Առաջին քրիստոնեական քարոզը

Դ

ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

«Ոչ թողցես գանձն իմ ի դժոխս,

Եւ ոչ տացես Սրբոյ քում

Տեսանել զապականութիւն» (Սաղմոս ԺԵ. 10):

Հոգեգալստեան հրաշքին լրացուցիչ մասը եւ լաւագոյն բացատրականն է Պետրոս Առաքեալի քարոզը, որ անմիջապէս կը յաջորդէ այս դէպքին, երբ հետաքրքիր բազմութիւն մը խռնուած էր վերնատան շուրջ:

Ոչ մէկ կրօնքի մէջ այնքան շատ քարոզներ, ջատագովականներ կամ հակաճառութիւններ խօսուած ու գրուած են, որքան Քրիստոնէականին մէջ: Անոր ծագելէն մինչեւ այսօր տառապէս միլիոնաւոր քարոզներ տրուած կամ գրի կապուած են: Այսօր ալ, յատկապէս ամէն Կիրակի, հազարաւորներ կը խօսուին եւ կը տպուին աշխարհի ամէն կողմերը: Այդ անթիւ անհամար քարոզներուն առաջինն է Հոգեգալստեան առթիւ խօսուածը. ուստի կ’արժէ զայն մեր մասնաւոր ուշադրութեան առարկան դարձնել:

Պարզ են թէ՛ խօսողը եւ թէ՛ խoսքը: Պետրոս առաքեալ ուսմունք տեսած մարդ մը չէր: Գաւառացի ձկնորս մըն էր: Իր միակ պատրաստութիւնը եղած էր հետեւիլ եւ ունկնդրել Գերագոյն Քարոզիչին, որ աշխարհ երբէք լսած ըլլար: Պետրոսի գլխաւոր առաւելութիւնը մշտապատրաստ յանդգնութիւնն էր, զոր երբեմն ճիշդ տեղին՝ երբեմն ալ անտեղի կերպով կը գործածէր: Հոգեգալստեան օրը, յատկապէս իր այս կարողութիւնն է որ յանկարծ զինք յառաջ կը մղէ. ու կը կանգնի ան ամենքին դիմաց իր հուժկու հասակով եւ քիչ առաջ իր ստացած նոր եւ անսովոր Զօրութեամբ: Իր խօսքը պահին պատշաճ պոռթկումն է, հասկնալի ամենքին, եւ ազդու՝ սիրտերուն, ինչպէս կ’ըլլան բոլոր անկեղծ եւ հաւատաւոր հոգիներէ եկած խօսքերը:

Հոգեգալուստին անմիջապէս յաջորդող Առաքեալներուն արտասովոր եռանդը եւ երջանկութիւնը տեսնելով՝ ինչպէս նաեւ անոնց գրեթէ հաւաքարար «այլ» լեզուներով «զմեծամեծս Աստուծոյ» խօսիլը լսելով, Վերնատան առջեւ հաւաքուած բազմութիւնը՝ զարմանքի մատնուած՝ բացատրութիւն մը կը փնտռէր: Ոմանք այդ բացատրութիւնը գտած ըլլալ կը կարծէին երբ հեգնօրէն եւ քմծիծաղով կ’ըսէին իրարու. «Քաղցուալից իցեն». այսինքն անոյշ գինիով հարբեցած են: Պետրոսի առաջին գործը կ’ըլլայ ցրուել նման անտեղի ենթադրութիւն մը, եւ տալ ճշգրիտ իմաստը այս հրաշալի երեւոյթին: Կը բարձրացնէ ձկնորսի իր ջղուտ բազուկը եւ ուժեղ ձայնը եւ բառերը կը փրթին որքան իր սրտի ակերէն, նոյնքան զինք շարժման մէջ դնող Հոգիէն:

«Հրեայ հայրենակիցներ, եւ դուք որ կը բնակիք Երուսաղեմի մէջ, ուշադրութիւն ըրէք ու լսեցէք ինծի. մենք գինովցած չենք կրնար ըլլալ, ինչպէս ձեզմէ ոմանք կը կարծեն, քանի որ դեռ առաւօտեան ժամը ինն է, այլ ասիկա իրականացումն է Յովէլ մարգարէի սա խօսքին.

«Վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած,
Պիտի անձրեւեմ իմ հոգիէս ամէն մարդու վ’րայ,
Պիտի մարգարէանան ձեր տղաքներն ու աղջիկները,
Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան,
Ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Այո, այն օրերուն պիտի թափեմ իմ հոգիէս,
Մինչեւ իսկ գերիներու եւ աղախիններու վրայ,
Ու պիտի մարգարէանան նաեւ անոնք:
…………………………………………………………………………………
 Եւ ով որ Տիրոջ անունը կը կարդայ, պիտի փրկուի»:

Ինչպէս այսօր, բայց մանաւանդ այն օրերուն, կրօնական երեւոյթի մը ետին աստուածային ներկայութիւն մը հաստատելու՝ կամ կրօնական տեսութեան մը ճշգրտութիւն մը ապացուցանելու պարագային՝ գերագոյն փաստը պէտք էր ճարել Ս. Գիրքէն: Յատկապէս հրէական շրջանակներու մէջ պայման էր այս կերպը, զոր երբեմն հարկադրուած էր գործածել նոյնինքն Քրիստոս, եւ զոր այնքան առատօրէն կիրարկած են Աւետարանիչները: Ու կիրարկեց զայն մեծ հաջողութեամբ Պետրոս Առաքեալ, քրիստեոնեայ առաջին քարոզիչը: Մտքերու մէջ ծնած չարամիտ ենթադրութիւննեը ցրուելէն՝ եւ այս դէպքին մեծ նշանակութիւնը հաստատելէն յետոյ, Ս. Գիրքէն իսկ բերուած անհերքելի փաստով, Պետրոս Առաքեալ պատրաստած եղաւ գետինը, որուն վրայ կանգնած՝ անցաւ յարձակողականի եւ սկսաւ քարոզել նոր Աւետիսը, որուն աւետաբերները եւ վկաներն էին իրենք: Ու շարունակեց Պետրոս աւելի ոգեւորուած.

«Իսրայէլացի հայրենակիցներ, ականջ դրէք իմ խօսքերուս. կը խօսիմ Յիսուս Նազովրեցիի մասին, այն մարդու մասին, զոր Աստուած ցոյց տուաւ ձեզի զօրութեամբ, նշաններով եւ հրաշքներով, զորս կատարեց Աստուած ձեր մէջ Անոր ձեռքով, ինչպէս ծանօթ է արդէն ամենքիդ: Երբ Ան մատնուեցաւ ձեր ձեռքը, Աստուծոյ կանխագիտութեամբ եւ յատուկ ծրագրով, խաչեցիք եւ սպաննեցիք զԱյն, հեթանոսներուն ձեռքով: Բայց Աստուած յարութիւն տուաւ Անոր, մահուան ճիրաններէն փրկելով զԱյն, որվհետեւ անկարելի էր, որ մահը տիրանա Անոր: Քանզի Դաւիթ ալ կ’ըսէ Անոր մասին.

«Ամէն ատեն Տիրոջ ներկայութիւնը դիմացս կը տեսնէի.
Որովհետեւ իմ աջ կողմս էր , որպէսզի ես չսասանէի.
Ուստի ուրախ էր սիրտս եւ ցնծուն էր լեզուս.
Աւելին , մարմինս ալ յոյսով պիտի բնակէր.
Որովհետեւ իմ հոգիս մեռնելու աշխարհը պիտի չձգես,
Ոչ ալ քու սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի տաս:
Կեանքի ճամբան ցոյց տուիր ինծի,
Եւ լեցուցիր զիս ներկայութեանդ հրճուանքով»:

Արդ եղբայրներ, բացայայտօրէն ծանօթ է, որ Դաւիթ նահապետ թէ՛ մեռաւ եւ թէ՛ թաղուեցաւ, ու անոր գերեզմանը մեր մէջն է մինչեւ այսօր: Որովհետեւ մարգարէ էր, եւ գիտէր թէ Աստուած երդումով հաստատած էր, որ իր սերունդէն մէկը պիտի նստէր անոր աթոռը, կանխապէս իրեն ծանուցուած ըլլալով խօսեցաւ Մեսիայի յարութեան մասին, թէ Անոր հոգին մեռելներու աշհարհին մէջ պիտի չմնար, ոչ ալ Անոր մարմինը ապականութեան ենթակայ պիտի ըլլար: Ահաւասիկ այս Յիսուսին Աստուած յարութիւն տուաւ, որուն մենք վկաներն ենք: Աստուծոյ զորութեամբ երկինք բարձրացաւ, ու խոստացուած Սուրբ Հոգին ստանալով Հօրմէն բաշխեց զԱյն մեզի, զոր ահաւասիկ դուք իսկ կը տեսնէք ու կը լսէք: Որովհետեւ Դաւիթ չէ որ երկինք ելաւ, ինչպէս ինք ալ կը հաստատէ սա խօսքերով.

«Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս նստէ իմ աջ կողմս.

Մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքիդ պատուանդան ընեմ»:

Արդ, թող գիտնայ ճշմարտապէս ամբողջ Իսրայէլը, որ Աստուած թէ՛ Տէր եւ թէ՛ Օծեալ– Մեսիա– ըրաւ այն Յիսուսը զոր դուք խաչեցիք»:

Այսպէս ուժեղ եւ կտրուկ եզրակացութեան մը կը բերէ Պետրոս Առաքեալ իր խօսքը, դարձեալ համեմելով ու ամրացնելով զայն Սուրբ Գիրքէն կատարուած մէջբերումներով, հաստատելու համար, թէ արդարեւ նախատեսուած էր Յիսուսի յարութիւնը, որը իրականացած էր Անոր մահէն յետոյ, եւ որուն ականատես վկաներն էին իրենք: Ու կ’եզրափակէ Գործք Առաքելոցի շնորհալի հեղինակը իր պատմութիւնը ըստ հետեւեալի.

«Երբ լսեցին ասիկա, զղջումը համակեց անոնց սիրտերը, եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս Առաքեալներուն. ինչ պիտի ընենք հիմա, եղբայրներ: Պետրոս ըսավ անոնց. Ապաշխարեցէք, եւ ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, մեղքերու թողութեան համար. եւ պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգիի պարգեւը, որովհետեւ Սուրբ Հոգիի այս խոստումը ձեզի եւ ձեր որդիներուն համար է եւ բոլոր անոնց համար որոնք կը բնակին հեռաւոր երկիրներ, եւ զորս Տէր Աստուած պիտի կանչէ: Եւ այս ու դեռ շատ մը ուրիշ խօսքերով, կը հաստատէր ըսուածները, եւ կը սըրտապնդէր զանոնք ըսելով. Ազատեցէք դուք ձեզ այս խոտորած ազգէն: Ոմանք յօժարութեամբ ընդունեցին անոր խօսքերը եւ մկրտուեցան. ու այն օր շուրջ երեք հազար հոգիներ աւելցան անոնց թիւին վրայ»:

Ի՛նչ հոյակապ արդիւնք. ի՛նչ առատ հունձք: Եզական կը մնայ Քրիստոնէական եկեղեցիի առաջին այս յաջողութիւնը, որ հետեւանքն էր Աստուծոյ եւ մարդոց համագործակցութեան:

Ինչպէս ակնարկեցինք մեր գրութեանց այս շարքին սկիզբը, հրէական Պենտեկոստէն, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ Հոգեգալուստը հունձքի տօնն էր. այսինքն տարուան բերքին երախայրիքը, առաջին պտուղը, Աստուծոյ ընծայելու օրն էր: Ասոր կցուած էր նաեւ յիշատակը Մովսիսական Օրինաց տուուչութեան՝ Սինա լեռնէն: Արդ, հրէական Պենտեկոստէի այս երկու իմաստները իրենց գործնական ու բարոյական լրումին կը հասնին Քրիստոնէական Պենտեկոստէի ընթացքին: Երեք հազար նորադարձ հոգիներ իբրեւ երախայրիք, իբրեւ առաջին պտուղ, Աստուծոյ ընծայուեցան, ու եկեղեցին ձեռնարկեց այն անսահման հունձքին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ աշխարհի կատարածը, եւ որ է հոգիներու փրկութեան անվերջ աշխատանքը:

Սինայէն տրուած Մովսիսական Օրէնքը առնուազն դաստիարակ եղած էր Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իրաւունքը…: Անոր կատարելութենէն մէնք շնորհք շնորհքի վրայ ընդունեցինք: Որովհետեւ «Օրէնքը Մովսէսի ձեռքով տրուեցաւ, իսկ շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ»: Շնորհաց եւ ճշմարտութեան այս տըւչութիւնը գործնականապէս տեղի ունեցան Պենտեկոստէի օրը, երբ Ս. Հոգին զգալի ձեւով իջաւ Առաքեալներուն վրայ: Հոգեգալուստին է, որ հռչակուեցաւ եւ գործադրուեցաւ Նոր Օրէնքին, այսինքն Հոգիի Օրէնքին տւչութիւնը:

 

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

1 Comment

  1. Լևոն

    Հոգեգալստյան հրաշափառ օրը, տիեզերական եկեղեցու ծննդյան ու հիմնադրման օրն է:

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...