Անիրավ տնտեսի առակը

Բաժին՝ Քարոզներ
Զաքէոս ծ. վրդ. Օհանեան

———————————–

 Անիրավ տնտեսի առակը

«Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ»

(Ղուկաս 16։9)։

Սիրելի Հաւատացեալներ, Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին մեզ կը ներկայացնէ համեմատաբար դժուար ըմբռնելի առակ մը։ Մեր Տէրը Յիսուս կը պատմէ մեծահարուստի մը մասին, որ իր ունեցուածքներուն համար տնտես մը ունէր։ Քիչ մը ժամանակ յետոյ մարդիկ կը սկսին տնտեսէն դժգոհիլ ըսելով թէ ան իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէր։

Բնականօրէն, տնտեսը սխալ արարք մը գործած էր իր տիրոջ ունեցուածքը եւ հարստութիւնը վատնելով սեփական անձին համար։ Տանտէրը լսելով այս մասին, իր մօտ կը կանչէ տնտեսը եւ կը պահանջէ, որ անմիջապէս իրեն յանձնուած հարստութեան հաշիւը ներկայացնէ եւ հեռանայ պաշտօնէն։

Տնտեսը իր այս կացութենէն փրկուելու համար կը մտածէ հնարք մը գտնել, որպէսզի կարողանայ պաշտօնի հեռացումէն յետոյ վաստկիլ իր ապրուստը։ Անմիջապէս կը կանչէ տիրոջ պարտապանները եւ կը զեղչէ անոնց պարտամուրհակները։ Մեծահարուստը տեսնելով այս արարքը կը գովէ անիրաւ տնտեսը իր այս հնարամտութեանը համար։

Առակի վերջաւորութեան Տէր Յիսուս կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը թէ «անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ» (Ղուկաս 16։9)։ Ուստի աշխարհի հարստութիւնը պէտք է գործածել այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլենք, մեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին։

Ինչպիսի՞ դաս մըն է որ պէտք է քաղենք այս առակէն։ Մեզի համար շփոթեցուցիչ է յատկապէս առակի այն տողը, ուր մեծահարուստ տանտէրը «կը գովէ անիրաւ տնտեսը, որովհետեւ իմաստութեամբ գործեց» (Ղուկաս 16։8)։ Այս մէկը պէտք չէ մեկնել այն իմաստով որ քաջալերենք ճարպիկները, որոնք գիտեն մարդոցմէ ու անոնց պատկանող հարստութիւններէ օգտուելու անիրաւ ու անարդար ձեւերը։ Լաւ պէտք է յիշենք, որ մեծահարուստ տանտէրը կը գիտակցէր կատարուածին եւ ազնիւ գտնուեցաւ առիթ մը եւս շնորհելու անիրաւ տնտեսին, որպէսզի աշխատանքի երկրորդ շրջան մը յանձնէ եւ այս անգամ իր գործերը վարէ պարկեշտութեամբ։ Ուրեմն, իրականութեան մէջ մեծահարուստը ներեց իր տնտեսին ու անոր առիթը շնորհեց սրբագրելու իր անձը։

Անիրաւ տնտեսի այս առակը կը թելադրէ մեզի թէ այս կեանքի միակ նպատակը պէտք է ըլլայ Աստուած, որուն սիրոյն պարգեւն է մեզի տրուած այս հոյակապ ներումը ու մեր կեանքերը սրբագրելու կարելիութիւնը։ Երկրաւոր այս կեանքը կ՚անցնի անհաւատալի արագութեամբ, եւ օր մը երբ հասնինք անոր աւարտին, Աստուծոյ դատաստանին մէջ մեր արժանիքները չեն, որ պիտի չափուին եւ ո՛չ ալ մեր դիզած հարստութիւններն կամ ստացուածքները, այլ մի միայն մեր առջեւ դրուած Տիրոջ սիրոյն մեր իսկ տուած պատասխանը։

Տէր Յիսուս Իր աշխարհ գալուստով ողջ մարդկութեան տուաւ փրկութեան ճանապարհը։ Առակին մէջ մեծահարուստ տանտէրը շատ հաւանաբար զԱստուած կը ներկայացնէ, որ Իր ներողամտութեամբ, կորստեան մատնուած տնտեսը՝ մարդը, հրաւիրեց նորոգուելու։

Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ, հետեւաբար մեզմէ կ՚ակնկալուի ըլլալ խոհեմ տնտեսներ, քանի որ մենք լոկ տնտեսներ ենք այս աշխարհի վրայ, հաւատարմօրէն եւ լաւագոյնս տնտեսելու եւ օր մը հաշիւը յանձնելու մեզի վստահուած բարիքներուն ու կարելիութիւններուն։

Տիրոջ մեծ ողորմութիւնը թող պահապան ու պաշտպան ըլլայ բոլորիս։ Ամէն։

Հատկորոշիչներ՝ անիրավ, առակ, տնտես, քարոզ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Հովսեփ ավագ քահանա Հակոբյան

Հովսեփ ավագ քահանա Հակոբյանի կենսագրականը, գործերը։