Աթոռներու ծագումին այդ սկզբունքը կը ծառայէ անոնց իւրաքանչիւրին իրաւասական սահմաններն ալ գծելու։ Հետեւապէս կրնանք եզրակացնել, թէ Պոնտոսի աթոռը կամ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսը, Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն դուրս իրաւասութիւն եւ իշխանութիւն չունէր։ Վասնզի Հայաստան ազատ եւ ինքնագլուխ տէրութիւն էր, եւ որչափ ալ Հռոմէական կայսրութեան հովանաւորութենէն կ’օգտուէր, սակայն ոչ անոր հարկատու, ոչ հպատակ, եւ ոչ ալ գերիշխանութեանը ենթարկեալ երկիր էր, այնպէս որ ազատօրէն երբեմն Հռոմեյացւոց եւ երբեմն Պարսից հովանաւորութենէն կ’օգտուէր։ Եւ ոչ ալ Հայոց դարձը Կեսարիոյ եկեղեցիէն ղրկուած քարոզիչներու ձեռքով կատարուած էր, որ առիթ ընծայէր տեսակ մը եկեղեցական աշխարհակալութեան իրաւունքին, որով առաքելական եկեղեցիներ քրիստոնէութիւնը ընդարձակելու աշխատեցան, եւ նորահաւատ երկիրներու մէջ իրենց իրաւասութեան ներքեւ աթոռներ հիմնեցին։ Հայոց դարձին մանրամասնեալ եւ վաւերական պատմութիւնն ալ բացէ ի բաց կը հերքէ Կեսարիոյ աթոռին նախաձեռնութիւնը, զոր չետիններ ենթադրական կերպով ուզեցին մէջտեղ նետել։ Արդէն Հայաստան առաքելական քարոզութեամբ քրիստոնէութիւնը ճանչցած եւ հովուական աթոռ ալ ունեցած էր, եւ Կեսարիա չէր կրնար յայլոյ հիման վերայ, ուր արդէն անուանեցաւ Քրիստոս (ՐՌՄ. ԺԵ. 20) իբր ի նորոյ քրիստոնէութիւն եւ աթոռ հիմնել։ Արդար ըլլալու համար պէտք է յայտարարել՝ թէ Կեսարիոյ աթոռն ալ այս տեսակ յաւակնութիւն չունեցաւ, այլ մտադիւր ճանչցաւ Հայոց առաքելական ինքնագլուխ աթոռը, եւ Գրիգորի գրելով խոստովանեցաւ, թէ Քեւ ծագեաց արեգակն արդարութեան Քրիստոս ի դոսա, եւ դու ընտրեցար ի տեղի ընտրելոց սրբոց առաքելոյն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի (ԶԵՆ. 10)։ Կեսարիա ուրիշ մէկ գիրի մէջ ալ ձեռնադրութեան տուուչութիւնը նկատեց իբր վկայութիւն ի մէջ երկոցունց կողմանց (ԱԳԹ. 431), որ է իբր փոխադարձ սիրոյ նշանակ։ Հոգ չէ որ Ղեւոնդիոսի նամակներուն վաւերականութեան վրայ դտիողութիւններ կարենան յարուցուիլ, ամէն առթի մէջ անոնք հին գրութիւններ են, որ երկու կողմերուն համոզումները կ’ապացուցանեն։ Բոլոր պատմական պարագաներն ալ կը հաստատեն, թէ ոչ Ղեւոնդիոս եւ ոչ անոր յաջորդ Կեսարիոյ հայրապետներ, երբեք Հայաստանի վրայ եկեղեցական իշխանութիւն չգործածեցին եւ գործածել չձեռնարկեցին, այլ Լուսաւորիչ եւ անոր յաջորդներ ինքնագլուխ եւ անկախօրէն հովուեցին, եւ եկեղեցւոյ պէտք եղած կարգադրութիւնները հաստատեցին։ Հետեւաբար Գրիգորի Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն ընդունիլը երբեք իրաւասական ծագում չունէր, եւ ոչ ալ իրաւասական հետեւանք ունեցաւ, եւ եթէ նոյն պահուն Հայաստանի մէջ ձեռնադրութիւն կատարելու բաւական թուով եպիսկոպոսներ չգտնուիլն ալ ընդունինք, տակաւին կը մնայ այն իբրեւ պատահական մի պարագայ, որ յառաջ եկած է կամ Գրիգորի Կեսարիոյ մէջ ունեցած անձնական յիշատակներէն եւ յարաբերութիւններէն, եւ կամ Տրդատի՝ գործին շքեղութիւն տալու փափաքէն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք