ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ
Արտազեան յիշատակարանը կու տայ հայրապետիս անունը իբր Շահէնի յաջորդ, աւելցնելով թէ Աղուանից երկրէն էր, եւ թէ քսան ամ կառավարեալ է զհօտն Արտազու (68 ԱՐՐ. 102)։ Այդ տարիները բարդելով նախորդներու հաշուոյն կը հասնինք մինչեւ 171։ Շաւարշի, ինչպէս նաեւ իր նախորդին Շահէնի վախճանին վրայ յիշատակութիւն չունի Արտազեան յիշատակարանը, ինչ որ բնական կերպով խաղաղական մահուան վրայ պէտք է մեկնել։ Մենք չվարանեցանք անոնց անուններուն մօտ Սուրբ մակդիրը դնել, ինչպէս ամէն եկեղեցիներ եւ նոյն Սուրբ անունով պատուել իրենց առաքելաշաւիղ հայրապետներն, որովհետեւ դժուարին ժամանակներու եւ հալածեալ եկեղեցիներու հովիւներուն արդիւնքը, ինքնին յայտնի մի կէտ է, եւ եթէ նահատակութեամբ չէ եղած վախճանին, որ մարտիրոսական պսակով փառաւորուած ըսուին, կենդանի նահատակներ եղած են բազմաչարչար աշխատութեամբ։ Այս միջոցին հնար է պատշաճեցնել Սիւնեաց նահանգի մէջ Թանահատի վանքին սկզսնաւորութիւնը, որուն համար Օրբէլեան գրած է, թէ գտաք յիւրոց արձանագրութեանց եթէ չորեքհարիւր ամաւ յառաջ շինեցաւ եկեղեցին քան զհայ թուականն (ՕՐԲ. Ա. 204), այսինքն շուրջ 150-ին։ Հիմնադիրն եղած կ’ըլլայ Մխիթար անուն ճգնաւոր մը, որուն գերեզմանին համար (7) կը վկայէ նոյնինքն Օրբէլեան թէ մինչեւ ցայսօր կայ եւ կատարի մեծամեծ սքանչելիս (ՕՐԲ. Ա. 205)։ Թէեւ որոշակի ցուցմունք մը յառաջ չի բերեր Օրբէլեան պատմածին ստուգութեան համար, սակայն իբր հին աւանդութիւն մը յիշատակել հարկ սեպեցինք։
0 կարծիք