Յինանց օրեր

Ինչպէս ունինք Զատիկէն առաջ 50 օրերու տրտմութեան եւ ապաշխարանքի շրջան մը, հաւատացեալը նախապատրաստելու համար եկեղեցական մեծագոյն այս տօնին, այնպէս ալ ունինք Զատիկէն յետոյ 50 օրերու հոգեւոր ուրախութեան շրջան մը, որ շարունակութիւնը եւ երկարաձգումն է Զատիկի խորհուրդին եւ վայելքին: Յարութեան տօնին յաջորդող այս օրերը ծանօթ են տօնացոյցի մէջ ՅԻՆՈՒՆՔ կամ ՅԻՆԱՆՑ ՕՐԵՐ անունով:

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Յինունք» մնացած է գէթ մեզի համար անլոյծ առեղծուած մը: Այդ բառը չի նշանակեր «Յիսունք», ինչպէս կ’ենթադրէ Օրմանեան պատրիարք. վասնզի այդ նպատակի համար մենք ունինք «Յիսնակ» բառը, որ Ծննդեան տօնը կանխող յիսուն օրերու շըրջանին համար կը գործածուի արդէն: Ըստ մեզի «Յինունք»–ի արմատը` կամ եզակին պէտք է ըլլայ ԻՆՆ բառը. բայց թե ինչ կապ ունի իննը թիւը այս 50 օրերու հետ, այդ ալ կը խուսափի մեր ծանօթութեան սահմաններէն: Երկու ենթադրութիւն ունինք. առաջինը այն է, որ նախաքրիստոնէական շրջանին գործածական բառ մըն էր այս, որ կապ ունէր բնութեան երեւոյթներուն հետ. օրինակ կրնայ ակնարկութիւն ըլլալ գարնան 9 շաբաթներուն, որոնք կ’երկարաձգուին գարնանամուտէն (այսինքն Մարտ 23-էն) մինչեւ Մայիսի վերջը, երբ ամառը գործնականապէս ինքզինքը կը զգացնէ: Երկրորդ ենթադրութիւնը այն է, որ Յինունք կը նշանակէ այն 9 յաջորդական Կիրակիները, որոնք կը սկսին Զատիկով եւ կը վերջանան Յարութեան առաջին Կիրակիով, որ կը յաջորդէ Հոգեգալուստին: Յատկանշական երեւոյթը այն է, որ Սրբոց տօներ տեղի չեն ունենար Զատիկէն մինչեւ Յարութեան առաջին Կիրակին երկարող ժամանակամիջոցի ընթացքին:

Ներսէս Շնորհալի հայրապետը եւ Տաթեւացին ալ Յինունքը ԻՆՆ թիւին հետ կը կապեն, սակայն տարբեր մեկնաբանութեամբ: Կ’ըսէ Շնորհալին. «Յինունք»–ը եւ Կիրակիները երկնաւոր փեսայ Քրիստոսի հարսնիքին օրինակներն են… Երբ արդարները եւ հրեշտակներու ԻՆՆ դասակարգերը իրարու խառնուելով կը միանան (Քրիստոսի յարութիւնը փառաբանելու համար): Այս իրողութիւնը այդ օրերուն անունը եւս կը հաստատէ «Ինունք» կոչելով, (Ընդհանրական. Տպ. Եսմ. 1871, էջ 64): Նոյնը կը հաստատէ Տաթեւացին, հաւանաբար հիմնուելով Շնորհալիի վերոյիշեալ հաւաստումին վրայ: «Այս յիսուն օրերը Զատիկ կը ………………………………

հրեշտակներու ԻՆՆ դասակարգերու ուրախութեամբ միանալով կը տօնենք «Քրիստոսի յարութիւնը»: Ասիկա սակայն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տօնացուցական անունի մը այլաբանական մեկնաբանութիւնը ըլլալ կը թուի քան թէ բառին տօնացուցական ծագման բացատրութիւնը:

Յամենայն դէպս այսօր բացայայտ իրողութիւն է, որ Յինունքը կը գործածուի Զատիկէն Հոգեգալուստ երկարող 50 օրերու շրջանին համար: Անոր առաջին 40 օրերը, որոնք կը յանգին Համբարձման տօնին, ամբողջութեամբ նուիրուած են Քրիստոսի յարութեան փառաբանութեան. ուրիշ խօսքով քառասնօրեայ այս շրջանին ամէն մէկ օրը Կիրակի է, որոնց ընթացքին կ’երգուին Կիրակի օրերուն յատուկ շարականները:

Յինունքի առաջին քառասունքը բնականաբար կը յիշատակեն այն քառասուն օրերը զորս Յիսուս անցուց իր աշակերտներուն հետ յարութենէն յետոյ, ինչպէս կը յիշուի Գործք Առաքելոց գրքի նախաբանին մէջ. «Իմ առաջին գրքիս մէջ, (ակնարկութիւնը Ղուկասի գրած Աւետարանին է.) ով Թէոփիլոս, գրած էի այն ամէնը, զորս Յիսուս ըրած եւ սորվեցուցած էր սիզբէն մինչեւ այն օրը, երբ, Ս. Հոգիի միջոցաւ հրահանգներ տալէ յետոյ իր ընտրած առաքյալներուն, երկինք վերացաւ: Ան ցուցուց ինքզինքը այս մարդոց իր մահէն յետոյ, եւ տուաւ անոնց բաւարար փաստեր, թէ յարութիւն առած է: ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԵՐ երեւցաւ անոնց եւ սորվեցուց անոնց Աստուծոյ թագաւորութեան մասին» (Գործ. Ա. 1-3):

Քառասուն օրերու յաջորդող 10 օրերն ալ շարունակութիւնը եւ փառաբանութիւնն են Համբարձման տօնին, եւ նախապատրաստութիւն`Հոգեգալստեան: Իսկ յաջորդող Եօթնակը շարունակութիւնը եւ փառաւորումն է Ս. Հոգիի Գալստեան խորհուրդին:

Յառաջ տանելով տօնացուցական մեր բացատրական մանրուքը, պէտք է աւելցնենք թէ բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Յարութեան առաջին Կիրակին անբեկանելի ամբողջութիւն մըն է, ուր տօնացուցական ամէն ինչ ամէն տարի կը մնա նոյն, բացի ամսաթիւէն: Օրինակ Մեծ Պահոց 23րդ օրը միշտ Երեքշաբթիին կը հանդիպի, օրուան ձայնը միշտ ԴՁ է, Ապաշխարանքի Օրհնութիւնը եւ իւր սարօք շարականները նոյն կը մնան միշտ: Յինանց 23րդ օրն ալ ամէն տարի կը հանդիպի Երկուշաբթիի, օրուան ձայնը միշտ ԴՁ է, շարականներն ալ Յարության նոյն շարականներն են. ամսաթիւն է որ կը փոխուի համաձայն Զատիկի տօնին կանուխ կամ ուշ գալուն:

Յինանց առաջին շաբթուան մէջ կը կարդացուին Յիսուսի յետ Յարութեան Երեւումները: Իւրաքանչիւր դրուագ կը կարդացուի չորս անգամ ————– Պատարագին եւ Երեկոյեան ժամերգութեան վերջաւորութեան ———— րորդ անգամ կը կարդացուի յաջորդ օր երեկոյեան ժամերգութեան իբրեւ առաջին Աւետարանը: Հետաքրքրական է նշել նաեւ որ յետ Յարութեան այս դրուագներու շարքին մտած է եւ անոնց կանոնով չորս անգամ կը կարդացուի նաեւ Լերան Քարոզի սկիզբի «Երանի»ներու հատուածը: Թէ ինչ կապ ունին Երանիները Յարութեան դրուագներու հետ, շահեկան է փնտռելը:

Ուրիշ յատկանշական իրողութիւն մըն է, որ Յինանց օրերուն լրիւ կը կարդացուին չորս Աւետարանները, (բացի Յիսուսի Ծննդեան եւ Չարչարանաց դրուագներէն) եւ ամբողջ Գործք Առաքելոցը եւ Ընդհանրական կոչուած Եօթը Թուղթերը: Առաւօտեան ժամերգութեան կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանը, Ս.Պատարագին` Յովհաննէսը. երեկոյեան ժամերգութեան սկիզբը` Մատթէոսը եւ վերջաւորութեան` Մարկոսը: Իսկ Գործք Առաքելոցը եւ Ընդհանրական Թուղթերը կը կարդացուին իբրեւ Ս.Պատարագի Ճաշու ընթերցուածներ:

Ուրիշ նկատելի պարագայ մըն է, որ Յինանց Կիրակիներն ալ ունին իրենց յատուկ անունները, – ինչպէս ունէին Մեծ Պահոց Կիրակիները – միակ բացառութեամբ, որոնք Յարութեան մէկ եւ նոյն հրաշքին եօթը խորհուրդները կը ցոլացնեն իրենց մէջ, նման պրիսմակէն անցած լոյսի եօթը հիմնական գոյներուն: Մենք այս Կիրակիներու մասին է որ պիտի անդրադառնանք մեր յաջորդ խորհրդածութիւններով:

Հատկորոշիչներ՝ յարութիւն, յինանց, օրեր

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...