ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (59)

Մտադրութեան արժանի եւ նորօրինակ պարագաներու ներքեւ կատարուած եղելութիւն մըն է քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ տարածուիլը։ Պատմութիւնը բնաւ եկեղեցական պաշտոնէի մը ներկայութիւնը չի յիշատակէր, այլ միայն աշխարհական մը եւ թագաւոր մըն են որ ձեռք ձեռքի տուած, եւ բուռն աշխոյժով մղուած, երկրին կրօնական կերպարանը կը փոփոխեն, եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնքի դիրքին կը բարձրացնեն։ Հնար չէ ըսել որ երկրին մէջ բնաւ եկեղեցական չէր գտնուէր, Հռիփսիմեանց հետ երկու քահանաներ կը յիշուին, որք Վարագի Ուրբաթայրքի մէջ պաշտամունքը կը կատարէին (ԽՈՐ. 302), Սուրէնաշէնի Դասիոս քահանան ալ յիշեցինք (§ 39), Արտազու եւ Սիւնեաց աթոռներն ալ հնար չէր որ բոլորովին առանց քահանայի մնացած ըլլային։ Սակայն կ’երեւի թէ այդ մնացորդները որոնելու իսկ հոգ չտարուեցաւ։ Տրդատ, իր թագաւորական իշխանութեամբը կը գործէր, եւ քրիստոնէութիւնը իբր իր մէկ ձեռագործը կը նկատէր, ուստի ոչ թէ հին մնացորդներու վրայ կանգնուած, այլ իբր նոր հիմնարկութիւն մը ուզեց զայն կերպաւորել, եւ իրեն ձեռնհասութեան յատուկ իշխանական գործի մը պէս զայն վարեց, եւ պետական հրամաններով զայն զօրացուց։ Բայց միւս կողմէն յայտնի կը տեսնուի թէ Տրդատի գործը մեծ յաջողութեան հանդիպեցաւ, առաքելական ժամանակի քրիստոնէութեան մնացորդներուն՝ գաղտնութենէ յայտնութեան գալուն եւ թաքստոցներէ հրապարակ ելնելուն շնորհիւ։ Պատմական յիշատակներ խնամով ուսումնասիրուած ատեն կը ցուցնեն, թէ նոյնիսկ 302 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի ամէն կողմերը անհակառակ տարածուած էր։ Ինչչափ ալ թագաւորական հրամանին զօրաւոր ոյժ տալ ուզենք, բայց յանկարծ միտքերուն վրայ իշխելու արդիւնքը չէր կրնար ունենալ, եթէ նոր կրօնքը արդէն իր սերմերը չունենար երկրին ամէն կողմերը. եւ եթէ զայն պաշտողներ եւ անոր համակրողներ, թէպէտ ցրիւ ու ծածուկ, գոյութիւն ունեցած չըլլային։ Քրիստւնէութեան յեղակարծ՝ բայց կատարեալ յաղթանակը Հայաստանի մէջ, զօրաւոր փաստ մըն է, թէ առաքելական քառոզութեան հետքերը ջնջուած չէին, մանաւանդ թէ բաւական կարեւոր դիրք ունէին, մոխիրի ներքեւ ծածկուած կայծերու նման կը պահուէին, եւ դիւրաւ յայտնուեցան ու փալփլեցան՝ երբոր ահ ու սարսափի եւ հալածանքի մոխիրը փարատեցաւ ու ցրուեցաւ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՄԱՀՆ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ (81)

Սուրբ Գրիգոր Լուսավորչի մահվան մանրամասները

ԿԱՆՈՆՔ ԵՒ ՃԱՌՔ (80)

Սուրբ Գրիգոր Լուսավորչի կանոններն ու ճառերը

ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ (79)

Նիկիական հանգանակի մասին