենայն աւուրս կենաց իւրոց առաքելաբան առաքելագործ վարեալ լուսաւորէր (ԱԳԹ. 468), որով պէտք չենք ունենար կարծել թէ կեանքին վերջին մասը հովուական գործունէութենէ վերջնապէս քաշուած ըլլայ։ Իսկ Խորենացին կ’ըսէ թէ իբրեւ եկն Ռըստակէս որդի նորին ի ժողովոյն Նիկիոյ, այնուհետեւ ոչ եւս երեւեցաւ յայտնեալ ումեք (ԽՈՐ 178)։ Ըստ այսմ Արիստակէսի դարձը եւ Գրիգորի մահը իրարու անմիջապէս յաջորդող եղելութիւններ եղած կ’ըլլան, Խորենացիին յիշելը թէ կացեալ աներեւութաբար ամս բազումս փոխի մահուամբ (ԽՈՐ. 179), պէտք չէ իմանալ իբր բացարձակ անյայտացում, այլ երբեմն երեւելով եւ երբեմն ծածկոելով վարած առանձնացեալ ճգնաւորութիւն մը, զիս այդ ընդհատումները յայտնապէս յիշուած են, եւ վկայուած է թէ մինչեւ ի վախճան կատարածին զայս առնէր ամ յամէ, (ԱԳԹ. 468), այսինքն առաքելական գործունէութիւնը։ Իսկ մահուան թուականը սովորաբար յետաձգուած էր մինչեւ 332, հետեւելով Խորենացիին ըսածին, թէ Գրիգորի քահանայալէն մինչեւ մահը համարեալ թուին ամք երեսուն (ԽՐ. 178)։ Այդ հաշիւը կ’իրացնէ Սամուէլ Անեցի, ենթադրելով որ Նիկիոյ ժողովն ալ 331-ին տեղի ունեցած ըլլայ (ՍԱՄ. 64)։ Ազգային պատմագիրներ, Խորենացիէն սկսելով, շատ տկար են ժամանակագրական հաշիւներու մէջ, որով պատմական եղելութիւնները ալ կը շփոթեն եւ ժամանակակից յարաբերութիւնները կը խանգարեն։ Նիկիոյ ժողովին թուականը այժմ ստուգապէս հաստատուած է 325-ին ամառին, որով Լուսաւորչի մահն ալ միեւնոյն տարուան վերջերը, առառաւելն յաջորդին սկիզբները, պէտք է դնել։ Լուսաւորիչ ուրախացեալ ուղղափառ հաւատոյ յաղթանակին համար, վերջին անգամ մըն ալ Մանեայ Այրէն կ’իջնէ ժողովուրդին մէջ, ուր Արիստակէս գայ եւ հանդիպի հօրն եւ արքային ի Վաղարշապատ քաղաքի (ԽՈՐ. 177), եւ անկէ վերջն է, որ այլեւս չէ տեսնուած վերահաս մահուանը պատճառով։ Լուսաւորչի ծնունդը 239-ին եւ մահը 325-ին եւ կամ 326-ին սկիզբը դնելով 86 տարի ապրած կ’ըլլայ, որ կը համապատասխանէ բոլոր պատմական պահանջներուն։ Միայն հայրապետութեան տարիները 30-է 23-ի պէտք կ’ըլլայ զեղջել, ինչ որ անհրաժեշտ է ժամանակագրութիւնը ուղղելու համար։ Վասնզի Խորենացիին հաշիւը թէ՛ կաթողիկոսներու, թէ՛ թագաւորներու, եւ թէ՛ կայսրներու տարիներուն մէջ հաստատապէս եւ հաւասարապէս 24 տարիներու յաւելուածական սխալ մը ունի, եւ այդ 24 տարիները պէտք կ’ըլլայ համեմատական զեղջով ուղղել, ինչպէս ուրիշ գրութեամբ ապացուցած ենք (09 ԱՄՍ. 197)։ Նկատողութեան արժանի է որ ամէն սուրբերու մահուան օրը տօնելի եղած ատեն, Լուսաւորիչին համար այդ տօնը տեղի չէ ունեցած։ Հին տօնացոյցը վիրապէն ելնելու տօնը նշանակած է սահմի 10-ին, եւ հաւանական է որ այդ յիշատակը նոյնիսկ կենդանութեան ատենէն սկսած ըլլայ։ Նշխարաց գիւտին տօնը հարկաւ ոսկրներուն յայտնուելէն ետքը կարգադրուած է՝ իբրեւ գլխաւոր տօն։ Իսկ վիրապ մտնելուն տօնը հին տօնացոյցի մէջ կը պակսի, եւ հաւանաբար ուշ ատեն հաստատուած է։ Երեք տօներ պէտք չէ շատ սեպուին երիցս տօնելի, սուրբ եւ մեծ նահատակին համար, որ մերոյ լուսաւորութեան լուսաւոր վերակացուն լինելով (ԽՈՐ. 180) Լուսաւորիչ անունը ժառանգեց։

Հատկորոշիչներ՝ Գրիգոր, Լուսավորիչ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ԿԱՆՈՆՔ ԵՒ ՃԱՌՔ (80)

Սուրբ Գրիգոր Լուսավորչի կանոններն ու ճառերը

ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ (79)

Նիկիական հանգանակի մասին

ՆԻԿԻՈՅ ԺՈՂՈՎ (78)

Հայոց Եկեղեցու մասնակցությունը Նիկիայի ընդհանրական ժողովին