23. Բայց ասոնցմէ աւելի նշանաւոր են Ոսկեանց խումբին մարտիրոսները, Ս. Ոսկի քահանայ եւ իր չորս ընկերները, որոնց յիշատակը կը տօնէ Հայ Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր։ Ոսկին, յունական հնչմամբ Խռիւսոս, եւ իր ընկերները, ազգաւ Հռոմայեցի կամ Հոռոմ, գործով կամ պաշտօնով Հայաստան եկած ատեննին Թադէոս առաքելոյն կը հանդիպին, եւ անոր քարոզութենէն ու հրաշքներէն ազդուելով, կը հաւատան եւ կը մկրտուին, եւ երբ աշակերտ կը գործակցին։ Առաքելոյն նահատակութենէն ետք հալածանքներու պատճառով Ծաղկէոյ լեռները կ’առանձնանան, սակայն նորէն մերթ ընդ մերթ քարոզութեանց կ’ելնեն եւ հաւատացեալներ ալ կ’աւելցնեն, որոնց կարգին նաեւ խումբ մը Ալան իշխաններ եւ ազնուականներ, Սաթենիկ թագուհիին ազգակիցներէն։ Ասոնց քրիստոնէութիւնը ծանր կու գայ թագուհիին եւ իր Վնոյն եւ Վրդոյն զաւակներուն, որոնք նույնիսկ Ոսկին եւ ընկերները կը ստիպեն որպեսզի ինչ ազդեցութեամբ որ պալատականները քրիստոնէութեան մտցուցին, նոյն ազդեցութեամբ անոնց միտքը փոխեն։ Թերեւս կախարդական արուեստի մը հետեւանք կը կարծէին եղելութիւնը։ Երկու արքայորդիներ իրենց նպատակին չհասնելով, նոր դարձողներէն աւելի զանոնք դարձնողներու վրայ կը զայրանան, եւ մինչեւ Ծաղկէոյ լեռները Ոսկեանց մենարանները երթալով, հինգն ալ կը նահատակէին սուսերու բարձեալ զգլուխս նոցա (ՍՈՓ. ԺԹ. 62)։ Պատմութիւնը Ս. Ոսկիի չորս ընկերներուն անունները չէ յիշած, իսկ եղելութիւնը վկայուած է ազգային հաստատուն աւանդութեամբ, որ անդստին Լուսաւորչին ժամանակէն անոնց յիշատակը ընդունած է տօնելի սուրբերուն կարգը, հոռի 10 օրուան վրայ։ Ս. Ոսկեան աշակերտներն են Սուքնասեանց վկաները, որոնց վրայ պիտի խօսինք իրենց կարգին։ Ոսկեան վկաներու ինքնութեան վրայ շատ հանգամանքներ անծանօթ կամ մթին կը մնան, սակայն ուր յայտնի աւանդութիւն կամ պատմութիւն կը պակսի, եւ ուսումնասիրութեան տարրերն ալ առձեռն չեն գտնուիր, աւելորդ կը սեպենք հետազօտութիւններով զբաղիլ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք