Սիւնեաց աթոռը դատարկ մնաց Մուշէի չդառնալովը, որով նահանգին հաւատացեալները անոք եւ անօգնական վիճակի մէջ մնացին։ Կային մնային անտէրունջք, բնակեալ այսր եւ անդր, եւ ոմանք դօղեալք ի լերինն Գարուայ միայնաւորութեամբ զկեանս իւրեանց վարէին՝ զբազումս ուսուցանելով յոլով ժամանակօք (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Յայտնի կը տեսնուի յառաջ բերուած յիշատակներէն, թէ պետական արգելք մը դրուած էր քրիստոնէութեան դէմ, որ Սիւնեցիք ալ Մուշէի պէս թաքչելու կը պարտաւորուէին Գարուայ լեռները, ինչպէս Սուկաւէտի լեռը ապաւինողներուն համար ալ ակնարկեցինք (§ 27)։ Այլ բոլորովին անգլուխ ալ չմնացին Սիւնեցիք, վասնզի ապա գնացեալ սոցա խնդրեցին իւրեանց առաջնորդ, եւ ետ այր մի Տարոնացի Մովսէս անուն (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Մեր կարծիքով այդ եղելութիւնը կատարուած է Մուշէի չդառնալով անտէրունջ մնացող Սիւնեցիներուն եւ Արտազու աթոռին միջեւ։ Սակայն ուրիշներ առիթ առնելով Օրբէլեանի միջանկեալ խօսքերին, որ քրիստոնէից նեղութիւնները տեւած՝ կ’ըսէ մինչեւ ի գալ մեծի Լուսաւորչին եւ Հայս, եւ լուսաւորելոյ զամենայն աշխարհս Հայոց, այնպիսի մեկնութիւն մը կուտան որ ապա գնացեալ խօսքը Լուսաւորչին վրայ իմացուի։ Սակայն Օրբէլեան նախապէս պատմած էր, թէ Լուսաւորիչը իբր առաջին եպիսկոպոս Սիւնեաց նշանակած էր զոմն յԱսորւոց զոր բերեալ էր որ կը կարծուի Տիւրիկէս Ասորին, եւ անկէ ետքն ալ զոմն յիւրոց մերձաւոր աշակերտաց, որոյ անունն Գրիգորիս (ՕՐԲ. Ա. 58. 59)։ Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն կարգին ալ իբր առաջին եպիսկոպոս ձեռնադրեալ ի սրբոյն Գրիգորէ, կը դնէ սոյն այս Գրիգորիսը, եւ անոր յաջորդներ կը նշանակէ Մաշտոց, Անանիա, Նուն, Գաղատ, եւ այլն (ՕՐԲ. Ա. 246)։ Մինչ վերոհիշեալ ապա գնացեալ խօսքէն ետքը յիշուածներն են Մովսէս, Սահակ, Զրուանդատ եւ այլն (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Ի զուր Օրբէլեանի հրատարակիչը, մոռացկոտ եւ ուշաթափ եւ ինքնիրեն հակասող կը կարծէ հեղինակը (ՕՐԲ. Ա. 318), փոխանակ մտաբերելու թէ Լմուսաւորչի անունը միջանկեալ ակնարկ մըն է եւ պատմական շարունակութիւն չի կազմեր, եւ թէ այնտեղ յիշուած Մովսէս, Սահակ, Զրոանդատ եւ այլն անունները Մուշէէ ետքը եւ Լուսաւորիչէ առաջ եղող եպիսկոպոսներ են, զոր Օրբէլեան, ինքն ալ Սիւնեաց եպիսկոպոս, աթոռին հնաւանդ յիշատակներէն քաղաց է։ Արդէն այն գլուխն ալ որ այդ յիշատակները կը պարունակէ, մակագրուած է Զրոյցք հին ժամանակաց (ՕՐԲ. Ա. 60), մինչ Լուսաւորչի գործերն առանձինն ամփոփուած են ուրիշ գլխու մէջ, որ մակագրոած է, Սակս լուսաւորութեան աշխարհիս Սիւնեաց ի ձեռն սրբոյն Գրիգորի (ՕՐԲ. Ա. 55)։ Պատմութեան կարգը կը ցոցնէ թէ Մուշէի չդառնալով, պահ մը բոլորովին դատարկ մնացած է Սիւնեաց աթոռը, եւ անագան գործի գլուխն անցած է Մովսէս Տարոնեցի եպիսկոպոսը։ Իսկ այն՝ որ ետ այր մի, նոյն իսկ Արտազու աթոռն է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ նոյնինքն Մուշէ հայրապետն է, եւ երեսնամեայ երկարատեւ պաշտօնաւարութիւն ունեցաւ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք